Որոնել

Աղթամարի եկեղեցին Աղթամարի եկեղեցին 

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ:

Աստուած Երե՞ս Դարձուցած Է Աշխարհէն

 Վերջին տասնամեակին համայն քրիստոնեայ աշխարհը մեր մարդասէր Փրկչին եւ Աստուծոյ՝ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը լիարժէք ուրախութեամբ չի՛ յաջողիր տօնել:

Ունկնդրէ լուրը

Ճիշդ է, եկեղեցիները կը լեցուին հաւատացեալներով, ժամ ու պատարագ կը կատարուի հոգեպարար ծիսակատարութեամբ, մեր ընտանիքներուն մէջ կը զարդարուի Ամանորի տօնածառն, ու անոր ներքեւ կը յարդարուի խոնարհ Արքային մսուրը: Սակայն անորոշութեան վախով պատուած է շատերուն սիրտը, գալիքը դիմակայելու անզօր ըլլալու զգացողութեամբ, իսկ ապագայ ամպամած օրերուն՝ կեանքի վազքուղիէն թռիչք չկարենալ առնելու կասկածանքի մտորումներով:

Պատերազմներու ու սպանութեանց լուրեր, կրօններու միջեւ թշնամութիւն սերմանալու եւ արմատականութիւնը խառնակութեամբ ողջունելու եւ հաստատելու գրգիռներ: Քաղաքական, բարոյական անկումէն անդին նաեւ երեւան կու գայ վարակիչ հիւանդութիւններու շղթայազերծման ու ամբողջ աշխարհի մէջ անոնց անհակակշռելիութեան սարսափազդու մտավախութիւնները: Ահաբեկչութեան ուրուականին աննահանջ շրջագայութիւնը ամէնուրեք՝ դանակով, զէնքով կամ ականահարումով երկրէ երկիր, քաղաքէ քաղաք, ցամաքամասէ ցամաքամաս:  Միասեռականութեան օրինականացման եւ համասեռներու պաշտօնական ամուսնութեանց քաղաքային կանոններու որդեգրման խստաբարոյ պահանջքներ: Մեծ եւ փոքր հաստատութիւններու մէջ եւ ընդհանրապէս հաւաքական կեանքին մէջ կաշառակերութեան ժահրին ընդյատակեայ կամ անտեսանելի տարածման նախաձեռնութիւններ: Զանազան երկիրներու կառավարութիւններու կազմերուն մէջ փտածութեան երեւոյթին բացայայտման հետեւանքով ժողովրդային անդադրում բողոքարկումներ, պետական անձեռնմխելիութիւն ունեցող անձերու հրապարակային վանկատուած հայհոյանքներով վարկաբեկումներ եւ անոնց ուղղուած անյապաղ հրաժարման անհանգիստ հետապնդումներ…

Կարիք չկայ այս ցուցակը երկարելու, որովհետեւ այս մոլորակին վրայ ապրող իւրաքանչիւր անձ կրնայ զայն անթերի համալրել իր սեփական գիտութեամբ կամ նոյնիսկ հաստատել զայն՝ իր ականատեսի թանկարժէք վկայութիւններով: Սակայն միակ կամ արդար հարցադրումը, որ մարդու միտքին մէջ ինքնակամ կը յառաջանայ, այն է՝ որ արդեօք Աստուած երես դարձուցա՞ծ է աշխարհէն… Այլապէս ինչո՞ւ այսքան այլանդակ վերաբերում մարդկութեան ընկերութեան մէջ իրարու նկատմամբ, ըլլան անոնք հարուստ երկիրներու քաղաքացիներ կամ աղքատութեան տիղմին մէջ տապլտկող թշուառականներ, կամ ըլլան անոնք կատարելագործուած զինուժի հնարաւորութիւն ունեցող պետութիւններ եւ կամ՝ գերտէրութիւններու զինուորական հրամանատարութեան ենթակայ խեղճ պետութիւններ:

Ջրհեղեղի համամարդկային պատմութիւնը, որ Աստուածաշունչի առաջին էջերուն մէջ յիշուած ըլլալէ բացի այլ կրօններու մէջ եւս յիշատակուած դէպք է, ցոյց կու տայ Աստուծոյ գութը, խնայեց մէկ գերդաստան՝ Նոյի սերունդը (Հմմտ Ծն 7.1), նախապէս զգուշացնելով զայն, որպէսզի տապան շինելով անոր մէջ ապաստանի մինչեւ ջրհեղեղին աւարտը (Հմմտ. Ծն 8.1-4): Ուրեմն, Աստուած ամբողջութեամբ երես չդարձուց մարդ էակէն, այլ պատժեց անոնց, որոնք արժանի՛ էին այդ պատիժին: Աւելին, Ան այնքան սիրեց մարդը, որ իր ծիածանը ցոյց տուաւ երկինքին վրայ եւ ուխտեց անգամ մըն ալ չկրկնել ջրհեղեղին պատուհասը (Հմմտ Ծն 9.11-13):

Աստուածային այս ուխտն էր պատճառը, որ հետագային եւս, մարդու չարանալուն ի տես, Ան իր միածինը ուղարկեց, որպէսզի փոխանակ կորսնցնելու՝ փրկէ մարդը: Ահա թէ ինչո՛ւ ծնաւ Յիսուս Բեթղեհէմի մէջ: Աստուածաբան աւետարանիչը՝ Յովհաննէս կ՛ըսէ. «Աստուած այնքան սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ իր միածին Որդին տուաւ, որպէսզի անոր հաւատացողը չկորսուի այլ յաւիտենական կեանք ունենայ» (Յհ 3.16):

Միածին Նորածինը ի՞նչ կատարեց այս կեանքին մէջ. Ան «նոր տապան» մը շինեց՝ եկեղեցին, ուր մտնողը պիտի փրկուի մեղքի «ջրհեղեղ»էն՝ յաւիտենական կորուստէն: Ինչքա՜ն խորհրդալից եւ խորհրդանշական է, որ Յիսուս իր աշակերտները ձկնորսներու խաւէն ընտրեց, որոնք Տիբերական լճակի ջուրերուն վրայ էին առօրեայ դրութեամբ: Վարդապետը անոնց ըսաւ, որ մարդոց ձկնորսներ պիտի ընէ զիրենք, որպէսզի մեղաւորները «որսան» Աստուծոյ արքայութեան համար (Հմմտ. Մտ 4.19): Ուրեմն, Աստուած երես չդարձո՛ւց աշխարհէն: Մեղանչական մարդուն նկատմամբ ծո՜վ համբերութեամբ եւ զայն մեղքի ծովէն փրկելու նպատակով ուղարկեց իր միածին Որդին, որ գալով մարմնացաւ Սուրբ Կոյս Մարիամէն:

Նոյ եւ Յիսուս տապաններ շինեցին. մէկը նիւթեղէն, միւսը՝ հոգեղէն, որովհետեւ եկեղեցին քարաշէն կամ նիւթեղէն կառոյց ըլլալէ շատ աւելի բարձր կառոյց մը ունի, որ Քրիստոսի մարմինն է: Եկեղեցին Քրիստոսի մարմինն իսկ է: Ուրեմն, Նոյի եւ Քրիստոսի շինած տապանները իրարմէ շատ տարբերութիւն ունէին, սակայն փրկութեան խորհուրդով կը նոյնանան անոնք: Նոյը ի՛նք մտաւ այդ տապանին մէջ փրկուելու համար, սակայն Քրիստոս կարիք չունէր տապան մտնելու, Ինք փրկութիւնն իսկ էր…

Վերջապէս, դարձեալ կը կրկնենք ու կրկնենք. Աստուած երես չէ՛ դարձուցած այս աշխարհէն եւ մարդ էակէն: Սակայն ինչո՞ւ մեղքը կը շարունակէ ինքնածին աճիլ մարդոց հոգիներուն մէջ կամ ինչո՞ւ չեն հարթուիր ոխի ու ատելութեան, թշնամանքի եւ հակառակութեան խնդիրները:

Պատասխանը մէկին է. որովհետեւ մե՛նք երես դարձուցած ենք Աստուծոյ, մեր հաւատքի թուլութեամբ, սրբութիւնները ոտնակոխ դարձնելով, առաքինութիւնները ծաղրելով եւ տեղ չթողելով Սուրբ Հոգիին մեր խստասրտութեամբ, որ իր ներգործութեամբ վերանորոգէ այս աշխարհը «նոր երկինք ու նոր երկիր» ստեղծելու համար (Հմմտ Յյտ 21.5):

Այս տարի երբ նայինք մսուրին մէջ պառկած աստուածային մանուկին, Անոր աչքերուն մէջ արցունք պիտի տեսնենք: Ան կու լայ ո՛չ թէ մանկական սովորական լացով, այլ կու լայ մեր անզիղջ սրտի խստութեան համար: Ան կու լայ՝ իր աղի արցունքով փափկացնելու համար մեր կարծրացած հոգին, յիշեցնելով որ Խաչի վրայ հեղած իր արիւնը պատրաստ է փրկագին տալու մեր մեղանչական անձերուն փոխարէն:

Տագնապալի այս աշխարհին մէջ թող մսուրի խաղաղ անկիւնին գոյութիւնը մեզի համար մխիթարական ըլլայ, որպէսզի օգտագործենք առիթը ու մտնենք այնտեղ, հանդիպինք իրարու, նայինք մէկզմէկու աչքերուն եւ հարազատի զգացումներով ողջունենք զիրար:

ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/01/2020, 08:00