Որոնել

նորընտիր Պատրիարք Սահակ Արքեպիսկոպոս Մաշալեան նորընտիր Պատրիարք Սահակ Արքեպիսկոպոս Մաշալեան 

Կայացաւ նորընտիր Պատրիարք Սահակ Արքեպիսկոպոս Մաշալեանի անդրանիկ պատարագը:

Նախօրէին, աթոռանիստ եկեղեցին կրկին մարդաշատ էր Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի գահակալման արարողութեան առիթով:

Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի մայր եկեղեցւոյ մէջ, Յունուար 12-ին, կայացաւ նորընտիր պատրիարք Սահակ արքեպիսկոպոս Մաշալեանի անդրանիկ պատարագը: Ըստ 1in.am-ի՝ իր առաջին պատգամով պատրիարքը տուաւ Սուրբ ծննդեան աւետիսը՝ երախտագիտութիւն յայտնելով ներկաներուն այս յիշարժան օրը իր հետ կիսելու համար:

Ունկնդրէ լուրը

Հարիւրաւոր հաւատացեալներ ողջունեցին պատրիարքը՝ ստանալով անոր հայրական օրհնութիւնը: Պատարագի ժամանակ Պոլսոյ Սահակ Երկրորդ պատրիարքի անունը առաջին անգամ յիշատակուեցաւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի, Մեծի Տան Կիլիկիոյ կաթողիկոսի եւ Երուսաղէմի պատրիարքի անուններուն հետ միասին: Նախօրէին, աթոռանիստ եկեղեցին կրկին մարդաշատ էր Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի գահակալման արարողութեան առիթով:

Հանդիսութեան ներկայ էին Հայ առաքելական եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներու ներկայացուցիչները, կաթոլիկ եւ հայ կաթոլիկ համայնքներու առաջնորդները, Յունաց պատրիարքը, հրէական համայնքի կրօնապետը, ասորական կաթոլիկ եւ ուղղափառ եկեղեցիներու հովուապետերը, Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութեան եւ Պոլսոյ նահանգապետարանի ներկայացուցիչներ, օտարերկրեայ դիւանագէտներ, հիւրեր:

Մաշալեան սրբազանը՝ թափօրի ուղեկցութեամբ՝ հանդիսաւոր կերպով մտաւ մայր եկեղեցի: Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ անոր երդման արարողութիւնը եւ ասայի՝ պատրիարքական գաւազանի յանձնումը: Գահակալման հանդիսութեան ժամանակ կաթողիկոսական կոնդակով Սահակ Մաշալեանին շնորհուեցաւ արքեպիսկոպոսի աստիճան: Գահակալման արարողութենէն ետք՝ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն, ներկաները շնորհաւորեցին ու յաջողութիւն մաղթեցին պատրիարքին իր ծառայութեան մէջ: Սահակ Երկրորդ պատրիարքը ներկաներուն յուշադրամներ բաժնեց:

Յիշեցնենք, որ 12 տարուան սպասումէ ետք՝ Դեկտեմբեր 11-ին, Սահակ Մաշալեան հոգեւոր ու աշխարհական պատուիրակներով կազմուած Ազգային պատգամաւորական ժողովին կողմէ ընտրուած էր Պոլսոյ Հայոց 85-րդ պատրիարք:

Քաղուած Եռագոյնէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/01/2020, 08:52