Որոնել

Տէր, քեզմէ զատ որու՞ն երթանք (Յովհաննէս 6, 59-72) Տէր, քեզմէ զատ որու՞ն երթանք (Յովհաննէս 6, 59-72) 

Կիրակի 16 Փետրուար 2020 - Երկրորդ կիրակի Առաջաւորի

Տէր, քեզմէ զատ որու՞ն երթանք (Յովհաննէս 6, 59-72)
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Առաքելապետը` Պետրոս, բոլոր աշակերտներուն անունով կը խօսի եւ, մղուած Սուրբ Հոգիէն, կը բացագանչէ. Տէր, որու՞ն երթանք, դուն ունիս յաւիտենական կեանքի խօսքերը։ Յիսուս խօսած էր իրենց յաւիտենական կեանքի հացի մասին, ըսելով թէ ինքն է այդ հացը եւ թէ հասնելու համար այդ կեանքին, հարկ է ուտել իր մարմինը։ Ժողովուրդը չէր կրցած ընդունիլ այս խօսքը եւ բոլորը հեռացած էին իրմէ. Կը մնային միայն տասներկուքը, որոնց Յիսուս կ՝ըսէ. Եթէ կ՛ուզէք դուք ալ կրնաք հեռանալ ինձմէ։ Իսկ Պետրոս, համարձակութեամբ կը վստահեցնէ զինք թէ իրենք միշտ հաւատարիմ պիտի մնան իրեն, եւ ուրիշ որեւէ մէկու մը ետեւէն ոչ իսկ կը մտածեն երթալ։

Պետրոսի Աթոռին վրայ բազմած է Սրբազան Պապը: Ֆրանչիսկոս, որ Հռոմի աթոռին վրայ նստած է, յաջորդն է Պետրոսի եւ կ՛առաջնորդէ իրեն յանձնուած հաւատացեալներու հօտը ամենայն իմաստութեամբ եւ հոգեկան ուժով։ Զանազան ձայներ, ասդիէն անդիէն եկած, կը փորձեն պղտորել հաւատացեալներու մտքերը: Մենք սակայն ուրիշի մը չենք կրնար դիմել մեզ առաջնորդելու համար, ինքը, Սրբազան Պապն է ճշմարիտ ներկայացուցիչը Քրիստոսի այս աշխարհի վրայ, ինքն է որ հաստատ կը պահէ հիմը մեր քրիստոնէական հաւատքին. Ուստի համընթաց յառաջանալու ենք իր հետ, ընդունելով իր բոլոր որոշումներն ու վճիռները, որպէսզի մեր քայլերը չշեղին ուղիղ ճամբէն, հոգեւոր կեանքին մէջ։

Քրիստոս ըսած է յստակօրէն. Եթէ հետս չըլլաք, ուրեմն ինծի հակառակ էք. Ուստի չենք կրնար երկու հակամէտ անձերու կողմնակից ըլլալ, կամ մէկուն պիտի հետեւինք եւ միւսը ձգենք, կամ միւսին։ Երկու տէրերու չենք կրնար ծառայել. Եւ Տէրը խոստացած է իր Հոգիով միշտ ուղղել Եկեղեցին եւ պաշտպանել զայն իր բոլոր թշնամիներուն դէմ, ըլլան անոնք դրսէն, ըլլան դժբախտաբար ներսէն։

Այսօրուայ աւետարանին մէջէն յառաջ կու գայ թէ Քրիստոսի հետեւելու պայմաններէն մին է ուտել իր մարմինը եւ խմել իր արիւնը. Անշուշտ նոյն վայրկեանին` առաքեալները չի հասկցան իմաստը այս խօսքերուն, սակայն երբ` վերջին ընթրիքի ընթացքին, Աստուածային Վարդապետը տուաւ իրենց հացը, ըսելով` առէք կերէք, այս է ահա իմ մարմինս, եւ բաժակը` ըսելով, առէք խմեցէք ասկէ, այս է իմ արիւնս, հոն որոշ չափով հասկցան Քրիստոսի խօսքերը։

Մենք ամէն կիրակի առիթն ունինք ճաշակելու Քրիստոսի մարինն ու արիւնը. Եւ ինչ որ հաստատ գիտենք, այն խօսքն է որ այն որ յաճախ կը հաղորդուի Յիսուսի մարմնոյն եւ արեան, յաւիտենական կեանքին արժանի կը դառնայ։ Մեր պարտակա-նութիւնն է ուրեմն, կիրակի եւ տօնի օրերուն` երբեք չբացակայիլ եկեղեցիէն, եւ ջանալ նոյնը սորվեցնել մեր յաջորդ սերունդներուն, որպէսզի անոնք եւս օգտուին այս լաւագոյն առիթէն փրկելու համար իրենց անձերը, արժանի դարձնելով յաւիտենական կեանքին։

Պետրոս առաքելապետ առանց տառակոյսի նետուեցաւ Քրիստոսի առջեւ եւ յայտնեց իր հաւատքն ու վստահութիւնը Տիրոջ։ Մեր պարտքն է այսօր թիկունք կանգնելու Սրբազան Պապին. Ան որքան հեզ է ու բարի ժողովուրդին նկատմամբ, նոյնքան խիստ է եւ պահանջկոտ իր կղերին հանդէպ։ Կ՛ուզէ որ անոնք թողուն իրենց ճոխ բնակարաններն ու ինքնաշարժները, հեռանան նիւթական հոգերէն եւ աւելի մերձենան ժողովուրդին, որպէսզի հաւատարիմ ըլլան իրենց իսկական առաքելութեան, որ է հովուել հոգեւորապէս ժողովուրդը եւ առաջնորդել զիրենք դէպի երկինք։ Ամէն։

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/02/2020, 09:03