Որոնել

Բժիշկներ Բժիշկներ  

Իտալացի Եուլիան Ուրպան անունով բժիշկին դարձը։

«Որոշած եմ մինչեւ վերջին շունչս հատցնել` ուրիշներուն օգնելու համար: Երջանիկ եմ, որ Աստուծոյ վերադարձայ, երբ տառապանքով շրջապատուած էի եւ իմ նմաններուս մահը կը տեսնէի»:

Իտալիոյ Լոմպարտիա շրջանի բժիշկներէն, 38 ամեայ Տոքթ. Եուլիան Ուրպանը կը գրէ.

«Երբեք, ամենամութ մղձաւանջներուս մէջ, չէի կրցած տեսնել եւ ապրիլ այն ինչ որ երեք շաբաթներէ ի վեր կը պատահի մեր հիւանդանոցին մէջ: Այս մղձաւանջը կը ծորի եւ յորդը հետզհետէ աւելի կ'ուռճանայ:

Սկիզբը մեր մօտ հասնողները քանի մը հոգի էին, ապա տասնեակներ, որմէ ետք հարիւրաւորներ, իսկ այժմ բժիշկներ չենք, այլ՝ վերածուած ենք մարդոց ճակատագիրը որոշողներու, թէ ով պիտի ընդունինք, որպէսզի ապրի եւ ով տուն պիտի ղրկենք` մեռնելու համար, նոյնիսկ եթէ ամէնքը արդէն ցմահ վճարած են Իտալիոյ կառավարութեան տուրքերը:

Մինչեւ վերջին երկու շաբաթները, գործընկերներս ու ես անաստուած էինք, շատ պարզ էր մեզի համար, որովհետեւ բժիշկներ ենք եւ սորված ենք, թէ գիտութիւնը կը բացառէ Աստուծոյ գոյութիւնը: Միշտ ծիծաղած էի ծնողքիս եկեղեցի յաճախելուն համար:

Ինը օրեր առաջ, մեր մօտ 75 տարեկան հոգեւոր հովիւ մը եկաւ, ազնիւ մարդ մըն էր: Շնչառութեան խիստ հարցեր ունէր, բայց իր ձեռքէն անբաժան էր Աստուածաշունչը, եւ աւելին` մեզ հրապուրեց իր կողմէ Կտակարանի ընթերցումը դիակներուն ձեռքը բռնած:

Բոլորս արդէն յոգնած, պարտասուած, յուսահատ էինք. հոգեպէս եւ մարմնապէս սպառած, երբ ժամանակը ունեցանք անոր լսելու:

Հիմա պէտք է ընդունիլ, որ մենք իբրեւ մարդ մեր սահմաններու լրումին հասած ենք, աւելի ոչ մէկ բան կրնանք ընել եւ ամէն օր այս Ժահրին պատճառով մահացողներուն թիւը կը բարձրանայ:

Առ այդ, մենք եւս սկսանք սպառիլ, արդէն երկու գործընկերներ մահացան եւ ուրիշներ վարակուած են:

Հետեւաբար հասկցանք թէ այնտեղ ուր մարդու կարողութիւնները կը սահմանափակուին, Աստուծոյ կարիքը կայ եւ այսպիսով սկսանք Անկէ օգնութիւն հայցել, երբ քանի մը վայրկեան ազատ ժամանակ գտնէինք: Սկսանք մենք մեր անձին հետ խօսիլ, թէ ինչպէս անհաւատալի ձեւով վայրագ անաստուածներէ, օրնիբուն մեր խաղաղութիւնը կը փնտռենք, սկսանք Աստուծմէ օգնութիւն խնդրել, որպէսզի կարենանք տոկալ` հիւանդները խնամելու համար:

Երէկ 75 տարեկան հոգեւոր հովիւը իր աչքերը յաւիտենականութեան մէջ փակեց: Մինչեւ օրս, այս երեք շաբթուան ընթացքին, 120-է աւելի մահ ունեցանք, երբ բոլորիս ուժերը սպառած, կաշկանդուած, Հոգեւորականը կրցաւ հակառակ իր վատառողջ վիճակին եւ մեր դժուարութիւններուն, մեզի խաղաղութիւն եւ յոյս ներշնչել, որ երբեւէ կորսնցուցած էինք:

Հոգեւորականը Տիրոջ քով գնաց եւ մօտ օրէն մենք ալ անոր պիտի հետեւինք եթէ այսպէս շարունակուի:

Վեց օրէ ոչ տուն գացած եմ, ոչ ալ կը յիշեմ երբ վերջին անգամ կերած եմ եւ սկսայ գիտակցիլ թէ որքան անպէտք արարած մըն եմ այս աշխարհին մէջ: Որոշած եմ մինչեւ վերջին շունչս հատցնել` ուրիշներուն օգնելու համար: Երջանիկ եմ, որ Աստուծոյ վերադարձայ, երբ տառապանքով շրջապատուած էի եւ իմ նմաններուս մահը կը տեսնէի»:

Գրութեան ճիշդ թուականը անյայտ է, սակայն չորս օրէ ի վեր արդէն իտալական լրատուամիջոցները կը խօսին այս նամակին մասին:

Իտալերէնէ հայերէնի թարգմանեց՝ Եղբայր Ժագ Քէշիշեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/03/2020, 09:00