Որոնել

Թորոնթոյի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցի Թորոնթոյի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցի 

Թորոնթոյի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ “Յիշատակութեան ձօն» հանդիսութիւնը։

Երիտասարդներ հանդէս եկան Կոմիտասի կենսագրական գիծերով, անոր գեղջկական հատընտիրներու երաժշտական մեկնաբանութեամբ

Կիրակի Դեկտեմբեր 1 ին Թորոնթոյի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ “Յիշատակութեան ձօն» հանդիսութիւնը Նուիրուած՝ Կոմիտաս Վարդապետի Ծննդեան 150 ամեակին։

Սուրբ Պատարագի աւարտին գեղարուեստական յայտագրին ընթացքին՝ տաղանդաւոր երիտասարդներ հանդէս եկան Կոմիտասի կենսագրական գիծերով, անոր գեղջկական հատընտիրներու երաժշտական մեկնաբանութեամբ, արտասանութեամբ եւ Եկեղեցւոյս
ԱՅՏԸՆԵԱՆ Դպրաց Դասի կողմէ՝ Կոմիտասեան Պատարագի կարգ մը շարականներու քառաձայն երգեցողութեամբ։

Հոգեւոր Հովիւ Հայր Եղիա Ծ.Վ. Գիրէջեան իր փակման խօսքի ընթացքին բարձր գնահատանքով եւ երախտիքով ողջունեց ձեռնարկին կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներն ու յայտագրին մասնակցողները որմէ ետք՝ հանդիսութիւնը փակուեցաւ ներկայ հաւատացեալներու Տէրունական ՀԱՅՐ ՄԵՐ ով եւ եզրափակիչ Պահպանիչով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/12/2019, 12:22