Որոնել

Զմմառու մայրավանք Զմմառու մայրավանք 

Տ.Մ.Յ. ՔՐԻՍՏՈՍԻ Յարութեան Տօնը Զմմառու մայրավանքին մէջ։

Թո'ղ Տէրը մեզի բոլորիս ողորմի, եւ անվնաս պահէ ու պահպանէ բարեխօսութեամբ Զմմառու Ցաւագին Տիրամօր ու Երանելի նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի

Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի Յարութեան հրաշափառ տօնին առիթով՝ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատցուեցաւ Զմմառու մայրավանքի Եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսապետութեամբ՝ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան փոխանորդի եւ մեծաւոր Զմմառու վանքին՝ Գերպծ. Գաբրիէլ Թ. Ծ.Վրդ. Մուրատեանի:

Մեծաւոր Հայրը՝ իր քարոզին մէջ ըսաւ, թէ իւրայատուկ այս կացութեան մէջ, երբ բոլորս մեկուսացած ենք, մնայուն մտահոգութեան մէջ կ’ապրինք եւ մանաւանդ անորոշ վիճակի մէջ ենք, ահաւասիկ յարուցեալ Քրիստոսը, իր յաղթական զօրութեամբ կու գայ եւ մեզի մխիթարութիւն եւ յոյս կը ներշնչէ, ինչպէս նաեւ մնայուն կերպով քաջալեր կը հանդիսանայ իր խօսքերով երբ կ'ըսէ. «Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին»:

Ան աւելցուց թէ, ամէն ժամանակ եւ մասնաւորաբար տագնապալից այս օրերուն, եւ գալիք անապահով օրերուն եւս, մեր մխիթարութիւնը, մեր յոյսը եւ մեր խաղաղութիւնը փնտռենք մեր Տիրոջ եւ Փրկչին մօտ, որ իր մահով մահը զգետնեց: «Քորոնա» ժահրի պատճառած համաշխարհային տագնապի այս օրերուն, մեր յարուցեալ Փրկիչը կոչ կ'ուղղէ մեզմէ իւրաքանչիւրին, որպէսզի գօտեպնդուինք միայն հաւատքով, քանզի ներկայ այս ախտը, անպայման դրական մէկ յեղաշրջում մը կատարեց մեր եւ համայն մարդկութեան ապրելաձեւին, որով ետ դարձը նախկին կեանքին ու ապրելակերպին կարծես անհնար է այլեւս, եւ միայն հաստատակամ հաւատքով կրնանք յաղթահարել բոլոր ախտերուն: Չի' մոռնանք սակայն, ըսաւ Գերապայծառը, որ հոգւոյ ախտերը աւելի սարսափելի են, ու մեծ կորուստներ կը պատճառեն: Աշխարհի մէջ ճարակող բոլոր ախտերը չունին դարման, դժբախտաբար, սակայն հոգւոյ այլ եւ այլ ախտերը, որքան ալ սաստկանան եւ մեր հոգեւոր կեանքը սպառնան, Քրիստոսով անպայման շուտափոյթ ապաքինում կը ստանան:

Բնականաբար, այսօր մեր բոլորին աղօթքները եւ ցաւակցական խօսքերը, կ’երթան համաշխարհային մակարդակով տարածուող եւ մեծ աւերներ գործող «Քորոնա» ժահրին իբրեւ հետեւանք արձանագրուած տասնեակ հազարներով զոհերու պարագաներուն եւ նոյն համաճարակէն վարակակիրներուն կը մաղթենք շուտափոյթ ապաքինում: Թո'ղ Տէրը մեզի բոլորիս ողորմի, եւ անվնաս պահէ ու պահպանէ բարեխօսութեամբ Զմմառու Ցաւագին Տիրամօր ու Երանելի նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի, եզրափակեց Գերապայծառը:
Սուրբ եւ անմահ պատարագէն ետք, կատարուեցաւ տան օրհնութիւնը:

Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց. օրհնեալ է Յարութիւնը Քրիստոսի:

 

Քաղուած Զմմառու Վանքի դիմատետրէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/04/2020, 11:29