Որոնել

Յիսուսի սրբապատկեր Յիսուսի սրբապատկեր 

Հայր Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեանի շաբաթական խորհդածութիւնը

Մարդս երբեք պէտք չէ յուսահատիլ

Քրիստոնեաներ եւ այլ կրօններու հետեւողներ չեն դադրիր օրուան մէջ յաճախակի կոչ ընելու Աստուծոյ,  յայտնելով իրենց Յոյսը Անոր հանդէպ, կամ յիշելու խօսակցութեան ընթացքին իրենց վստահութիւնը Անոր ողորմութեան նկատմամբ։ Սովորական անհրաժեշտ ապրում մըն է այս, զոր անընդհատ կը լսենք անոնց շրթունքներէն։ Անոնք կ՛ապրին զայն տեւապէս, զայն դարձնելով իրենց կեանքին էական մասը, ինչպէս շնչառութիւնը։

Գիտակից քրիստոնեաներս, ոգեւորուած ճշմարիտ ու կենարար հաւատքով, սիրասուն եւ գիտակից վկաները աստուածային սիրոյն, որ կ՛արծարծէ ոչ միայն հոգիները եւ մտքերը, այլ նաեւ մեր ամբողջ էութիւնը, հարց կու տանք մենք մեզի, թէ գաղջ քրիստոնեաները եւ միւս կրօններու հաւատացեալները ի՞նչպէս կ՛ըմբռնեն Յոյսըˋ նիւթապաշտ աշխարհի մը մէջ, ուր միայն մարմնապաշտ եւ անձնակեդրոն հաճոյքներու եւ կիրքերու չաստուածը կ՛իշխէ, եւ ուր զանազան տագնապներ եւ խեղճութիւններ կը հարուածեն համայն մարդկութիւնը։ Ան իմաստ մը ունի՞։ Ան կ՛ապահովէ՞ իրենց երջանկութիւնը։ Ան կը համապատասխանէ՞ իրենց ակնկալածին։ Յոգնած չե՞ն միթէ ու յուսախաբ իրենց աղօթքներուն պատասխանին յապաղումէն, կարծես Աստուած «խուլ» ու «համր» մը դարձած է իրենց պաղատանքներուն։ Յոյսը, զոր կը յիշեն յաճախ, գոյութիւն ունի՞։ Եթէ պատասխանը դրական է, ինչո՞ւ մտահոգ են ապագայով եւ դժգոհˋ ցաւալի ներկայէն։ Ինչո՞ւ ան չ՛ապահովեր անոնց խաղաղութիւնն ու խղճի հանգստութիւնը։ ի՞նչու իրենց նեղութիւններուն ընթացքին վստահութեամբ չեն ապաւինիր Աստուծոյ հայրութեան։ ինչո՞ւ այսքան ատելութիւն ու կռիւներ իրարու միջեւ։

Եթէ այսպիսիներուն հարցնենք․ ի՞նչ է ձեզի համար յոյսի առաքինութիւնը։ Անվարան կը պատասխանեն, թէ իրենց յոյսը Աստուած է։ Ուղիղ է իրենց պատասխանը։ Սակայն ինչպէ՞ս կը յուսան Աստուծոյ։ Այս պարագային կը շօշափենք անոնց «պատրանք» ու «տգիտութիւնը»։ Իրենց Քրիստոնէական ինքնութիւնը չէ դրոշմուած իրենց սրտերուն մէջ եւ հաւատքը շատ մակերեսային է ու զուրկ գործերէ։ Յոյսը իրենց շրթունքներուն վրայ է եւ ոչˋ դրոշմուած իրենց կեանքին մէջ եւ գործերովˋ արտայայտուած։ Ան արմատացած է իրենց մտքին ու կամքին մէջ եւ կը դառնայ իրենց «ես»ին շուրջ, փոխանակ զայն ընդունելու Աստուծոյ կամքէն ու իմաստութենէն եւ հիմնուած ըլլալու բոլորին հանդէպ Անոր ունեցած անհուն սիրոյն մէջ։ Յիսուս կ՛ըսէր․ «Այս ժողովուրդը զիս շրթունքներով կը պատուէ, սակայն անոր սիրտը հեռու է ինձմէ» (Մատթ․ ԺԵ,8)

Իրենք զիրենք քրիստոնեայ կը հռչակեն, սակայն օրուան մէջ պահիկ մը իսկ չեն յատկացներ Աստուծոյ զինք փառաբանելու եւ մտերմաբար հետը խօսակցելու համար։ Իրենք զիրենք քրիստոնեայ կը հռչակեն , սակայն իրենց ծարաւը չեն յագեցներ ճշմարիտ կեանքի աղբիւրէն, Ս․ Գիրքէն, Տիրոջ կենարար խօսքէն։ Ճիգ չեն թափեր ճանչնալու Աստուծոյ կամքը, խաղաղութիւն եւ ուրախութիւն մտքին եւ հոգիին ընծայողը, հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ լիութեամբ։ Անոնք կը շփոթեն ճշմարիտ, արդար եւ յաւիտենական Աստուածը հեթանոս չաստուածներու հետ։ Իրենք զիրենք քրիստոնեայ կը հռչակեն, սակայն կլանուած ու ընկճուած են օրուան հոգերով ու կեանքի սրտմաշուքերով։ Հեթանոսներուն նման կը յուսան հեռաւոր թէեւ ամենահզօր Աստուծոյ մը, որ կարող է պտղաբերել նիւթական հարստութիւնները, բժշկել հիւանդութիւնները, պաշտպանելˋ չարէն, ապահովել հանգստաւէտ եւ բարօք կեանք մը, միշտ հնազանդելով մարդուն քմահաճոյքին եւ հրամանին։

Յոյսը դնել Աստուծոյ վրայˋ կը նշանակէ գտնել հոգիի գոհունակութիւնը, անդորրութիւնն ու բարելաւումը, զի Տէրն է միակ աղբիւրը յոյսին։ Հաւատոյ հանգանակին մէջ, կը նկատենք որ յոյսը ներգործութիւն մըն է, որ տեսանելի աշխարհէն կը բարձրացնէ մեզ դէպի անտեսանելի աշխարհը դէպի յարութիւնը եւ յաւիտենական կեանքը․ «Ի յարութիւն մեռելոց եւ ի կեանսն յաւիտենականս»։

Քրիստոնէական Յոյսը անբաժան է Սիրոյ առաքինութենէն, որ կը հրաւիրէ մեզˋ հետեւիլ աստուածային իմաստութեան կանչին, այսինքն հրաժարիլ մեր «Ես»էն, մեր անձնասիրութենէն եւ ապրիլ խոնարհ, անկեղծ, անձնուէր եւ ճշմարտապէս եղբայրասէր։ Առանց իսկական սիրոյն, անհուն եւ անխառն կերպով արտայայտուած, Յիսուս Քրիստոսի մէջ, ոչ հաւատքը եւ ոչ յոյսը կրնան գոյութիւն ունենալ։

Անձ մը, որ կ՛ապրի միմիայն ինքնիրեն համար եւ միայն կ՛օգտուի ուրիշներէն, տխուր անձ մըն է եւ դժկամակ։ Երբ անշահախնդիր կերպով եւ սրտաբաց  կը մօտենանք ուրիշներուն մեր եղբայրներուն եւ մանաւանդ տկարներուն ու կարօտեալներուն հանդէպ, այն ատեն կ՛աճի մեր մէջ′ յոյսն ու հաւատքը, որոնք մեզ կ՛առաջնորդեն յաւիտենական Կեանքին։ Որքան արծարծենք մեր մէջ սէրը, այնքան Յոյսը կ՛աւելնայ ու անսասան կը մնայ Աստուծոյ հանդէպ որ երբեք մեզ յուսախաբ չի թողուր։

Հայր Գէորգ Եպիկոպոս Ասատուրեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/01/2020, 09:25