Որոնել

Պապական Նուիրակը Այցելեց Հանրապետութեան Միւֆթիին Պապական Նուիրակը Այցելեց Հանրապետութեան Միւֆթիին 

Պապական Նուիրակը այցելեց հանրապետութեան Միւֆթիին

Պապական նուիրակը հանրապետութեան միւֆթիին յանձնեց խաղաղութեան մասին Ֆրանչիսկոս Բ. պապին նամակը:

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան, հինգշաբթի, 9 յունուարին,  Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Ժոզեֆ Սփիթերին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Պապական նուիրակը հանրապետութեան միւֆթիին յանձնեց խաղաղութեան մասին Ֆրանչիսկոս Բ. պապին նամակը, որուն մէջ ան կը նշէ միացեալ վախերը թօթափելու կարեւորութիւնը` երկխօսութեան եւ իրարու զօրակցութեան ընդմէջէն խաղաղութիւն կերտել կարենալու համար:

Ունկնդրէ լուրը

Սփիթերի յայտնեց, որ այս նամակը Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն համար գեղեցիկ եւ կարեւոր պատգամ մըն է` աւելցնելով, որ իրենք կ՛աղօթեն Լիբանանի համար, որպէսզի ան կարենայ դիմագրաւել իր տագնապն ու դժուարութիւնները:

Իր կարգին, միւֆթի Տըրիան կոչ ուղղեց լիբանանցի պատասխանատուներուն արագ եւ փրկարար լուծում մը գտնելու` երկրին քաղաքական, տնտեսական եւ ապրուստին վերաբերող տագնապը լուծելու նպատակով:

Ան հաստատեց, որ Լիբանան այսօր կը դիմագրաւէ դժուար եւ զգայուն կացութիւն մը, որ կարիքը ունի տագնապի արագ լուծման եւ արագ ու յանդուգն որոշումներու կայացումին` երկրին եւ քաղաքացիներուն շահերը ապահովելու նպատակով:

Միւֆթի Տըրիան եւ գերապայծառ Սփիթերի ընդգծեցին, որ իրենք կարիքը ունին միասնաբար աղօթելու, որպէսզի Լիբանան կարենայ շրջանցել իր տագնապը: Անոնք մաղթեցին, որ 2020-ը ըլլայ տագնապներու լուծման տարի մը:

Պապական նուիրակը այցելեց նաեւ տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասանի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Գերապայծառ Սփիթերի շէյխ Հասանին յանձնեց խաղաղութեան մասին Ֆրանչիսկոս Բ. պապին նամակը, որուն մէջ բացատրուած են խաղաղութեան յղացքին մասին պապին տեսակէտները:

Շէյխ Հասան շնորհակալութիւն յայտնեց պապին անոր յղած պատգամին համար եւ բարձր գնահատեց զայն` յատկապէս Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ եւ ամէն իմաստով զգայուն կացութեան ընթացքին:

Շէյխ Հասան մաղթեց, որ ամբողջ մարդկութիւնը կառչած մնայ սիրոյ եւ խաղաղութեան արժէքներուն, ինչպէս նաեւ իսկական եղբայրութեան, որ հիմնուած է երկխօսութեան եւ փոխադարձ վստահութեան վրայ` հեռու ամէն տեսակի բաժանումէ, խտրութենէ եւ բռնարարքներու ծրագրումէ:

Քաղուած Ազդակէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/01/2020, 08:41