«Քորոնա» ժահրի կողմնային հետեւանքները։ Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Զապարեանի խորհրդածութիւնը։
«Ամէն բան կրնայ նպաստել զԱստուած սիրողներուն բարիքին » Հռոմայեցիներուն 8, 28
Պօղոս Առաքեալի սոյն խօսքերը խոստում մը կը պարփակեն իսկական հաւատք ունեցողներուն համար, որոնք կ'ապրին Աստուծոյ կամքին՝ եւ ո'չ թէ իրենց չաստուածներուն քմահաճոյքին համաձայն: Արդարեւ, Աստուած զԻնք սիրողներուն բարիքին համար կը գործածէ՝ նոյնիսկ անոնց կրած դժբախտութիւնները: Ամէն բան կրնայ բարի չըլլալ. Իր ամենակարողութեամբ, սակայն, Աստուած կրնայ չարիքէն բարիք հանել:
Արդ,
Եթէ «Քորոնա» ժահրը մահառիթ աղէտ չպատճառէր,
Աստուծոյ պիտի մտածէի՞նք, Մեր դիւրաբեկ կեանքի իմաստին մասին պիտի խորհէի՞նք, Մեր տունը առտնին եկեղեցի պիտի դարձնէի՞նք, Սուրբ Գիրքը պիտի սերտէի՞նք, Աղօթքին պիտի ապաւինէի՞նք:
«Քորոնա» ժահրը պատճառ եղաւ ըմբռնելու համար,
Թէ լոկ գիտութեամբ, հնարաւոր չէ' տիեզերքի գաղտնիքները բացայայտել, Թէ մարդը իր միակ ոյժով անկարող է բնութեան կատաղութիւնը սանձել, Թէ բնապահպանութեան հիմնախնդիրին կարգաւորումին պէտք է սատարել, Թէ կենսոլորտի բարելաւումին հարկ է նպաստել:
«Քորոնա« ժահրը մեզի պատեհութիւնը ընծայեց՝
Մեկուսանալով էականը երկրորդականէն զանազանելու, Առաջնահերթութիւնները դասաւորելու, Առողջութեան շնորհքը գնահատելու, Երկրաւորին մէջ ապրելով՝ երկնաւորը չմոռնալու. Եւ ի վերջոյ, Հաստատապէս հաւատալու, թէ « Մարդուն կեանքը խոտի կը նմանի , կը ծաղկի այնպէս՝ ինչպէս վայրի ծաղիկը , երբ խորշակը անոր վրայ կը փչէ՝ ա 'լ կը դադրի գոյութիւն ունենալէ , անոր տեղն իսկ չես գիտնար » (Սաղմբս 103, 28):
Ուստի,
Նեկայ անապահով օրերուն Աստուծոյ մօտենանք, Մեր աչքերը Յիսուսի վրայ սեւեռենք, Աստուածամօր բարեխօսութեան դիմենք, Եկեղեցւոյ ուղղութիւններուն հետեւինք:
Եւ լի վստահութեամբ, սաղմոսերգուին հետ յաճախ կրկնենք. « Համբարձի զաչս իմ ի լերինս , ուստի եկեսցէ ինձ օգնութիւն : Օգնութիւն ին ձ ի Տեառնէ եկեսց է , որ արար զերկինս եւ զերկիր » ( Սաղմոս 121, 1 2):
Հ. Գ. Զ.
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ