Որոնել

Սուրբ Հաղորդութիւն Սուրբ Հաղորդութիւն 

«Հոգեւոր Սնունդ» Հայր Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը։

Շնորհակալ ըլլանք Յիսուսին, Սուրբ Հաղորդութեան միջոցով ինքզինք մեզի տալուն համար։

Տէր, կը հաւատամ քեզի։ Կը հաւատամ որ դուն իրապէս ներկայ ես Սուրբ Հաղորդութեան մէջ։  Զօրացուր հաւատքս,  Տէր, եւ իջեւանիր սրտիս մէջ։

Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Եթէ հետեւինք այն խօսակցութեան որ տեղի ունեցաւ Յիսուսին  եւ հացի բազմացումին ժամանակ ներկաներէն ոմանց միջեւ, պիտի նկատենք որ այս հրաշքէն տպաւորուած՝ անոնք կը սկսին հետեւիլ Յիսուսին մինչ ան կ՛անցնի լիճին միւս կողմը։ Եւ Յիսուս անոնց կը  խօսի ուրիշ սնունդի մը մասին, այն՝ որուն շնորհիւ երբեք պիտի չանօթենան եւ պիտի չծարաւնան։

Ինչպէս կ՛ապացուցանէ հացերու բազմացումին հրաշքը, Յիսուս չանտեսեր նիւթական սնունդը, այն ուտելիքները որոնց պէտք ունինք ապրելու համար։ Եւ իրականութեան մէջ, Եկեղեցին կ՛ուսուցանէ որ մարդիկ պէտք է կազմակերպուին որպէսզի հարստութիւններու արդար բաժանում մը կատարուի եւ որպէսզի իւրաքանչիւր մարդ իր ապրուստին համար անհրաժեշտ ուտելիքը ունենայ։ Սակայն Յիսուս գիտէ թէ մարդուն համար հեշտ է մտածել որ  ասիկա միակ սնունդն է որուն պէտք ունի։  Արդ, պարագան  այդպէս չէ։  Արդարեւ, Յիսուս կ՛ըսէ թէ նիւթական սնունդէն աւելի կարեւոր է հոգեւոր սնունդը, այն որ երկինքէն կու գայ։ 

Քիչ մը իր կեանքի մասին մտածող ամէն մարդ լաւապէս կ՛անդրադառնայ թէ նիւթական բաները չեն կրնար  բաւարարել իր սրտին մէջ ունեցած ծարաւը,  իր աւելի մեծ բանի մը ցանկութիւնը։ Ստեղծուած ենք Աստուծմէ եւ միայն իր մէջ է որ կրնանք գտնել հանգիստը, ինչպէս կ՛ըսէ սուրբ Օգոստինոս։ Ահա թէ ինչու Յիսուս ինքզինք կը մատուցանէ իբրեւ սնունդ, որովհետեւ ինք միակն է որ կրնայ բաւարարել մեր սրտին անօթութիւնը եւ ծարաւը։ Արդ, ան ասիկա կ՛ընէ յատուկ կերպով իր Խօսքին եւ Սուրբ Հաղորդութեան միջոցով։ Ահաւասիկ երկու  առանձնայատուկ միջոցներ զորս Յիսուս ուզեց մեզի ձգել որպէսզի կարենանք կերակրել մեր հոգին։

Շնորհակալ ըլլանք Յիսուսին, Սուրբ Հաղորդութեան միջոցով ինքզինք մեզի տալուն համար։ Ան մեզի կու տայ  այն ինչ որ մեր հոգին պէտք ունի։ Ասոր համար շնորհակալ ըլլանք Անոր եւ խնդրենք իրմէ որպէսզի օգնէ մեզի անդրադառնալու որ մեր սիրտը այնքան կը զգայ իր կարիքը։

Այսպէս աղօթելով պէտք է մասնակցիլ սուրբ Պատարագին աւելի մեծ հաւատքով եւ ինքնամփոփումով։

Հայր Գէորգ եպիսկոսպոս Ասատուրեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/04/2020, 08:42