Որոնել

Ռատիովատիկանի Հայկական բաժանմունքի նոր գրասենեակի օրհնութիւնը։ Ռատիովատիկանի Հայկական բաժանմունքի նոր գրասենեակի օրհնութիւնը։ 

Ռատիովատիկանի Հայկական բաժանմունքի նոր գրասենեակի օրհնութիւնը։

Հայկական բաժանմունքը Վատիկանի հաղորդակցութեան բաժանմունքին բարեկարգումներու ծիրէն, Ձայնասփիւռի յայտագիրներու արտադրումի կեդրոն՝ Պիոս ԺԱ. Պապի անուամբ պալատի առաջին յարկէն փոխադրուեցաւ հինգերորդ յարկ ։

Կիրակի 19 Յունուար 2020-ին, Ռատիովատիկանի Աւետման նուիրուած մատրան մէջ  կայացած եւ ուղղակի եթերով  սփռուած հայածէս Ձայնաւոր Սուրբ Պատարագէն ետք, որ կը սփռուի ամէն ամսուայ Երրորդ Կիրակին առաւօտեան ժամը 10.30-ին, Լեւոնեան Քահանայապետական Վարժարանի Մեծաւոր Գերյ. Նարեկ Ծ. Վ. Նաամոյեան, ներկայութեամբ Վարժարանի ժառանգաւորներուն ու Ռատիովատիկանի Հայկական բաժանմունքի խմբագրական անձնակազմին, օրհնեց  ու բացումը կատարեց Ռատիովատիկանի Հայկական բաժանմունքի  նոր գրասենեակին որ Վատիկանի հաղորդակցութեան բաժանմունքին բարեկարգումներու ծիրէն ներս, Վատիկանի Ձայնասփիւռի յայտագիրներու արտադրումի կեդրոն՝ Պիոս ԺԱ. Հռոմի Պապի անունը կրող պալատի առաջին յարկէն փոխադրուեցաւ հինգերորդ յարկ ։

Ունկնդրէ լուրը

Նշենք որ Վատիկանի ձայնասփիւռը հիմնուած է Ձայնասփիւռի գիւտարար Իտալացի Կուլիէլմօ Մարքոնիի կողմէ եւ կայանին պաշտօնական բացումը կատարած է երջանկայիշատակ Պիոս ԺԱ. Հռոմի Պապը՝ 12 Փետրուար 1931ին։ Իսկ Վատիկանի Ռատիոկայանէն հայերէն լեզուով առաջին հաղորդումը սփռուած է  29 Մայիս 1966-ին։

Յայտնենք նաեւ որ վատիկանի ձայնասփիւռը աշխարհի ամենամեծ Ռատիոկայաններէն մին  է։ Անոր ալիքներու միջոցաւ Հինգ աշխարհամասերու ունկնդիրներուն կը ձայնասփռուին  45 լեզուներով  յայտագիրներ, որոնց շարքին նաեւ հայերէնը։ 

Երջանկայիշատակ Կարդինալ Գրիգոր Պետրոս  Աղաճանեանի ջանքերով ստեղծուած հայկական բաժանմունքը սկզբնական շրջանին ունէր  քառորդ ժամ տեւողութեամբ  շաբաթական 2 հաղորդումներ, որոնք 1968-ին դարձան շաբաթական երեք  հաղորդում, ապա 1975-էն՝ սկսեալ դարձան՝  19 վայրկեան տեւողութեամբ  առօրեայ հաղորդումներ, որոնք կը սփռուին ամէն օր Հռոմի ժամով 17-ին եւ որոնց կարելի է հետեւիլ նաեւ Վատիկան Նիուզի կայքէջի միջոցաւ  «radiovaticana.va» կամ «vaticannews.va/hy.html» հասցէներու վրայ։

Ռատիովատիկանի Աւետման նուիրուած մատրան մէջ  հայածէս Սուրբ Պատարագ
Ռատիովատիկանի Աւետման նուիրուած մատրան մէջ հայածէս Սուրբ Պատարագ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/01/2020, 10:50