Որոնել

Սուրբ Երկիր ուխտագնացութիւն Սուրբ Երկիր ուխտագնացութիւն 

Սուրբ Երկրի համակարգում եպիսկոպոսներու յայտարարութիւնը։

Սուրբ Երկիր համակարգում եպիսկոպոսներու խումբը բոլոր հաւատացեալները կը հրաւիրէ աղօթելու այդ առաքելութեան համար ու թիկունք կանգնելու անոր, խրախուսելով նաեւ աւելացնելու դէպի Սուրբ Երկիր ուխտագնացութիւնները։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի, Հարաւային Ափրիկէի, Անգլիոյ, Սքովտիոյ, Իռլանդայի եւ Եւրոպական այլ երկիրներու եպիսկոպոսաց համահաւաք դասերուն մաս կազմող «Սուրբ Երկիր Համակարգում» եպիսկոպոսներու խումբը՝ 16 Յունուարին աւարտեց Սուրբ Երկիր կատարած քրիստոնեաներուն ի նպաստ զօրակցական ուխտագնացութիւնը, որ սկիզբ առած էր անցեալ 11 Յունուարին որպէս հանգրուան ունենալով Կազան, Ռամալլան եւ Երուսաղէմը:

Ունկնդրէ լուրը

Իրենց այս ուխտագնացութեան աւարտին հրապարակած մէկ յայտարարութեան մէջ Եպիսկոպոսները՝ հիմնուելով Սուրբ Աթոռի ցուցմունքներու վրայ, խնդրանք ներկայացուցած են Ճանչնալու Պաղեստինի Պետութիւնը ու յարգելու Իսրայէլի անվտանգութիւնը ու բոլորին ապահով միջավայրի մէջ ապրելու իրաւունքը։

Անոնք խրախուսած են կառավարիչները սատարելու Սուրբ Երկիրն մէջ «քաղաքական նոր լուծում մը ստեղծել՝ հիմնուած մարդու իրաւունքներուն վրայ»։

Սուրբ Երկիր համակարգումի եպիսկոպոսները կ՛ընդգծեն որ Սուրբ Երկրի մէջ կեանքի պայմանները միշտ աւելիով կը վատթարանան, յատկապէս անդրյորդանանի տարածքին մէջ, ուր ժխտուած են հիմնական իրաւունքները, որոնց շարքին նաեւ շրջելու իրաւունքը, մինչ Կազայի մէջ ստեղծուած է բացօթեայ բանտ մը, ուր աճ կ՛արձանագրէ նաեւ մարդասիրական  տագնապ մը։

Սուրբ Երկրի համակարգում եպիսկոպոսներու խումբը բոլոր հաւատացեալները կը հրաւիրէ աղօթելու այդ առաքելութեան համար ու թիկունք կանգնելու անոր, խրախուսելով նաեւ աւելացնելու դէպի Սուրբ Երկիր ուխտագնացութիւնները։ Եպիսկոպոսները հուսկ մաղթանք կը յայտնեն որ միջազգային հասարակութիւնը իր զօրակցութիւնը արտայայտէ բոլոր այն իսրայէլացիներուն ու պաղեստինցիներուն որոնք չեն ուզէր հրաժարիլ առադրութեան, խաղաղութեան ու մարդկային իրաւունքներուն ի նպաստ տածած խաղաղ պայքարէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/01/2020, 14:19