Որոնել

Տօնակատարութենէն առնուած լուսանկար Տօնակատարութենէն առնուած լուսանկար 

«Տօնահանդէս Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց» Պուրճ Համուտ-ի մէջ

«Տօնահանդէս Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց», պատգամախօսութեամբ՝ Լիբանանի հայոց թեմի քարոզիչ՝ Հ. Անանիա Ծ. Վրդ. Գուճանեանի:

Չորեքշաբթի 19 Փետրուար 2020, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Նախագահութեամբ Արհիապատիւ Տ. Գէորգ Եպս. Ասատուրեան-ի՝ օգնական եպիսկոպոս Պէյրութի պատրիարքական թեմին, ինչպէս նաեւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ կազմակերպութեամբ, Պուրճ Համուտ-ի Յովհաննէս Պօղոսեան դատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Տօնահանդէս Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց», պատգամախօսութեամբ՝ Լիբանանի հայոց թեմի քարոզիչ՝ Հ. Անանիա Ծ. Վրդ. Գուճանեանի, եւ մասնակցութեամբ տուտուկահար՝ Րաֆֆի Չիլինկիրեանի, ջութակահար՝ Խաժակ խաչատուրեանի եւ Մարինէ Հալլաճեանի, քանոնահար՝ Սալբի քէօշկէրեանի, կիթակահար՝ Կասիա Էճիտեանի, դաշնամուր՝ Ռիթա Գարամանուկեանի, սրինգի՝ Նարեկ Չերչեանի, Դպրապետ՝ Գէորգ Պէպէճեանի եւ ասմունքող՝ Քրիսթինա Սրապոնեանի, ինչպէս նաեւ մասնակցութեամբ Ս. Փրկիչ Եկեղեցւոյ շեփորախումբին։

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ ներկայ էին սրբազան, գերյարգելի եւ գերապատիւ հայրեր, ինչպէս նաեւ արժանապատիւ քահանայ հայրեր, Անարատ Յղութեան հայ քոյրեր-ը, դաղապետներ, վարժարաններու տնօրէններ, , եւ հայ ազգի ծիրէն ներս գործող նշանաւոր դէմքեր, դիւանագետներ եւ անձնաւորութիւններ, հայկական միութիւններ, ինչպէս նաեւ խուռներամ բազմութիւն մը:    

Տօնահանդէսը սկիզբ առաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներով՝ կատարողութեամբ Ս. Փրկիչ Եկեղեցւոյ շեփորախումբին, որմէ անմիջապէս ետք Տիկ. Մարալ Հարպոյեան բացման խօսքը կատարելէ եւ բոլոր ներկաներուն բարի գալուստ մաղթելէ ետք, սկիզբ առաւ իմաստալից երեկոյին առաջին մասը ուր՝ նուագուեցան շարք մը կոմիտասեան եղանակներ՝ ջութակով ու քանոնով, ինչպէս նաեւ ներկաներուն հրամցուեցաւ «Վարդանածին Հայը» ասմունքը՝ կատարողութեամբ Քրիսթինա Սրապոնեանի։

Երբ պահը հասաւ օրուան պատգամը փոխանցելու, բեմ բարձրացաւ Լիբանանի Հայոց թեմի քարոզիչ՝ Հ. Անանիա Ծ. Վրդ. Գուճանեանը ։

Հայր սուրբը՝ այս իւրայատուկ եւ հայկական շունջով լեցուն տօնին առթիւ իր պատգամը փոխանցեց ներկաներուն ըսելով, թէ Հայ ազգը բնաւ երբեք պարտուած չէ պարսիկներէն (ինչ որ մեզմէ շատեր չեն ընդունիր), այլ ընդհակառակը, ան յաղթած է ոչ թէ միայն բարոյապէս՝ այլ նաեւ ֆիզիքապէս, որովհետեւ այսօր հայը կը գոյատեւէ, ունի իր ազատ ու անկախ երկիրը եւ հողերը, եւ նամանաւդ կը խաչակնքէ եւ կ՛աղօթէ՝ ազատութեամբ. Հայր սուրբը իր խօսքը շարունակեց ըսելով թէ այո մենք պարսիկներուն դէմ մեծ յաղթանակ տարինք զանազան ձեւերով, բայց հայը այսօր, եւ դժբախտաբար կը պարտուի իր Ինքնութեան մէջ՝ երբ կը նախնտրէ օտարինը քան թէ իր հարազատինը՝ որուն մէջ կայ նահատակութիւն եւ պայքար։ Իսկ աւարտին, հայր սուրբը իր խօսքը փակեց՝ մաղթելով ներկաներուն իրենց ինքնութիւնը ուրանալով չնմանին եւ չըլլան մէկական վասակներ, այլ ըլլան մէկական հայ Քրիստոնէաներ։

Օրուան պատգամին յաջորդեց տօնահանդէսին երկրորդ բաժինը՝ ուր բեմ բարձրացան չորս երիտասարդ եւ երիտասարդուհիներ որոնք կազմելով քառեակ մը՝ ներկաներուն ներկայացուցին երեք եղանակներ « Հիմի էլ լռենք» ը, «Երազ իմ երկիր» ը եւ «Զարթիր Լաօ» ն։ Քառեակի ներկայացումէն ետք, տեղի ունեցաւ երեք երգերու կատարում՝ «Լռեց ամպերն», «Բամբ Որոտան» ը եւ «Հայաստան կոմիտասի»նը, ինչպէս նաեւ տուտուկի կատարողութեամբ երեք եղանակներ « Ծաղկած բալենի» ն, «Արի իմ սոխակ» ը եւ «Սուրբ Սուրբ» ը։

Դատերասրահին մթնոլորտը բաւականին ջերմանալէ ու ներկաներուն «հայկական ջիղը» վերանորոգուելէ ետք, բեմ բարձրացաւ Տ. Գէորգ Եպս. Ասատուրեան-ը փոխանցելու համար Հայ Ազգի որդիներուն իր հայրական պատգամը: Գերապայծառ Տէրը իր խօսքը սկսաւ նախ շնորհակալութիւն յայտնելու Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան եւ թէ ինչպէս այս յայտագրին եւ այս տօնահանդէսին միջոցաւ բոլոր ներկաները կարողացան վերապրիլ 451 թուականը:

Գերապայծառ տէրը իր խօսքը փակեց ներկաներուն մաղթելով որ միշտ յանձնարու ըլլան վարդանանց ճակատամարտի պատգամին՝ պահելով իրենց հաւատքն ու մշակոյթը:

Վարդանաշունջ տօնահանդէսի աւարտին, բեմ բարձրացաւ Հայր սուրբը ինչպէս նաեւ կղերական դասը, որպէսզի այս յիշատակելի երեկոն փակեն պատմական լուսանկարով մը:

«ՄԱՀ ՈՉ ԻՄԱՑԵԱԼ՝ՄԱՀ Է ՄԱՀ ԻՄԱՑԵԱԼ՝ ԱՆՄԱՀՈՒԹԻՒՆ Է»

 

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ Ս. ՓՐԿԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԺՈՂՈՎՐԴԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/02/2020, 09:00