Որոնել

Տեառնընդառաջի տօն Տեառնընդառաջի տօն 

Կիրակի 2 Փետրուար 2020 - Յիսուս լոյսն է աշխարհի (Ղուկաս Բ. 22-39)

Այսօր կը տօնենք այն դէպքը որ տեղի ունեցաւ Յիսուս մանուկի ծնունդէն 40 օր ետքը. իր ծնողքը զինք կը տանին տաճար, կատարելու համար օրէնքին պահանջած պարտականութիւնները:
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Տեառնընդառաջի տօնը հայկական յատուկ բնոյթ մը առած է եւ ժողովրդական դարձած շնորհիւ հեթանոսական շրջանէն մնացած աւանդութիւններու, որոնք դժբախտաբար տակաւին կը գերակշռեն աւելի քան բուն տօնին հոգեւոր իմաստն ու ապրումները: Երբ ուզեցի Հայաստան բնակող ուսեալ անձէ մը իմանալ թէ ուսկից յառաջ կու գային այս հեթանոսական սովորոյթները, ան ինծի բացատրեց թէ տօնին  բուն անունը Տէրնտես է եւ այս բառը յառաջ կու գայ ոչ թէ Տեառնընդառաջ բառէն, որ կը նշէ Քրիստոսի տօնը, որով Յիսուս, մեր Տէրը, ընդառաջ կ'երթայ դէպի Հօր Աստուծոյ տաճարը, որպէս քառասնօրեայ մանուկ, այլ ան կու գայ Տիր հեթանոս աստուծոյ պաշտամունքէն. Տիրը կրակի աստուածն է եւ ժողովուրդին կրակավառութիւնը եւ զանազան տօնակատարութիւնները անոր է որ կը վերաբերին:

Այո, սիրելի հաւատացեալ, տակաւին մեր հայ ժողովուրդը կ'ապրի եւ կը հաւատայ հեթանոսական բարքերուն ու կառչած է անոնց: Ժամանակն է այլեւս դարձի գալու եւ դառնալու զուտ քրիստոնէական սկզբունքներուն եւ արժէքներուն:

Այսօր կը տօնենք այն դէպքը որ տեղի ունեցաւ Յիսուս մանուկի ծնունդէն 40 օր ետքը. իր ծնողքը զինք կը տանին տաճար, կատարելու համար օրէնքին պահանջած պարտականութիւնները: Ան ըլլալով անդրանիկ որդին Մարիամի, կը մատուցուի տաճարին, ի յիշատակ դարեր առաջ կատարուած դէպքին երբ տակաւին Հրէաները գերի էին Եգիպտոսի մէջ: Այն օրերուն' Տէրը ղրկեց իր հրեշտակը սպաննելու համար Փառաւոնի երկրին մէջ գտնուող բոլոր ընտանիքներու անդրանիկ զաւակները, սակայն ան խնայեց հրէայ ընտանիքներու առաջին զաւակներուն:

Այդ օրէն սկսեալ, ամէն հրէայ ընտանիք պէտք էր իր անդրանիկ զաւակը նուիրել տաճարին. սակայն կարող էր զայն ետ առնել, տալով փրկագին մը. Յիսուսի պարագային'  ծնողքը տուին երկու աղաւնի: Սակայն այս սովորական աւանդութիւնը դարձաւ արտակարգ դէպք մը երբ երկու ծերունիներ դիմեցին տաճար, ներշնչուած Աստուծոյ Հոգիէն որ յայտնած էր իրենց թէ մահը պիտի չճաշակէին նախքան տեսնելը իրենց աչքերով Իսրայէլի փրկութիւնը, այսինքն Մեսիան ինքնին: Այս դէպքը արդէն կը հանդիսանայ զգայացունց յայտնութիւն մը Քրիստոսի մարդեղութեան: այս երկու տարիքոտ անձերը, Սիմէոնը եւ Աննան կը տեսնեն այն ինչ որ ուրիշներ չեն կարող տեսնել, կը նշմարեն լոյսը որ կը փայլի խաւարին մէջէն:

Յիսուս լոյսն է աշխարհի, լոյս մը որ պիտի լուսաւորէ բոլոր աշխարհի բնակիչները եւ պիտի յայտնէ բոլոր ազգերուն Աստուծոյ ի յաւիտենից պատրաստած ծրագիրը մարդոց նկատմամբ: Հայ Եկեղեցին այսօր կը կատարէ օրհնութիւնը մոմերու եւ անոնց բաշխումը ժողովուրդին:

Սիրելի հայ հաւատացեալ, գնա եկեղեցի եւ առ այդ օրհնուած լոյսէն որպէսզի չմնաս հեթանոսական խաւարին մէջ: Ոչ, դուն այսօր Տիր չաստուածին չէ որ կը հաւատաս, ոչ ալ կրակը կը պաշտես: Դարերու ընթացքին, միոնաւոր նահատակներ տուիր որպէսզի չուրանաս քու քրիստոնէական հաւատքդ եւ չդառնաս կռապաշտութեան կամ կրակապաշտութեան: Մի թողուր որ հեթանոսական խաւարային սովորութիւնները գան եւ տիրապետեն քու հոգւոյդ վրան: Դուրս ել խաւարէն եւ ցոյց տուր համայն աշխարհին քու իսկական հաւատքդ մեր միակ Տէր Աստուծոյն,մարմնացեալ Բանին, Յիսուս Քրիստոսի, որ միակ փրկիչն է համայն մարդկութեան. ամէն:

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/02/2020, 10:04