Որոնել

Դէպի Քառասնորդաց Պահք։ Վերսկսիլ... Ճշմարտութեան լոյսին ներքեւ Դէպի Քառասնորդաց Պահք։ Վերսկսիլ... Ճշմարտութեան լոյսին ներքեւ 

Դէպի Քառասնորդաց Պահք։ Վերսկսիլ... Ճշմարտութեան լոյսին ներքեւ։ Հայր Գէորգ Ծ. Վ. Զապարեանի խորհրդածութիւնը։

«Յիսուս չուանէ խարազան մը շինեց եւ սկսաւ տաճարէն դուրս հանել բոլորը...եւ ըսաւ – Վերցուցէ'ք ատոնք հոսկէ եւ Հօրս տունը շուկայ մի' դարձնէք» (Յովհաննէս 2, 15-16):

«Յիսուս չուանէ խարազան մը շինեց եւ սկսաւ տաճարէն դուրս հանել բոլորը...եւ ըսաւ – Վերցուցէ'ք ատոնք հոսկէ եւ Հօրս տունը շուկայ մի' դարձնէք» (Յովհաննէս 2, 15-16):

Այս աշխարհի ինչքերուն կամ կալուածներուն մեծամասնութիւնը ժամանակով կ'եղծանի: Երկու տարի չանցած՝ մեզի սուղ արժած շքեղ ինքնաշարժը կը սկսի մտահոգիչ աղմուկներ արտահանել: Չորս կամ հինգ տարի չանցած՝ մեր հիւրասենեակի բազմոցները իրենց փայլը կը կորսնցնեն: Խոհանոցի պատերուն, փայտաշէն պատուհաններուն եւ շէնքին աղիւսներուն ներկը կը տժգունի...:

Ունկնդրէ լուրը

Ժամանակի ընթացքին ամէն ինչ կը տուժէ ապշեցուցիչ կշռոյթով:

Նմանը կը պատահի բազմաթիւ մարզերու մէջ: Բարեկամութիւն մը կը ծնի, ժամանակ մը յետոյ կռիւով կը վերջանայ: Սիրով կնքուած ամուսնութիւն մը քանի մը տարի ետք՝ բաժանումով կ'աւարտի:

Նոյնը կը պատահի կրօնական գետնի վրայ: Ժամանակով, մեր տածած սէրը հանդէպ Աստուծոյ եւ մերձաւորին՝ կը սկսի նսեմանալ ու պաղիլ: Ու մենք որդեգրելով խոտոր սովորութիւններ՝ կը խաթարենք մեր հոգեւոր կեանքն ու կը սատարենք անոր փլուզումին:

Յիսուսի ժամանակ, աղօթավայր եւ զոհարան ըլլալու սահմանուած Տաճարը վերածուած էր շուկայի եւ լումայափոխութեան վայրի: Այսօր եւս, գիտակից ենք, որ անհրաժեշտութիւն մըն է Եկեղեցիէն ներս շատ մը կառոյցներուն վրայ դարերէ ի վեր դիզուած փոշին մաքրելու՝ կարգ մը համակարգեր նորացնելով եւ ուրիշները անպէտք նկատելով: Արդարեւ, ամէն ինչ կրնայ եղծանիլ ժամանակի ընթացքին:

Աւետարանի այս դրուագէն կրնանք քաղել օգտաւէտ դասեր.

Ա.- Թէ բազմաթիւ իրողութիւններ ժամանակով կը վնասուին. կրնան շատ ծանրակշիռ չըլլայ. սակայն, չտեսնել կամ անտեսել վնասները ու չգիտակցիլ մեր առջեւ ծառացած վթարին՝ զայն անփութօրէն անխնամ պահելով՝ ծանրակշիռ է:

Նայուածքով մը, Յիսուս տեսաւ Տաճարին անընդունելի եւ անարգ վիճակը: Արդարեւ, պաշտամունքի սահմանուած Աստուծոյ Տունը դարձած էր վայր առեւտուրի ու 3 վաճառատունի: Գալով մեզի, միթէ՞ կ'ուզենք հայեացք մը նետել մեր վրայ՝ յայտնաբերելու համար ինչ որ խանգարուած է մեր քրիստոնէական կեանքին մէջ, կամ ընդհակառակը, կը նախընտրենք աչք գոցել՝ չգիտակցելու համար մեր հոգեւոր կառոյցին կրած վնասներուն: Յամենայն դէպս, յառաջիկայ Քառասնորդաց շրջանը բարեպատեհ ու անհրաժեշտ առիթ է իքնագիտակցելու մեր կացութեան ճշմարտութեան: Ա'յս է առնելիք առաջին քայլը՝ հոգեւորապէս նորոգուելու համար:

 Բ.- Տաճարէն ներս կայացած սրբապղծութիւնները տեսնելով, Յիսուս անտարբեր չի' մնար. ջայլամի դիրք չ'առներ. պարզուած տեսարանին առջեւ՝ իր ճամբան չի' շարունակեր: Ընդհակառակը, գործի կը լծուի՝ խարազան մը շինելով:

Ոչինչ կրնանք ձեռք ձգել առանց ջանքի:

Այս սկզբունքը աւելի ճիշդ է բարոյական ու քրիստոնէական գետնի վրայ, քան որեւէ ուրիշ գետնի վրայ: Ինքզինք մահացնելը, իր աչքը հանելը, իր ձեռքը կամ ոտքը կտրելը, որոնք կրնան մեզի արգելք ըլլալ հասնելու նպատակադրուած գաղափարականին՝ Քրիստոսի ջամբած գործելաոճն է: Արդարեւ, մահացուցումի եւ ապաշխարութեան «խարազանը» միջոց է՝ որպէսզի մեր մոլար ունակութիւններէն հեռանանք եւ հոգեւորապէս վերանորոգուինք:

Գ.- Բոյսը կը դադրի նոր տերեւներ բուսցնելէ, երբ հողը, որուն մէջ ցանուած է, իր բեղմնաւորիչ ոյժը կորսնցուցած է: Սակայն, այդ հողը հերկելու ու պատշաճ կենսանիւթով օժտելու պարագային՝ ան վերստին կը նպաստէ բոյսին կենդանութեան:

Այս տրամաբանութեան հետեւելով, տարիներ առաջ ամուսնացած եւ սիրոյ պակասէն բաժանումի դիմող ամոլներ, ժամանակ յատկացնելով իրար հասկնալու, իրարու մտիկ ընելու եւ առանց կիրքի կամ կանխամտածութիւններու՝ ճշմարտութեամբ զրուցելով, պիտի գտնեն իրենց նախնական սիրոյ թարմութիւնը եւ զիրար պիտի սիրեն աւելի քան երբեք:

Շարունակելով սոյն տրամաբանութիւնը, նոյնը կրնանք հաստատել Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութեան կապակցութեամբ:

Արդարեւ, ո'չ մէկը եւ ոչի'նչ երբեք ամբողջովին կորսուած է Աստուծոյ համար: Մեր առած սխալ ճամբան արգելք չէ' ուղիղ ճամբուն դառնալու: Տիրոջ հետ մեր խզուած կապերը կրնան վերստին զօդուիլ: Պաղած սէրը կրնայ դարձեալ բոցավառիլ:

Աստուծոյ հետ, միշտ հնարաւոր է եւ միշտ ատենն է վերսկսելու, բաւ է որ զգաստանանք եւ ուղիղ ճամբան բռնենք:

Ա'յս է ճշմարտութիւնը:

Գերյարգելի Գէորգ Ծ. Վրդ Զապարեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/02/2020, 09:02