Որոնել

Խաչն ու փշապսակը Խաչն ու փշապսակը  

«Ճանապարհ Խաչի» ի ջերմեռանդութիւնը՝ Յիսուսի Յարութեան տանող ճանապարհ։

Իր չարչարանքներով., մահուամբ ու հրաշափառ Յարութեամբ Տէրը մեր առջեւ բացաւ նոր ճամբայ մը՝ ճամբայ որ կը տանի դէպի յաւիտենականութիւն, ճամբայ որ մեզի կ՛առաջնորդէ դէպի երկինք՝ հաւատացեալի իսկական ու վերջնական հայրենիքը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Քառասնորդաց շրջանը կը յատկանշուի «Ճանապարհ Խաչի» ջերմեռանդութեամբ: Ան կը կատարուի ամէն ուրբաթ, ի յիշատակ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի դառն չարչարանքներուն:

Ունկնդրէ լուրը

Հայ ժողովուրդը խաչապաշտ ժողովուրդ է, որուն կը  վկայէ խաչքարի աննման արուեստը, որով ան արտայայտած է իր խոր բարեպաշտութիւնը Խաչին հանդէպ դարերու ընթացքին:

 Սուրբերը կ'ըսեն թէ իր հոգին սրբացնելու աւելի յարմար ջերմեռանդութիւն չկայ քան Յիսուսի չարչարանաց մտածութիւնը:

«Ճանապարհ Խաչի» արարողութեան ընթացքին կ'երգեցուին «Կայր առ Խաչին Մայր Ցաւագին» յուզումնալից երգը և Ս. Ներսէս Շնորհալիին իմաստալից «Նորոգող Տիեզերաց»-ը:

Խաչը յորջորջուեցաւ Քրիստոնէութեան «պարծանք պարծանաց»-ը և «եկեղեցւոյ հիմ»-ը, «կենաց Ծառ»-ը և «Մովսէսի գաւազան»-ը:

 Հայ եկեղեցւոյ Շարակնոցը նշանաւոր է իր Խաչին նուիրուած շարականներով, որոնք վերագրուած են Սահակ Գ Ձորոփորեցիի և Գրիգոր Մագիստրոսին:

Խաչի ճանապարհը կազմուած 14 կայաններէ առաւել մէկ, որոնք կը յատկանշեն Յիսուսին դէպի գողգոթայ տանող ճանապարհին իւրայատուկ դէպքերը։

Առաջին կայանին մէջ կը յիշուի Յիսուսի մահուան դատապարտումը, երբ Պիղատոս ձեռքերը կը լուայ ու զայն կը յանձնէ դահիճներուն, որպէսզի զինք խաչէն գողգոթայի լեռան վրայ՝ երկու աւազակներու հետ միասին։

Աստուծոյ Որդին որ օրէնքը մէկ պատուիրանի վերածեց ըսելով «Սիրէ ընկերդ քու անձիդ պէս» հասարակ աւազակի նման խաչն առնելով կ՛ուղղուի դէպի գողգոթայ

Երկրորդ կայանին մէջ կը յիշատակուի պահը երբ Յիսուս խաչը կ՛առնէ ուսին վրայ. Ինք որ անմեղութիւն ու սրբութիւն է, ոճրագործներու նման խաչը կը շալկէ թէեւ, այդ խաչը իրը չէր՝ այլ մերը՝ մեր մեղքերուն խաչը, համայն մարդկութեան խաչը։

Երրորդ կայանին մէջ  Յիսուս խաչին ծանրութեան տակ գետին կ՛իյնայ։ Քրիստոս՝ աշխարհի Տէրը կը տապալի հասարակ մարդու նման։ Ծանր ըլլալու էր այդ խաչը ու աւելի ծանրացած որովհետեւ անոր մէջ ներփակուած  էր համայն մարդկութեան մեղքերու բեռը։

Չորրորդ կայանին մէջ Յիսուս կ՛ապրի մարդկայնօրէն յուզումնալիցից ամենատխուր պահերէն մին, երբ կը հանդիպի իր մօր՝ Սուրբ Կոյս Մարիամին որ քայլ առ քայլ կը հետեւի իր որդոյն ուղեւորութեան, ինչպէս այժմ Ան կը հետեւի մարդկութեան քայլերուն։ Ան ամբոխին մէջ կը քալէ անծանօթ կնոջ մը պէս, սակայն պահ մը իսկ չի լքեր իր զաւակը։ Ան կը զգայ իր սիրելի որդիին չարչարանքը ու կը տառապի անոր հետ, մասնակից դառնալով աշխարհի փրկութեան։

Հինգերորդ կայանը կը յիշատակէ Սիմոն Կիւրենացին, այն մարդը որ գործէն կը դառնար ու պատահմամբ կը գտնուի խաչի ճանապարհին վրայ ու զինուորները զինք կը ստիպեն օր օգնէ Յիսուսին՝ ու անոր հետ միասին  խաչը շալկելու։

Քրիստոս որ ամենակարող էր՝ կը յօժարի այդ օգնութիւնը ընդունիլ, ապրելով մարդկային մեր տկարութիւնն ու դիւրաբեկութիւնը։

Վեցերորդ կայանը կը խօսի Վերոնիքա անունով կնոջ մասին, որ կը սրբէ Յիսուսին վիրաւոր ու արիւնլուայ երեսը։

Մինչ Եօթներորդ կայանը կը խօսի Խաչի ծանրութեան տակ Յիսուսի երկրորդ անկումի մասին։ Երկրորդ անկում մը՝ մեր մեղքերու ծանրութեան տակ։ Այն մեղքերը զոր յաճախ կը գործենք կոյր ձեւացնելով մենք զմեզ եւ որոնց քաւութեան համար Տէրը չի զլացաւ մարմնանալ ու մարդու կերպարանք առնել։ Յիսուս ապրեցաւ մարդկային իրավիճակը՝ մարդը առաջնորդելու համար դէպի աստուածութիւն։ Այդ ճանապարհը սակայն կարիքը ունի ապաշխարութեան ու դարձի որուն դիմաց մշտատեւ  կարելի է գտնել Հօր Աստուծոյ անհուն ողորմութիւնը։

Ութերորդ կայանին մէջ Յիսուս կը մխիթարէ Երուսաղէմի կիները որ կու լային իր վրայ եւ ինք անոնց կ՛ըսէ, «մի լաք իմ վրաս, այլ լացէք ձեր մեղքերուն վրայ», առ ի փաստ թէ չարչարանքը զոր Տէրը կը կրէ՝ իր յանցանքներուն համար չէ որ կը կրէ, այլ մեր մեղքերուն համար, որոնց համար հարկ է լալ, ապաշխարել  ու դարձի գալ։

Իններորդ կայանը կը խօսի Յիսուսի այլ անկումի մասին յատկանշելու համար թէ խաչի ճանապարհը կեանքի ճանապարհ է՝ ու մարդկայնօրէն անկարելի է անկումի չենթարկուիլ, սակայն հարկ է միշտ քաջութիւնը ունենալ վերականգնելու ու նետուելու Աստուծոյ գթասիրտ բազուկներուն մէջ։

Տասներորդ կայանը Յիսուսին մերկացումն է ։ Զգեստ մը միայն մնացած էր անոր վրայ ու ահա այդ զգեստը եւս կը վերացուի անորմէ։  Աստուածորդիին համար երկրային ոչ մէկ բարիք աւելի արժէքաւոր է քան խաչը, որովհետեւ այդ խաչով է որ Ան կը յաղթէ մահուան ու չարին, այդ խաչով է որ ան կը փրկէ մարդկութիւնը։

Տասնմէկերորդդ կայանը կը խօսի Յիսուսին խաչելութեան մասին։ Ամէն բան վերջացած է կարծես։ Գառնուկի նման ան կը քամուի խաչին վրայ ու տասներկրորդ կայանին մէջ իր Հոգին կ՛աւանդէ առ Հայր, որպէս կատարում երկրի վրայ իր առաքելութեան։ Սակայն վերջին շունչը չի տուած՝  Ան Աստուծմէ կը խնդրէ որ ներէ զինք հալածողներուն , որովհետեւ չեն գիտեր թէ ինչ կ՛ընեն, ապա Հօր ձեռքերուն մէջ կը յանձնէ Հոգին։

Տասներեքերորդ կայանի տեսարանը մեզի ցոյց կու տայ Աստուածամայրը ու մայրը մարդկութեան, խաչին ոտքին կանգնած, որ իր բազուկներուն մէջ կ՛ընկալէ իր որդոյն դիակը։ Ինչ տխուր ու ցաւալի տեսարան։ Սակայն այդ ալ պէտք էր պատահէր որպէսզի իրականանար Աստուծոյ կամքը։

Տասնչորրորդ կայանը՝ Յիսուս գերեզման կը դրուի։  Աւարտած էր տաժանակիր ուղեւորութիւնը։ Չարչարանքները վերջ գտած էին։  Սակայն Յիսուսին հոգեվարքը տակաւին վերջ չէ գտած, ան կը շարունակուի մինչեւ աշխարհիս վերջը, կը շարունակուի մարդկութեան մէջ։

Եթէ այս կայանով վերջ գտնէր Յիսուսին խաչի ճանապարհը մեր հաւաքը արժէք պիտի չունենար, ինչպէս կը գրէ Սուրբ Պօղոսը։

Յիսուսին գերեզման զետեղումը վերջին հանգրուանը չէ, վերջին հանգրուանը  այդ գերեզմանը  դատարկ գտնելն է՝ Յիսուսին հրաշափառ Յարութիւնն է մեռելներէն։ 

Յարութիւն որ քրիստոնէական հաւատքին սիրտն է ու մարդկութեան յոյսը։

Իր չարչարանքներով., մահուամբ ու հրաշափառ  Յարութեամբ Տէրը մեր առջեւ բացաւ նոր ճամբայ մը՝ ճամբայ որ կը տանի դէպի յաւիտենականութիւն, ճամբայ որ մեզի կ՛առաջնորդէ դէպի երկինք՝ հաւատացեալի  իսկական ու վերջնական հայրենիքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/02/2020, 08:21