Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն Քահանայապետական բարեսիրական հաստատութիւնը քոըոնավիրուսի համաճարակի այս ժամանակաշրջանին ի տես յատուկ հիմնադրամ մը ստեղծած է 5 միլիոն եւրոյ գումար հաւաքելու դիտաւորութեամբ՝ ի նպաստ, Քահանաներուն, կրօնաւորներուն ու կարիքաւոր հասարակութիւններուն, որոնք այս պահուն կ՛ապրին դժուարութեան մէջ։ Հաստատութիւնը կը հրաւիրէ նուիրատուութիւնները կատարել սոյն կապի միջոցաւ https://www.aed-france.org/projets/covid-19/.
Բացի ասկէ Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն հաստատութեան նախաձեռնութեամբ աշխարհի հայեցողական կեանքի նուիրեալ զանազան հասարակութիւններ, ապրիլի սկիզբէն ի վեր աղօթքներ կազմակերպած են Քովիտ19 ժահրի համաճարակի աւարտին համար։