Որոնել

Պարիի հանիդպումէ առնուած լուսանկար: Պարիի հանիդպումէ առնուած լուսանկար: 

Տանն կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Տ Տ Գրիգոր Պետրոս Ի Կաթողիկոս Պատրիարքը Պարիի մէջ կ՝այցելէ Սանթա Մարիա Տէլ Մոնթէ Քարմելօ Ժողովրդապետութիւն:

Հանդիպումի աւարտին նախատեսուած է որ Ամենապատիւ հոգեւորը ,իր խօսքին մէջ անդրադառնայ Միջին արեւելքի ներկայ կացութեան:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

19-էն – 23 փետրուարին, Իտալիոյ Պարի քաղաքին մէջ տեղի ունեցող «միջերկրականը խաղաղութեան սահման» խորագիրով,  հանդիպումին ծիրէն ներս հանդիպումի մասնակիցները, ուրբաթ 21 փետրուարին, Պարիի մէջ կ՝այցելեն Պարի քաղաքի կարգ մը ժողովրդապետութիւններ:

Ունկնդրէ լուրը

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Գրիգոր Պետրոս Ի կաթողիկոս Պատրիարքը ընկերակցութեամբ Ֆրոզինոնէ թեմի եպիսկոպոս Գերապայծառ Ամպրոզիօ Սփրէաֆիքոյին, երեկոյեան ժամը 6,30ին պիտի այցելէ Սանթա Մարիա Տէլ Մոնթէ Քարմելօ ժողովրդապետութիւն,  ուր Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ նախագահութեամբ պիտի մատուցուի սուրբ Պատարագ,  որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն ժողովրդապետութեան եւ Պարի քաղաքի հայ համայնքի հաւատացեալները:

Հանդիպումի աւարտին նախատեսուած է որ Ամենապատիւ հոգեւոր Տէրը,իր խօսքին մէջ անդրադառնայ  Միջին Արեւելքի ներկայ կացութեան:

Յայտնենք, թէ  Բերիոյ թեմի Կաթողիկէ հայոց առաջնորդ Արհ Պետրոս Արք Միրիաթեան իր կարգին Պարիի մէջ պիտի այցելէ Սուրբ Նիկողայոս եկեղեցին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/02/2020, 11:45