Որոնել

Խրիմի մէջ հայկական սուրբ Նիկողայոս Եկեղեցին Խրիմի մէջ հայկական սուրբ Նիկողայոս Եկեղեցին 

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ:

Կեանքը վերիվայրումներու իրողութիւն է: Միապաղաղ կամ միատեսակ կեանք չի՛ կրնար գոյութիւն ունենալ, այնքան ատեն որ կեանք կոչուող երեւոյթը յարափոփոխ իրականութիւն է:

Միամիտ եւ իրենց բարութեան ակնոցի ապակիներուն ետեւէն աշխարհը դիտող մարդոց այնպէս կը թուի, որ բոլոր մարդիկը բարին են: Տարօրինակ է այն, որ նման անձեր նոյնիսկ հարուած ստանալէ կամ չար մարդոցմէ խաբուելէ ետք չեն հրաժարիր իրենց վերոյիշեալ սկզբունքէն: Անոնք  չեն կրնար համոզուիլ, որ աշխարհի վրայ չար մարդիկ ալ կրնան ըլլալ: Իրենց համոզումով՝ ամէն մարդ բարի է, իսկ եթէ հակառակը տեսնեն՝ կը հաւատան, որ անոնք ալ բարի պէտք է ըլլան:

Ունկնդրէ լուրը

Աշխարհի մէջ անհամար է թիւը այս միամտութեան զոհ գացած մարդոց, որոնցմէ շատեր իրենց կեանքով վճարած են որեւէ մասնաւոր կացութեան, երբ չար մարդիկ զիրենք խաբելով՝ ծուղակ լարած են եւ մինչեւ մահ տարած, իսկ յետոյ հանգիստ խղճով իրենց «վաստկած» աւարը՝ «վայելած»: Ճիշդ է, իրաւունքը չի՛ մեռնիր Աստուծոյ քով, ինչպէս կը սորվեցնէ կրօնը: Սակայն, այն ժամանակաւոր յաղթանակը, զոր կը տանի չարը, շատերու յուսախաբութեան պատճառ կը հանդիսանայ, մինչեւ իսկ հաւատքէ պարպելով ոմանք:

Աշխարհէն կամ լաւ եւս որոշ մարդոցմէ պատճառուող բոլոր տեսակի չարիքներուն եւ վնասներուն պարագային յուսախաբութիւն կրելը, մարդկային բնական երեւոյթներէն մէկն է, որուն երբեմն զոհ կը դառնան նոյնիսկ նկարագիրով քաջ ու անպարտելի թուացող մարդիկ: Միշտ ալ ժողովրդային իմաստութիւնը մէջբերելով, նման անձեր անվախօրէն կը յայտարարեն. «Ինչու մենք պողպատէ՞ շինուած ենք»:

Շատեր կը զարմանան, երբ տեսնեն իսկապէս զարմանալի կամքի տէր մարդիկ, որոնց միտքին մէջ տիպար օրինակը մրջիւնն է, որուն կամքը կը գերազանցէ բնութեան բոլոր արարածներուն արտայայտած կամքին երեւոյթը: Այնպէս, ինչպէս մրջիւնը անհաշիւ անգամ նոյն ձեւը կը փորձէ իր նպատակին հասնելու համար, նոյնպէս ալ անոր կամքին համազօր կամք ունեցող մարդիկ կը զարմացնեն մեզի, իրենց կամքին տոկունութեամբ: Նոյն դուռը հազար անգամ կը զարնեն անոնք՝ առանց յուսահատելու: Իրենց կեանքին ընթացքին իսկապէս մեծ յաջողութիւններ արձանագրած մարդոց աշխատանքի փուլերը պահ մը երբ ուսումնասիրենք, պիտի տեսնենք որ յամառ գործունէութեամբ յատկանշուող անձեր են անոնք: Որքան ալ որ ծոյլ ու անփոյթ մարդիկ փորձած են զիրենք յուսահատեցնել կամ փորձած են թուլցնել կամքին պարանները, անոնք դարձեալ պնդացուցած են զանոնք, ամէն առաւօտ իր մէջքին գօտի կապող ու աշխատանքի գացող պարկեշտ մարդուն նման: Որովհետեւ անոնք նպատակ ունին, նման այն սովորական բանուորին, որուն նպատակը նոյն երեկոյեան իր ընտանիքը կերակրելն է տաք հացով: Իւրաքանչիւր մարդ իր աշխատանքային շրջագիծին մէջ ունի իր գործին սեփական մօտեցումի ձեւերը եւ մանաւանդ՝ աշխատելաոճը:

Կեանքը վերիվայրումներու իրողութիւն է: Միապաղաղ կամ միատեսակ կեանք չի՛ կրնար գոյութիւն ունենալ, այնքան ատեն որ կեանք կոչուող երեւոյթը յարափոփոխ իրականութիւն է: Բնութեան եղանակներու փոփոխութեան նման, մարդիկ ալ ունին իրենց «եղանակներու փոփոխութիւնը»: Մեր ունեցած զանազան տրամադրութիւնները՝ ուրախ, տխուր, բարկացկոտ, անհամբեր, հանդարտ, համակերպող կամ այլ՝ բոլորը միասնաբար կը կազմեն մեր էութեան եղանակները:

Ծնունդով չար մարդ չկայ, բայց յետոյ չարացածներ՝ որքան որ կ՛ուզէք: Կայ մարդ, որ իրեն կամ իր գոյքին վնաս հասցնող մը տեսնելով՝ կը համբերէ. կայ մարդ ալ, որ անմիջապէս կը հակադարձէ:

«Մարդիկը» կարելի է համախմբել երկու տեսակի խումբերու մէջ՝ բարիներ եւ չարեր:

Բնականաբար, կան ասոնց աստիճանաչափերը, այսինքն բարիները բոլորն ալ նոյն չափով բարիներ չեն, ո՛չ ալ չարերը կարելի է նոյն մակարդակին իջեցնել: Օրինակ, մանուկներու կատարած չարութիւնները, որոնք նոյնիսկ եթէ երբեմն վնասաբեր ըլլան, ծնողներ եւ դաստիարակներ զանոնք կը կոչեն «չարաճճիութիւն», փաղաքշական որակում տալով անոնց:

Իսկապէս բարի անձերու մտածելակերպը քննելով, իտէալական պիտի ըլլար անոնց պէս ընդունիլ մարդկային կեանքը՝ այնպէս խորհելով, որ աշխարհի վրայ ապրող բոլոր մարդիկը բարի են կամ գէթ բարի պէտք է ըլլան: Այսպիսի անձեր, նոյնիսկ առաջին անգամ իրենց հանդիպած անծանօթ մարդուն եղբայրական վստահութիւն կը ցուցաբերեն: Եթէ պատահի որ դիմացի անձը բարի է, անոր վստահութիւն ցուցաբերող անձը կը քաջալերուի իր համոզումին մէջ, հաստատելով իր ներքին ձայնին ճշմարտացիութիւնը, թէ՝ ամէն մարդ բարի է: Սակայն եթէ պատահի հակառակը եւ չար մարդու հանդիպի, աշխարհի դրուածքին մէջ սխալ բան մը կը տեսնէ ան:

Չար մարդոց ներկայութիւնը չենք կրնար ուրանալ, ո՛չ ալ աչքերնիս փակելով զանոնք չնկատել: Անոնք ո՛չ միայն կան, այլեւ իրենք իրենց իրաւունք ալ կու տան մեր կեանքին խառնուելու կամ խանգարելու մեր հանգիստ առօրեան: Աշխարհի դրուածքը այս է:

Միւս կողմէ մխիթարական է, որ չարերուն դիմաց կան բարիներն ալ, որոնք երբեմն աւելի տկար կը համարուին միւսներէն, սակայն խորքին մէջ տկար չեն, այլ աւելի՛ զօրաւոր: Որովհետեւ առաջիններուն երբեմն գաղտնի կամ վախկոտ շարժումներուն դիմաց, այս երկրորդները շատ աւելի համարձակ են, որովհետեւ արդարութեան զրահաւորումը ունենալով՝ կը մտնեն կեանքի պայքարին մէջ եւ մանաւանդ օժտուած կ՛ըլլան անպարտելի հզօր կամքով:

 Գրիգոր Եպ. Չիֆթճեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/02/2020, 08:37