Որոնել

Յիսուս անապատ քաշուեցաւ եւ հոն մնաց 40 օրեր Յիսուս անապատ քաշուեցաւ եւ հոն մնաց 40 օրեր 

Քառասնորդացի կամ Մեծ Պահքի եօթը Կիրակիները՝ հայկական ծէսին համաձայն։

Հայ Եկեղեցւոյ ծիսական աւանդութեան համաձայն քառասնորդացի՝ մեծ պահքի շրջանի եօթը կիրակիները որոնք կը կանխեն Սուրբ Զատկուայ կիրակին՝ յատուկէն նուիրուած են որոշ նիւթերու.:

Քառասնորդացը կամ մեծ պահքը շրջանն է որուն ընթացքին քրիստոնեաները կը պատրաստուին Սուրբ Զատկուայ տօնին։ Յիսուսի նման որ իր աշխարհի վրայ առաքելութիւնը սկսելէ առաջ անապատ քաշուեցաւ ու այնտեղ՝ քառասուն օրեր ամբողջ անցուց  խոկումի ծոմապահութեան եւ աղօթքի մէջ, պատրաստուելով  փրկագործ իր առաքելութեան, քրիստոնեաները եւս քառասուն օրեր ամբողջ պահեցողութիւն, աղօթք ու ողորմութեան ներգործութիւններ կը կատարեն առ ի պատրաստութիւն Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնին։ Պահեցողութիւնը որ  լոկ ուտեստեղէնէ կամ խմիչքէ զրկում չէ, այլեւ կը հայի հոգեկան աշխարհին, հաւատացեալին համար ինքնամփոփումի, ինքնաքննութեան եւ ինքնասրբագրութեան ժամանակամիջոց մըն է, որու ընթացքին անդադար աղօթելու է Աստուծոյ իր մեղքերու քաւութեան համար։

Հայ Եկեղեցւոյ ծիսական աւանդութեան համաձայն քառասնորդացի՝ մեծ պահքի շրջանի եօթը կիրակիները որոնք կը կանխեն Սուրբ Զատկուայ կիրակին՝ յատուկէն նուիրուած են որոշ նիւթերու.

Ա. Բուն Բարեկենդան

Մեծ  Պահքին  նախորդող  Կիրակին  է.  բարեկենդան  կը  նշանակէ  բարի  կեանք՝ աշխարհիկ  իմաստով  ուրախութիւն,  խրախճանք,  իսկ  կրօնական  իմաստով՝  երանելի կեանք, ինչպէս Ադամը կ՛ապրէր դրախտին մէջ արտաքսուելէն առաջ:

Բ. Արտաքսման

Ադամն ու Եւան իրենց անհնազանդութեան պատճառաւ երկար չմնացին դրախտին մէջ եւ արտաքսուեցան հոնկէ: Մեզի՝ մեղաւորներուս համար Քրիստոս ապաշխարութեամբ ցոյց տուաւ փրկութեան ճամբան, եւ դրախտին արժանանալու յոյսը:

Գ. Անառակին

Այս Կիրակին կը կրէ տուեալ օրուան ճաշու աւետարանի հատուածին անունը: Մեծ Պահքի  ընթացքին  մեր  ուղեւորութիւնը  կը  նմանի  Անառակ  Որդիին  ապաշխարութեան յաջորդող դէպի իր հօր տունը վերադարձին: Այս առակը կը կարդանք Ղուկասի Աւետարանին 15.11-32 ին մէջ:

Դ. Տնտեսին

Անառակի Կիրակիին կը յաջորդէ Տնտեսի Կիրակին որ իր անունը կը ստանայ դարձեալ Յիսուսի խօսած առակներէն մէկէն: Այս առակը կը կարդանք Ղուկասի Աւետարանին 16.1-13 ին մէջ: Միջինքը տեղի կ’ունենայ այս Կիրակիին յաջորդող Չորեքշաբթին:

Ե. Դատաւորին

Դարձեալ Յիսուսի առակներէն մէկէն կը ստանայ իր անունը, որ դատաւորի մը եւ յարատեւող այրիի մը առակն է, զոր կրնանք կարդալ Ղուկաս 18.1-8 ի մէջ:

Զ. Գալստեան

Այս կիրակի օրուան առակը Քրիստոսի աշխարհ գալուն խորհուրդը կը բացատրէ: Այդ օրուան աւետարանական ընթերցումին վերջին համարը՝ Մատթէոս 23.39 Քրիստոսի Գալստեան կ’ակնարկէ:

Է. Ծաղկազարդ

Այսպէս կը կոչուի Քրիստոսի փառաւոր մուտքը Երուսաղէմ, իր խաչելութիւնն ու յարութիւնը կանխող Մէկշաբթի օրը: Այդ օր մանուկները եկեղեցի կ’երթան զարդարուած մոմերով ու կը մասնակցին թափօրին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/02/2020, 12:58