Որոնել

2020-ի Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթ 2020-ի Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթ 

Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբթուայ թուականները՝ Սուրբ Պետրոսի դաւանանքի ու Սուրբ Պօղոսի դարձի տօները։

Յունուար 18 եւ 25 թուականներու ընտրութիւնը առաջարկուած է վերապատուելի Փոլ Վաթսոնի կողմէ, նկատի առնելով Սուրբ Պետրոսի գահին տօնը կամ անոր հաւատոյ դաւանանքի տօնը՝ 18 յունուարին եւ Սուրբ Պօղոսի դարձին տօնը 25 Յունուարին։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 18 Յունուարէն մինչեւ յաջորդ շաբաթ 25 Յունուար՝ քրիստոնեայ աշխարհը կը նշէ Քրիստոնեաներու միութեան համար աղօթքի շաբաթը, որուն ընթացքին կը կազմակերպուին  համամիութենական աղօթքներ, պատարագներ եւ արարողութիւններ։

Այս տարուայ խորհրդածութեան բնաբանը ընտրուած է Գործք Առաքելոցի գիրքէն. «Մարդասիրութիւն ցոյց տուին մեզի» (Գործք Առաքելոց 28,2), որ կը հայի Սուրբ Պօղոս առաքեալի նաւաբեկութեան ու անոր Մալթա կղզի ժամանումին։

Ունկնդրէ լուրը

Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթուայ սովորութեան ծագումը վերագրուած է բողոքական եւ անկլիքան եկեղեցիներու պատկան երկու կղերականներու` անգլիացի Սփենսէր Ժոնսի եւ Ամերիկացի Փոլ Ժէյմս Ֆրանսիս Վաթսոնի, որոնք 1907-ին սկիզբ տուած են աւանդութեան մը որ աւելի ուշ որդեգրուած է նաեւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կողմէ եւ 1948-ին` «Եկեղեցիներու միութենական խորհուրդի» ստեղծումէն ետք դարձած է համամիութենական աղօթքի շաբաթ, որուն ընթացքին համայն քրիստոնեաները կ՛աղօթեն եկեղեցիներու միութեան ու անոնց դէպի Քրիստոս դարձին համար։

Յունուար 18 եւ 25 թուականներու ընտրութիւնը առաջարկուած է վերապատուելի Փոլ Վաթսոնի կողմէ՝ 1908-ին, նկատի առնելով Սուրբ Պետրոսի գահին տօնը կամ անոր հաւատոյ դաւանանքի տօնը՝  18 յունուարին եւ Սուրբ Պօղոսի դարձին տօնը 25 Յունուարին։

Սուրբ Պետրոսի դաւանանքի մասին պատմած են Մատթէոս, Մարկոս եւ Ղուկաս աւետարանիչները։

Յիսուս Փիլիպպեան Կեսարիայի կողմերը երթալով իր աշակերտներուն հարց կու տայ. «Ժողովուրդը ո՞վ կը կարծէ որ ըլլայ մարդու Որդին»։ Անոնք կը պատասխանեն. «Ոմանք Յովհաննէս Մկրտիչը, ուրիշներ՝ Եղիան, իսկ ոմանք, Երեմիան, կամ մարգարէներէն մէկը»։ Եւ երբ Յիսուս անոնց հարց կու տայ. «իսկ իրենք ինչ կ՛ըսեն իր մասին», Սիմոն Պետրոս կը պատասխանէ. «Դու ես Քրիստոսը՝ կենդանի Աստուծոյ Որդին»։  Յիսուս առ այդ Պետրոսին կ՛ըսէ. «Երանի քեզի Սիմոն Յովնանի որդի, որովհետեւ Հայրը որ Երկինքն է քեզի յայտնեց այս մէկը։ Ես քեզի կ՛ըսեմ. «Դուն վէմ ես եւ ես այդ վէմին վրայ պիտի շինեմ իմ եկեղեցիս եւ դժոխքի դռները պիտի չյաղթահարեն զայն։ Ես քեզի պիտի տամ երկնքի ի արքայութեան բանալիները, եւ ինչ որ կապես երկրի վրայ, կապուած պիտի ըլլայ երկնքի մէջ։ Եւ ինչ որ արձակես երկրի վրայ, արձակուած պիտի ըլլայ  երկնքի մէջ»։

Սուրբ Պօղոսի դարձի մասին պատմուած է գործք առաքելոցի գիրքին  9-րդ գլխուն մէջ։ Պօղոս Առաքեալը`  Քրիստոսի Յարութենէն ու Համբարձումէն ետք ընտրուած` 13 առաքեալն է։  Ան, եղաւ քրիստոնէութիւնը տարածող եւ քարոզող մեծագոյն առաքեալը:  Պօղոս ծնած է Կիլիկիոյ Տարսոն քաղաքին մէջ եւ ունէր Հռովմէական քաղաքացիութիւն։ Վկայութիւններու համաձայն Պօղոս եղած է փարիսեցի եւ խստօրէն պահպանած է օրէնքը ու հալածած է քրիստոնեաները։ Դամասկոսի ճամբուն վրայ սակայն Տէրը կ՛երեւնայ անոր ու Պօղոս դարձի կու գայ եւ կը մկրտուի Անանիա առաքեալի ձեռքով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/01/2020, 08:44