Որոնել

Նիճերիոյ մէջ քրիստոնեայ հաւատացեալներ Նիճերիոյ մէջ քրիստոնեայ հաւատացեալներ 

Նիճերիացի վարդապետի մը կոչը ՝քրիստոնեաներուն ոչնչացումի վերաբերեալ:

Անցեալ 8 յունուարին նիճերիոյ մէջ անյայտ անձեր առեւանգած են 8 նորընծաներ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Նիճերիացի վարդապետ մը, « Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն» քահանայապետական բարեսիրական կազմակերպութեան միջոցաւ կոչ ըրած է, Նիճերիոյ մէջ քրիստոնեաներու ոչնչացումին վերաբերեալ:

Ունկնդրէ լուրը

«Նիճերիոյ մէջ մենք քրիստոնեաներս ամէն օր հալածանքի եւ մահապատիժի ենթարկուած ենք: Մեր եղբայրները,  ամէն օրէն ճամբաներուն վրայ հալածուած են», ըսած է  Հայր Ժոզէֆ Պաթուր Ֆիտելիսը, քահանայապետական բարեսիրական կազմակերպութեան ուղարկած Նիճերիոյ մէջ քրիստոնեաներու դէմ կատարուած հալածանքներու մասին նկարահանած տեսերիզին մէջ:   

Նիճերիացի վարդապետը  իր ցաւն ու մտահոգութիւնը յայտնած է նիճերիոյ մէջ քրիստոնեաներուն տխուր իրավիճակին գծով , նամանաւանդ, անցեալ 8 յունուարին, անյայտ անձերուն կողմէ առեւանգուած 8 նորընծաներուն համար:

Հայր Ժոզէֆ տեսերիզին մէջ նկատել տուած է, որ Նիճերիոյ մէջ քրիստոնեաներուն դէմ հալածանքները աշխուժացած են, անցեալ 26 դեկտեմբերին, 10 քրիստոնեաներուն դաժան մահապատիժի տեսերիզի տարածումէն ետք, որուն պատասխանատուութիւնը ստանձնած է  Արեւմտեան Ափրիկէի մարզի այսպէս ըսուած  «մահմետական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորումը:

Հայր Ժոզէֆ  կոչ ըրած է, խնդրելով Եւրոպական պետութիւններէն որ ամէն ջանք թափեն Նիրճերիոյ մէջ քրիստոնեաները պաշտպանելու համար: 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/01/2020, 11:40