Որոնել

Կրօնական Խորհրդանիշ Կրօնական Խորհրդանիշ 

Մօտիկ ապագային եկեղեցին պիտի ունենայ նոր երանելիներ:

Ֆրանչիսկոս Պապ արտօնութիւն տուաւ հրապարակելու սուրբերու դատի նոր երանելիներու հայող հրամանագիրերը:

Հինգշաբթի, 23 յունուարին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչ, Կարդինալ Անճելօ Պեչչուն: Հանդիպումի ընթացքին Սրբազան Հայրը ծիրանաւորին արտօնութիւն տուաւ հրապարակելու Սուրբերու դատի ժողովի հետեւեալ երանելիներուն  հայող հրամանագիրերը:

Ունկնդրէ լուրը

Մօտիկ ապագային երանելիներու շարքին պիտի դասուին Աստուծոյ ծառաներ՝  Պենետեթթօ Տի Տանթա Քոլոմա Տէր Կրամէնեէ ու անոր  Քափուչիններուն փոքրիկ եղբայրներ միաբանութեան պատկան երկու ընկերները:  Յիշեալ Աստուծոյ ծառաները իրենց դաւանած քրիստոնէական հաւատքին համար ատելութեամբ սպաննուած են Սպանիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմին  ընթացքին,  պատահած  1936 թուականին 24 յուլիս, 30 օգոստոս, երկարող օրերուն:

Երանելի պիտի հռչակուին նաեւ Աստուծոյ ծառաներ,  Ճուցեփփէ Մարիա Քրապ Չիրերա ու անոր երկու Յիսուսի սուրբ սիրտ միաբանութեան պատկան եղբայրներն  ու 7 աշխարհական ընկերները, որոնք ատելութեամբ սպաննուեցան իրենց դաւանած հաւատքին համար՝ Կութեամալյին մէջ  1980- 1991 տարիներուն:

Ֆրանչիսկոս Պապ, սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչին արտօնութիւն տուաւ նաեւ հրապարակելու հետեւեալ Աստուծոյ ծառաներու , աղախիններու երանելիներու  հայող հրամանագիրերը:

Աստուծոյ ծառայ Ճովաննի Թաւելի, Աստուծոյ ծառայ Ճովաքինօ Մասմիթճա Ի Փուկի, Աստուծոյ ծառայ Անթոնիօ Փլանքարդդէ Ի Լապաստթիտա, Աստուծոյ ծառայ Փիօ Կուրուչակա Կասթուարենսէ, Աստուծոյ ծառայ Մարտի Տա Լաւոր, Աստուծոյ աղախին Մարիա Տէր Մոնթէ Քարմելօ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/01/2020, 12:41