Որոնել

2019.06.19 cena con Gesù 2019.06.19 cena con Gesù 

Հայր Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը:

Կեանքի Նուէրը

Հերովդէս Թագաւորը լսեց Յիսուսի մասին, որովհետեւ անոր անունը շատ հռչակաւոր դարձած էր եւ ըսաւ․ «Յովհաննէս Մկրտիչ յարութիւն առած է մեռելներու մէջէն, ասոր համար հրաշքներ կը գործուին իր միջոցաւ»

Արդարեւ, Հերովդէս ձերբակալել տուած էր Յովհաննէսը եւ բանտի մէջ շղթայի զարկած, իր Փիլլիպոս եղբօր կնոջˋ Հերովդիայի պատճառով, որուն հետ ամուսնացած էր։ (Մարկ 6,14-17)

Ունկնդրէ լուրը

Ով Տէր, Յովհաննէս Կարապետը քու մէջդ գտաւ այն իտէալը, որուն միջոցաւ զինք ուղղեցիր իր կեանքին ընթացքին։ Քեզ խորապէս ճանչցաւ եւ դարձաւ այն անձը զոր քու ճանապարհիդ ուղեցոյցը դարձաւ, քեզ եւ քու անձդ ճանչցուց հրեայ ժողովուրդին, ես ալˋ իմ կարգիս, կը փափաքիմ քու դպրոցիդ հետեւիլ։

Սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ Յիսուս մեզմէ կը պահանջէ որ մեր յանձնառութիւնը լաւ ձեւով գործադրենք։ Ս․ Յովհաննու կարապետը Յիսուսի զարմիկն էր,  իւրայատուկ տեղ ունէր Յիսուսի սրտին մէջ։

Աւետարանէն կ՛իմանանք որ Յիսուս իր զարմիկը շատ կը սիրէր եւ ճշմարիտ մեղսակցութիւն մը կար երկու անձերուն միջեւ։

Սոյն աշխարհին մէջ Յիսուս բացակայ է եւ շեշտը կ՛ուզէ դնել այն առաքեալին վրայ որ պիտի գայ նոր Քրիստոնէութիւնը պատրաստելու եւ ատոր համար Ս․ Յովհաննէս կարապետին կեանքը եւ առաքելութիւնը դարձաւ Յիսուսին շուրջը, միեւնոյն ժամանակ չկրցաւ արձակել իր առաքելութեան  նպատակը հանրութեան։

Հերովդէս որոշ թշնամութիւն մը ստեղծեց Յովհաննէս կարապետին դէմ որովհետեւ իւրաքանչիւրը ունէր իր սեփական նստավայրը։ Հերովդէս իր պալատին մէջ գտնուելով կ՛ուզէր գործածել իր իշխանութիւնը, իր տարեդարձը կը փափաքէր շքեղ կերպով տօնել անառակութեան մէջ, մինչ Յովհաննէսը եկած էր միմիայն Յիսուսի ծառայելու, կ՛ապրէր խստամբերութեան եւ աղքատութեան մէջ։ Սակայն Հերովդէսի դերը կուրօրէն դարձաւ որպէս նոր Քրիստոնեաներուն հալածող։

Հոս կը գտնուինք 2 տարբեր անձերուն առջեւ մէկըˋ որ եկած էր կատարելու իր առաքելութիւնը լաւ հոգեւոր ձեւով  պատրաստելով իր հանդիպումը Յիսուսի հետ որ մեծ համբաւ ունէր, միւսը  կ՛ուզէ անգիտանալ Քրիստոսը եւ կը նախընտրէր իր համբաւը, իր խիղճը հանդարտեցնել իր ոճիրը կատարել եւ սպաննել Մկրտիչը։

Այս է դասը զոր կրնանք առնել մեր պատմութենէն։ Մենք որպէս հաւատացեալներ ըլլալու ենք, այն առաքեալները որոնք կը տարածեն  Քրիստոսի պատգամը հաւատարիմ մնալով   իրեն, տալու համար մեր կեանքը որպէս նուէր իր Աստուածայայտնութեան։ Ամէն։

Հայր Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/02/2020, 08:00