Որոնել

Յիսուսի Մկրտութիւնը եւ Յովհաննէս Մկրտիչ Յիսուսի Մկրտութիւնը եւ Յովհաննէս Մկրտիչ 

Յիսուսի Մկրտութիւնը եւ Յովհաննէս Մկրտիչ

Այս օրերուն, երբ կը կատարենք Յիսուսի Մկրտութեան տօնը, աստուածաշնչական ընթերցուածներու մէջ, շարականներու եւ աղօթքներու մէջ բազմիցս կը յիշուի մեծ մարգարէն եւ մկրտիչը՝ Յովհաննէս

Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչը Հայ Եկեղեցւոյ ամենէն սիրուած սուրբերէն մին է։ Այս օրերուն, երբ կը կատարենք Յիսուսի Մկրտութեան տօնը, աստուածաշնչական ընթերցուածներու մէջ, շարականներու եւ աղօթքներու մէջ բազմիցս կը յիշուի մեծ մարգարէն եւ մկրտիչը՝ Յովհաննէս։ Եղիշէ Վարդապետ, խօսելով Յիսուսի մկրտութեան մասին, բաւականին տեղ կը յատկացնէ Յովհաննէս Մկրտիչի կերպարին։ Ան կը գրէ՝ «Հասանք Հրաշափառ ու պայծառ, մեծ եւ լուսաւոր օրուան. մարգարէական այս երգը առնելով՝ բոլոր սրտով եւ կատարեալ հաւատքով աղաղակենք՝ «Մեր Տէր Աստուած բաց մեզի» (Սղամ ՃԺԷ. 27)։ Առաքելական քարոզութիւնը նոյնպէս կը ձայնէ՝ ըսելով՝ «Ահա հիմա է ընդունելի ժամանակը, ահա հիմա է փրկութեան օրը» (Բ. Կոր Զ. 2)։ Քրիսոսի՝ մարմնով երկրորդ եւ վերստին ծնունդն է առաջին անպատմելի, անհաս եւ անքննելի ծնունդէն յետոյ։ Հօրմէ ծնունդը անքննելի է մարդկային մտքի համար, այն ոչ ալ հասու եղաւ անմարմին ու երկնաւոր զօրութիւններուն, այլ միայն՝ Հօր, որ ծնունդ տուաւ Անոր, ծնաւ Միածինը. եւ սուրբ Հոգին, «որ կը քննէ Աստուծոյ խորութիւնները» (Ա. Կոր Բ. 10)։ Երկրորդ ծնունդը եղաւ ժամանակի մէջ. մարմնով առաջ եկաւ Կոյսէն, յայտնուելով երկնաւորներուն ու երկրաւորներուս մասամբ եւ ոչ ամբողջապէս։ Իսկ այս ծնունդը գերագոյն խորհուրդի զօրութիւն է. երեսուն տարեկանին եկաւ մկրտուելու կատարեալ Աստուածութեամբ եւ կատարեալ մարդկութեամբ։ Երեք տասնեակը կատարեալ կը դարձնէ մարդը. երեսնամեայ էր ստեղծուած նաեւ առաջին Ադամը, որ օձէն խաբուելով դուրս ելաւ փափուկ դրախտէն, նոյն կատարեալ տարիքին տնօրինելով՝ երկրորդ Ադամը ջախջախեց վիշապի գլուխը Յորդանանի հոսանքներուն մէջ։ Արդ, սկիզբը Սուրբ Հոգին անկերպարանք կը շրջէր ջուրերու վրայ՝ հօրինելու արարածներու տարրերը, որոնք ոտնակոխ ըրաւ նախանձ թշնամին։ Այստեղ աղաւնակերպ Հոգին վերստին հրաշագործեց ապականած արարածները. Հօր ձայնը սիրելի Միածին Որդիին վրայ ճանչցուց ծածկուած յաւիտենական խորհուրդը՝ յայտնելով Երրորդութեան Անձնաւորութիւնը։ Առաջինին՝ երկիրը ապականեցաւ՝ կործանելով ջրհեղեղով, իսկ այստեղ ջրհեղեղի նոյն ջուրի մկրտութեամբ կենդանացաւ երկիրը՝ ոչ թէ ընկղմելով արարածները բնութեամբ, այլ ընկղմելով մեղաւոր գործերը։ Այնտեղ մարդկային ազգի՝ ջուրի մէջ թաղումը աւերածութիւն գործեց, այստեղ՝ ջուրի մէջ թաղումը նորոգեց եւ հաղորդակից դարձուց կեանքին։ Այնտեղ շիւղաբեր աղաւնին բարկութեան հանդարտումին աւետիսը աւետարանեց, այստեղ աղաւնիի նմանութեամ Սուրբ Հոգին՝ կեանքի առհաւատչեան եւ Աստուածութեան հետ մշտնջենաւոր յարատեւութիւնը աւետարանեց՝ Հօր ձայնով, որ յայտնեց սիրելի Որդիի մասին։ Այսօր ձեռնադրութիւն ընդունեցաւ Կուսածինը՝ ամլորդիէին, ճշմարիտն Աստուած՝ քահանայապետի որդիէն, մեղքերէ Ամենասուրբը՝ իր մօր որովայնին մէջ Սուրբ Հոգիով լեցուածէն։ Մարիամ եւ Եղիսաբէթ ազգակիցներ էին, բայց ոչ տոհմերով, որովհետեւ ինչպէս ցոյց կու տայ օրէնսդիրը, Յուդայի ցեղը չխառնուեցաւ Ղեւիի ցեղապետներուն հետ։

Արդ, Քրիստոս եւ Յովհաննէս շարժեցան մէկ ճանապարհով։ Քրիստոս՝ իբրեւ ծառայ, մարգարէ եւ բարեկամ։ Երկուքով ունեցան մէկ կարապետ՝ Գաբրիէլ հրեշտակապետը։ Բայց Զաքարիա չէ կարելի համեմատել Մարիամի հետ։ Քահանայապետին մօտ ահով եւ իշխանութեամբ առաքուելով՝ Հրեշտակապետը յայտնեց ամուլ արգանդի պտղաբերութեան մասին, եւ երբ ծերը չհաւատաց, կապեց անոր լեզուն (Ղուկ Ա. 11-12)։ Իսկ երբ Մարմիամի Բանի գալստեան աւետիսը տուաւ, եւ Կոյսը չհաւատաց, ըսաւ Սուրբ Հոգիի անոր վրայ գալը եւ այն խոստումը կատարելու կարող ըլլալու մասին՝ յիշեցնելով մարգարէական խօսքը։ Ուստի եւ Մարիամ գնաց Հրէաստանի լեռնակողմը՝ տեսնելու հրեշտակապետը ըսածը՝ Եղիսաբէթի յղութիւնը։ Մարիամի՝ Եղիսաբէթի հետ ազգակցութիւնը իրար հետ համեմատել կը նշանակէր, այսինքն կը համեմատուէին կուսական արգանդի յղութիւնը եւ ամուլի՝ ժամանակը անցածի պտղաբերութիւնը։ Արդ, Մարիամ մտաւ Զաքարիայի տունը՝ իր մէջ ունենալով կենդանի Տապանակը՝ կենդանի Բանը։ Իսկ Եղիսաբէթ, իր մէջ ունենալով Տապանակի՝ կենդանի Բանի ձայնին՝ ողջոյն տուաւ Մարիամին. խայտայց ձայնը Բանի գալստեամբ։ Արգանդէ արգանդ նոր սքանչելիք եղաւ. Եղիսաբէթի մանուկը իր մօր անգանդէն Կոյսի որովայնին մէջ Բնակողին երկրպագութեան պարտքը կը հատուցանէր։ Զարմա՛նք այս հրաշքին. ժամանակի մէկ վայրկեանին մէջ որովայնի մէջ բնակողները կը բացայայտեն ճշմարտութիւնը. մէկը ծառայաբար կը մատուցանէ, Միւսը տիրապէս կʼընդունի խոնարհին խայտանքը։ Ասկէ յետոյ հասաւ Եղիսաբէթի ծնելու օրը, եւ մանուկին անունը դնելէ յետոյ լուծուեցան անոր հօր եւ քահանայապետի լեզուի կապանքները, քանզի արժան չէր, որ ձայնի գալով յետոյ լռեր անոր հայրը։ Հասաւ նաեւ Կոյսի ծննդեան օրը, եւ յաւիտենական Քահանայապետի գալստեամբ, որ անուանուեցաւ Յիսուս, խզուեցան նախահօր կապանքները։

Պատրաստեց Հայր Ներսէս Վրդ Սագայեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/01/2020, 09:20