ՅԱՆՈՒՆ ՀՕՐ ԵՒ ՈՐԴՒՈՅ ԵՒ ՀՈԳՒՈՅՆ ՍՐԲՈՅ. ԱՄԷՆ:
Յաւիտենական Հայր, մեր եւ ամբողջ աշխարհի մեղքերու քաւութեան համար քեզի կը նուիրեմ քու թանկագին սիրելի Որդիիդ՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի Մարմինը, Արիւնը, Հոգին եւ Աստուածութիւնը:
Յանուն Իր ցաւագին Չարչարանքներուն, ողորմէ' մեզի եւ ամբողջ աշխարհին:
Սուրբ Աստուած, Սուրբ եւ Հզօր, Սուրբ եւ Անմահ, ողորմէ' մեզի եւ ամբողջ աշխարհին: