Ուրբաթ, 6 Մարտ 2020-ին, Կանանց Համաշխարհային Աղօթքի Օրուան 50-րդ տարեկան հաւաքը տեղի ունեցաւ Լոս Անճելըսի Միացեալ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ, մասնակցութեամբ Հայ Առաքելական, Կաթողիկէ եւ Աւետարանական եկեղեցիներու առաջնորդներու, հոգեւորականներու եւ հաւատացեալ կիներու։ Այս տարուան բնաբանն էր Յովհաննու Աւետարանի 5-րդ գլուխի 8-րդ համարը՝ «Ե՛լ, մահիճդ առ ու քալէ՛»։
Կից կը ներկայացնենք Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ առաջնորդ Արհ. Միքայէլ Եպիսկոպոս Մուրատեանի վերոնշեալ յոբելեանի առթիւ արտասանած խօսքը.