Որոնել

Ճրագալոյց Յայտնութեան Յիսուսի Քրիստոսի. Ճրագալոյց Յայտնութեան Յիսուսի Քրիստոսի. 

Կիրակի 5 Յունուար 2020 - Ճրագալոյց Յայտնութեան Յիսուսի Քրիստոսի.

Եւ դու ես վէմ եւ ի վերայ այդր վիմի շինեցից զեկեղեցի իմ (Մատթ 16, 13-19)
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Այսօր համայն աշխարհի եկեղեցիները կը տօնեն Յիսուսի Յայտնութեան ճրագալոյցի տօնը: Կը վառենք մեր ճրագները, ընդունելու մեր սրտերուն մէջ այն լոյսը որ կու գայ աշխարհ լուսաւորելու համար համայն աշխարհի մարդկութիւնը իր աստուածային ազդեցութեամբը:

Հայաստանեայց Եկեղեցին կը դասէ յայտնութեան այս տօնը որպէս 5 գլխաւոր տաղաւարներէն մին, որոնք կը լուսաւորեն համայն մեր ծիսական տարին իրենց խորհրդաւոր եւ խորհրդալից լոյսովը: Վառած մոմերը զորս կը բռնենք մեր ձեռքերուն մհջ, թող ըլլան խորհրդանիշը մեր սրտին մէջը վառած լոյսերուն:

Այսօրուայ սուրբ աւետարանը մեզ կը տանի դէպի Փիլիպպեան Կեսարիա, ուր Քրիստոս, պահ մը դադար առնելով իր աշակերտներուն հետ, առիթէն կ'օգտուի հարցնելու համար իրենց որ այսքան ժամանակէ ի վեր կը հետեւին իրեն, թէ ըստ իրենց կարծիքին ո'վ է ինք:

Առաքեալները, անակնկալի եկած այս անսպասուած հարցումին առջեւ, կը շուարին եւ զանազան պատասխաններ կու տան, բայց Պետրոս կը կեցնէ զիրենք եւ կը բացագանչէ. «Դուն ես Յիսուս Քրիստոսը, կենդանի Աստուծոյ որդին:» Եւ Յիսուս, խօսքը իրեն ուղղելով կ'ըսէ. «Դուն ես վէմը, հիմնաքարը,  որուն վրայ պիտի շինեմ իմ սուրբ եկեղեցիս:» Այդ օրէն սկսեալ Պետրոս կը դառնայ առաքեալներու պետը, այն որ դարերու ընթացքին յանձն պիտի առնէ պաշտօնը կառավարելու իր հիմնած եկեղեցին:

Իսկ Պետրոսի յաջորդները, նովին բանիւ, պիտի կառավարեն եկեղեցին մինչեւ աշխարհիս կատարածը: Բոլոր աշխարհի կաթողիկէները, ինչ ազգի ալ պատկանին, կը կազմեն մէկ եկեղեցի եւ ունին մէկ պետ, Հռոմի սրբազան քահանայապետը, որ կը կառավարէ հաստատուն կերպով այս եկեղեցին:

Չեն կարող գոյութիւն ունենալ ազատ անկախ եկեղեցիներ, որովհետեւ եկեղեցին պետութիւն մը չէ եւ չունի պետութեան մը օրէնքներն ու ներքին սարքաւորումները, այլ հոգեւոր իշխանութիւն մըն է, որ կը հետեւի հոգեւոր ու բարոյական սկզբունքներու եւ օրէնքներու, որոնք կը հաստատուին մէկ օրէնսգետի մը կողմէ եւ կը հետեւին մէկ իշխանութեան միայն, որ է Քրիստոսի  կողմէն հաստատուած Աթոռը, Պետրոս առաքեալի եւ իր յաջորդներուն սրբազան Աթոռը:

Սիրելի հայ եւ կաթողիկէ հաւատացեալ, հարկ է որ այս կապը ընդմէջ քու տեղական եկեղեցւոյդ եւ Հռոմի կաթողիկէ, ընդհանրական եւ առաքելական եկեղեցւոյն միշտ հաստատուն մնայ եւ անսասան. շնորհքն ու պատիւը ունինք մաս կազմելու այս սուրբ Եկեղեցւոյն, ուստի մեր բոլոր ջանքը թափենք միշտ հաւատարիմ մնալու Քրիստոսի այս միակ սուրբ եկեղեցւոյն եւ անոր պաշտպանութեան ներքեւ, դէպի յառաջ ընթանանք:

Այսօր մեր Եկեղեցին սովորութիւն ունի, սուրբ պատարագէն ետք' կատարելու հայրապետական մաղթանք Սրբազան Պապին եւ մեր Կաթողիկոսին համար: Այս մաղթանքը, որ կը կատարուի տարուան մէջ երեք անգամ, մեզ կը հրաւիրէ յարգելու բոլոր մեր հոգեւոր պետերն ու առաջնորդները, եւ յատուկ կերպով աղօթելու անոնց համար, որպէսզի կարենան կառավարել ու առաջնորդել իրենց յանձնուած հօտը, զայն պաշտպանելով եւ պայքարելով բոլոր երեւելի եւ աներեւոյթ թշնամիներուն դէմ. Ամէն:

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/01/2020, 10:04