Որոնել

Գաղթականներու լուսանկար Գաղթականներու լուսանկար 

Հալէպի Յոյն Մելքիթներուն առաջնորդը «Հալէպի մէջ սաստիկ ցուրտէն կը տառապին բազմաթիւ մարդիկ:»

Յոյն Մելքիթներուն առաջնորդը անդրադարձած է մարտիրոսացած Սուրիոյ օգնութեան հասնելու Ֆրանչիսկոս Պապին բազմաթիւ կոչերուն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հալէպի Յոյն Մելքիթներու առաջնորդ, Արքեպիսկոպոս Ժան Քլէման Ժանպարթ, Վատիկան Նիւզի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին անդրադարձած է Հալէպի մէջ տիրող ներկայ իրավիճակի ուր  սաստիկ ցուրտէն հազարաւոր մարդիկ կը տառապին:

Հալէպի մէջ սաստիկ ցուրտ կը տիրէ, յատուկէն  Յունուար Փետրուար ամիսներուն:  Անցնող  գիշեր ջերմաստիճանը  արձանագրած  է նուաց եօթ: Ըսած է Յոյն Մելքիներուն առաջնորդը ան ապա անդրադարձած է մարտիրոսացած Սուրիոյ օգնութեան հասնելու  Ֆրանչիսկոս Պապին անթիւ կոչերուն իր երախտագիտութիւնը յայտնելով,  անցեալ կիրակի օր, ֆրանչիսկոս Պապ  Մարեմեան աղօթքի  խորհրդածութեան աւարտին,  խօսեցաւ ցուրտէն մահացած  Սուրիացի փոքրիկ աղջկան մասին:

«Կը մաղթեմ, որ ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերը խթան հանդիսանան կարգ մը կազմակերպութիւններուն ՝օգնելու մեր բնակարանները տաքցնելու՝  ցուրտը դիմակայելու համար՝ ըսած Յոյն Մելքիներու  արքեպիսկոպոս նկատել տալով Ֆրանչիսկոս Պապին մտածումն է աշխարհին ցոյց տալ , որ կայ մեծ ողբերգութիւն մը, Սուրիոյ մէջ կայ մեծ տառապանք, որ կը ներգրաւէ մանուկներն ու տարեցներ, որոնք կարիքի  ունին ցուրտէն պատսպարուելու:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/02/2020, 12:00