Որոնել

 Յիսուս կը կերակրուի այնպիսի հացով մը որ նիւթական չէ Յիսուս կը կերակրուի այնպիսի հացով մը որ նիւթական չէ 

Կիրակի 9 Փետրուար 2020 - Ո՞րն է ճշմարիտ հացը (Յովհաննէս Զ. 22-38)

Կաթողիկէ եւ առաքելական սուրբ Եկեղեցին հաւատարմօրէն կը ծիսակատարէ սուրբ եւ անմահ պատարագը, բաշխելու համար իր հաւատացեալներուն կեանքի իսկական ու ճշմարիտ հացը, որ կու տայ կեանք յաւիտենական.:

Մարդ միայն հացով չ՛ապրիր, ըսած է Յիսուս իր առաքեալներուն: Յիսուս կը կերակրուի այնպիսի հացով մը որ նիւթական չէ. որով բնական հացը կը կշտացնէ որովայնը մի քանի ժամուան համար, սակայն մարդս դարձեալ կ՛անօթենայ եւ կը փնտռէ կերակուր որովհետեւ իր մարմինը զայն կը պահանջէ։

Ունկնդրէ լուրը

Հարց տանք սակայն մենք մեզի. արդեօք մարդը միայն մարմնէ՞ կը բաղկանայ։ Մարդ արարածը կը բաղկանայ մարմինէ եւ հոգիէ, սակայն դժբախտաբար ան շատ քիչ անգամներ կը մտածէ իր հոգւոյն մասին:

Հոգին է կենդանարար եւ էական մարդկային կեանքին մէջ. Ան է որ մեզ կ՛անցնէ  մահուընէ ալ անդինն եւ կը հասցնէ յաւիտենականութեան. Սակայն հոգին եւս պէտք ունի սնունդի, եթէ ոչ` կը սպառի ու մեր կեանքէն աներեւոյթ կ՛ըլլայ, մեզ թողլով վատ եւ անել վիճակի մը մէջ։ Իսկ հոգւոյ կերակուրը ի՞նչն է. Արդեօք խանութներ կա՞ն որոնք հոգւոյ կերակուր կը վաճառեն։ Ոչ, հոգւոյ կերակուրը Աստուծոյ խօսքն է, մեր հաղոր-դակցութիւնն է Աստուծոյ Որդիին հետ, ինչպէս նաեւ անոր կենդանի մարմինը։

Ասոր համար է որ Քրիստոս կը խօսի ճշմարիտ հացին մասին, որ, նիւթական չըլլա-լով` կը մնայ անսպառ, այսինքն թէ այդ հացէն ճաշակողը միանգամ ընդ միշտ  կը կշտանայ եւ այլեւս պէտք չունենար ուրիշ կերակուրի։

Ինչպէ՞ս կարելի է այդ հացն ստանալ. Ամէն օր, եկեղեցիներու խորաններուն վրայ, վարդապետները կը պատրաստեն այդ հացը եւ կը բաժնեն ժողովուրդին։ Ամէն պատա-րագի ընթացքին` այդ հացը կը գոյանայ վարդապետի խօսքերուն ազդեցութեամբ եւ կու գայ կերակրելու Աստուծոյ քաղցն ու ծարաւը զգացող հոգիները։

Շատ բնական կը թուի մեզի որ մարդ մը իր բոլոր կեանքը աշխատի որպէսզի իր ամենօրեայ հացը կարենայ ճարել, որպէսզի ինք եւ իր ընտանիքը կարենան հանգիստ կերպով ապրիլ։ Ինչու՞ ուրեմն բնական չենք գտներ երբ մարդ իր հոգեկան հացը ճարելու համար, եկեղեցի կը յաճախէ, իր առօրեայ աղօթքները կը կատարէ եւ, հետեւելով աստ-ուածային արտակարգ կոչումի մը, ամէն ինչ կը թողու, հետեւելու համար անվերապա-հօրէն Քրիստոսի, զայն որպէս իր միակ տէրը խոստովանելով։

Քրիստոս աւելի մեծ է Մովսէսէն, քանի Մովսէս պարզապէս հնազանդեցաւ Աստու-ծոյ մէկ հրամանին եւ կերակրեց իրեն հետեւող ժողովուրդը անապատին մէջ։ Քրիստոս ինք նոյն Աստուծոյ Միածին Որդին է, որ իր իշխանութեամբ կը պարգեւէ երկնաւոր հացը եւ կը խոստանայ որ անկէ կերողը յաւիտեան պիտի ապրի։ Սուրբ հաղորդութիւնը որ կը բաշխուի սուրբ պատարագի ընթացքին` Քրիստոսի կենդանի մարմինն ու արիւնն է, որով ան կեանք կու տայ բոլոր իր հաւատացեալներուն։

Դարերու ընթացքին, կարգ մը քրիստոնեաներ չհաւատացին հացին ու գինիին փոփոխութեան, որով անոնք, քահանային արտասանած խօսքերէն ետք՝ կը դառնան ճշմարտապէս Յիսուսի մարմինն ու արիւնը: Անոնք, նոյնիսկ եթէ բարի ու հաւատարիմ քրիստոնեաներ են, սակայն կամաւոր կերպով կը զրկեն իրենք զիրենք կեանքի հացէն որով Յիսուս յաւիտենական կեանք կը պարգեւէ զայն ճաշակողներուն:

Կաթողիկէ եւ առաքելական սուրբ Եկեղեցին հաւատարմօրէն կը ծիսակատարէ սուրբ եւ անմահ պատարագը, բաշխելու համար իր հաւատացեալներուն կեանքի իսկական ու ճշմարիտ հացը, որ կու տայ կեանք յաւիտենական. Ամէն:

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/02/2020, 07:52