«Open Doors» կազմակերպութեան, 2020 թուականի զեկոյցը. «աշխարհի 8 քրիստոնեաներէն մէկը խտրականութեան ենթարկուած է »:
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
«Open Doors» միջազգային կազմակերպութիւնը ներկայացուցած է 2018-2019 թուականներուն, աշխարհի մէջ իրենց դաւանած կրօնքի պատճառաւ հալածուած մարդոց մասին զեկոյցը:
Զեկոյցին մէջ նշուած է, որ աշխարի 8 քրիստոնեաներէն մէկը ենթարկուած է հալածանքներու: 2018 թուականին համեմատութեամբ, 2019 թուականին, աշխարհին հալածուած քրիստոնեաներուն թիւը աճած է հասնելով 15 միլիոնի:
Մինչ՝ աշխարհի մէջ սպաննուած քրիստոնեաներուն թիւը նուազած է: Նիճերիան նկատուած է ամենէն վտանգաւոր երկիրը՝ Պոքօ հարամ մահմետական ծայրայեղական խմբաւորումի կողմէ գործադրուած ահաբեկչական արարքներուն հետեւանքով:
Վտանգաւոր երկիրներուն շարքին երկրորդ տեղ գրաւած է Կեդրոնական Ափրիկէն, ապա երրորդ շարքին Սրի Լանքան ուր՝ 2019 թուականին Սուրբ Զատիկին տօնին օրը սպաննուած են աւելի քան 200 անձեր:
Զեկոյցին համաձայն աշխարհի աւելի քան 73 երկիրներուն մէջ բարձրացած է քրիստոնեաներուն դէմ հալածանքի մակարդակը: Ասոնց շարքին, 11 երկիրներ նկատուած են ծայրայեղ վտանգաւոր՝ քրիստոնեաներուն դէմ հալածանքներու հետեւանքով:
18 տարիէ անընդմէջ առաջին տեղ կը գրաւէ Հիւսիային Քորէան, ուր աւելի քան 70 հազար քրիստոնեաներ կալանքի տակ կը գտնուին իրենց քրիստոնէական հաւատքի պատճառաւ: Հիւսիսային Քորէային կը յաջորդեն Աֆկանիտանը, Սոմալիան, Լիպիան ապա Փաքիտանը, ուր տակաւին ի զօրու է կրօնքի դէմ հայհոյութեան օրէնքը:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ