Որոնել

Սուրբ Պենետիկտոս Սուրբ Պենետիկտոս 

Սկիզբ կ՛առնէ Սուրբ Պենետիկտոսի՝ Եւրոպայի խաղաղութեան ու միասնութեան ջահին ուխտագնացութիւնը։

Ջահը աւանդութեան համաձայն՝ Վատիկանի մէջ կայացած անցեալ չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին օրհնուեցաւ Քահանայապետին կողմէ ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 22 փետրուարը 2020-ին Իտալիոյ Նորչա քաղաքին մէջ կայացած հանդիսաւոր արարողութեամբ սկիզբ կ՛առնէ Սուրբ Պենետիկտոսի՝ «Վասն Եւրոպայի խաղաղութեան ու միասնութեան» ջահին ուխտագնացութիւնը որ այս տարի պիտի ուղղուի Հունգարիայի մայրաքաղաք Պուտաբեստ։  

Ջահը աւանդութեան համաձայն՝ Վատիկանի մէջ կայացած  անցեալ չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին օրհնուեցաւ Քահանայապետին կողմէ ։  

''Պենետիկտեան ջահի'' օրհնութեան աւանդութիւնը ծնունդ առած է 1964-ին` երբ երջանկայիշատակ Պօղոս Զ քահանայապետը Սուրբ Պենետիկտոսը հռչակեց Եւրոպայի պաշտպան սուրբ։ Սկզբնական շրջանին ջահը կը կրէր ''Մէկ՝ Եւրոպայի ի նպաստ'' անունը, ապա՝ 1992 թուականէն սկսեալ, ուր հաստատուած էր Մաասթրիխթի Պայմանագիրը, «Պենետիկտեան Ջահ»ը վերածուեցաւ խաղաղութեան խորհրդանիշի ու կռեց ''Վասն խաղաղութեան ու Եւրոպայի Պենետիկտեան ջահի'' անունը։

Պենետիկտեան Ջահ»ի լուցանումը կը ներկայացնէ Սուրբ Պենետիկտոսի լոյսը, որ կը տարածուի Եւրոպայի վրայ՝ բերելով խաղաղութիւն եւ զօրացնելով միասնութեան հոգին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/02/2020, 08:30