Որոնել

«Ամէն բան կրնայ նպաստել զԱստուած սիրողներուն բարիքին» «Ամէն բան կրնայ նպաստել զԱստուած սիրողներուն բարիքին» 

«Քորոնա» ժահրի կողմնային հետեւանքները. Հայր Գէորգ Ծ. Վ. Զապարեանի խորհրդածութիւնը։

«Ամէն բան կրնայ նպաստել զԱստուած սիրողներուն բարիքին» Հռոմայեցիներուն 8, 28
Ունկնդրէ լուրը

Պօղոս Առաքեալի սոյն խօսքերը խոստում մը կը պարփակեն իսկական հաւատք ունեցողներուն համար, որոնք կ'ապրին Աստուծոյ կամքին՝ եւ ո'չ թէ իրենց չաստուածներուն քմահաճոյքին համաձայն:

Արդարեւ, Աստուած զԻնք սիրողներուն բարիքին համար կը գործածէ՝ նոյնիսկ անոնց կրած դժբախտութիւնները:

Ամէն բան կրնայ բարի չըլլալ. Իր ամենակարողութեամբ, սակայն, Աստուած կրնայ չարիքէն բարիք հանել:

Արդ,

Եթէ «Քորոնա» ժահրը մահառիթ աղէտ չպատճառէր,

Աստուծոյ պիտի մտածէի՞նք,

Մեր դիւրաբեկ կեանքի իմաստին մասին պիտի խորհէի՞նք,

Մեր տունը առտնին եկեղեցի պիտի դարձնէի՞նք,

Սուրբ Գիրքը պիտի սերտէի՞նք,

Աղօթքին պիտի ապաւինէի՞նք:

«Քորոնա» ժահրը պատճառ եղաւ ըմբռնելու համար,

Թէ լոկ գիտութեամբ, հնարաւոր չէ' տիեզերքի գաղտնիքները բացայայտել,

Թէ մարդը իր միակ ոյժով անկարող է բնութեան կատաղութիւնը սանձել,

Թէ բնապահպանութեան հիմնախնդիրին կարգաւորումին պէտք է սատարել,

Թէ կենսոլորտի բարելաւումին հարկ է նպաստել:

«Քորոնա« ժահրը մեզի պատեհութիւնը ընծայեց՝

Մեկուսանալով էականը երկրորդականէն զանազանելու,

Առաջնահերթութիւնները դասաւորելու,

Առողջութեան շնորհքը գնահատելու,

Երկրաւորին մէջ ապրելով՝ երկնաւորը չմոռնալու.

Եւ ի վերջոյ,

Հաստատապէս հաւատալու, թէ «Մարդուն կեանքը խոտի կը նմանի, կը ծաղկի այնպէս՝ ինչպէս վայրի ծաղիկը, երբ խորշակը անոր վրայ կը փչէ՝ ա'լ կը դադրի գոյութիւն ունենալէ, անոր տեղն իսկ չես գիտնար» (Սաղմբս 103, 28):

Ուստի,

Նեկայ անապահով օրերուն Աստուծոյ մօտենանք,

Մեր աչքերը Յիսուսի վրայ սեւեռենք,

Աստուածամօր բարեխօսութեան դիմենք,

Եկեղեցւոյ ուղղութիւններուն հետեւինք:

Եւ լի վստահութեամբ, սաղմոսերգուին հետ յաճախ կրկնենք.

«Համբարձի զաչս իմ ի լերինս, ուստի եկեսցէ ինձ օգնութիւն:

Օգնութիւն ինձ ի Տեառնէ եկեսցէ, որ արար զերկինս եւ զերկիր» (Սաղմոս 121, 1-2):

Հ. Գ. Զ.

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/03/2020, 08:50