Որոնել

Տիրամօր նուիրուած Հայկական եկեղեցին: Տիրամօր նուիրուած Հայկական եկեղեցին: 

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ:

Մարդուն կապը ժամանակին հետ…

Ժամանակին հետ մարդուն կապը շատ անմիջական է, այնքան ատեն, որ այս կեանքին մէջ կը գտնուի մարդը: Մարդը գիտէ մանաւանդ ժամանակը իրեն ենթարկելու կերպը, ինչքան ալ ժամանակը փորձէ փախչիլ ու հեռանալ իրմէ: Ուրիշ խօսքով, մարդը ժամանակ «ստեղծող» էակ մըն է…:

Ունկնդրէ լուրը

Այս առումով, մարդը, ուրիշին յատկացնելիք իր ժամանակին վրայ իշխող բանական գոյութիւն մըն է: Ժամանակը իր սեփականութիւնը նկատելով, մարդը զայն իրաւունքի կը վերածէ: «Իմ ժամանակս չեմ տար», «ժամանակս չեմ ուզեր զոհել», «վայրկեաններս յարգի են», այս եւ նման արտայայտութիւններ ամենայն հպարտութեամբ կ’արտասանեն մարդիկ, միշտ իրենցը նկատելով ժամանակը:

Միշտ սպասում մը կապուած կը մնայ ժամանակի ըմբռնումին: Սպասում՝ մինչեւ որ «հասնի» ժամանակը: Ժամանակի այս գերզգայուն զգայարանը, զոր ունի մարդ էակը, տիեզերքի մէջ բացառիկ երեւոյթ մըն է: Կենդանին միա՛յն բնազդօրէն կը հետեւի իր որսին եւ յարմար ժամանակին կը յարձակի զայն տապալելու, կամ ճիշդ վայրկեանին կը մեկնէ իր թաթը, զայն որսալու երկվայրկեաններն իսկ հաշուի առած ըլլալով: Սակայն մարդը՝ գիտակից իր արարքներուն, գիտէ ժամանակին հետ վարուիլ, սեփական հաշիւներու հիման վրայ:

Ժողովուրդի Գիրքին իմաստուն հեղինակը ամէն ինչի ժամանակ կը ճշդէ, այսինքն կը խրատէ զինք լսողները, ըսելով՝ ամէն ինչ իր ժամանակը ունի: Մինչեւ Աստուածաշունչի ժամանակները երթալու պէտք չունինք, տեսնելու այնպիսի անձեր, որոնք հազիւ չափահասութեան տարիք թեւակոխած, տեսլապաշտ ոգիով, գաղափարապաշտ մօտեցումով շուտով տէր կ’ուզեն դառնալ այն բոլորին, զորս ուրիշներ տարիներու տքնաջան աշխատանքով շահած են: Մրցակցութեան ոգին դրական կը նկատուի յաճախ, այնքան ատեն, սակայն, որ հիւանդագին նախանձի չ’առաջնորդեր մարդը:

Ամէն ինչ իր ժամանակը ունի: Ասիկա կը նմանի այն տարեց մարդուն խօսքին, որ տեսնելով անչափահասներ, որոնք լայն ոստումներով երկու-երկու կը բարձրանան աստիճանները, խրատելով զանոնք, կ’ըսէ. մէկ-մէկ բարձրացէք, հիմա կ’իյնաք…: Նոյն խրատը ամէն օր կը կարդան նաեւ հսկիչ-ուսուցիչներ, երբ դպրոցի աստիճաններէն վազելով բարձրացող տղոց հանդիպին:

Կեանքը այդ աստիճանին պատկերը կը ներկայացնէ մօտաւորապէս: Մանուկներ ու անգիտակից բարձրացողները այդ աստիճանին վրայ անհամար են: Իսկ շատերուն թաւալգլոր վար իյնալուն եւ կոտրտուքի ձայնը ամէն վայրկեան կը լսես (եթէ ականջ տաս) եւ կը տեսնես (եթէ լաւ նայիս շուրջդ): Ոմանք այդ աստիճանին գլուխը կը սպասեն, հսկելու համար վեր բարձրացողներուն: Սակայն ոչ թէ հսկելու, որ վեր ելլողները չսայթաքին ու չ’իյնան, այլ՝ ընդհակառակը, այնպէս ընելու, որ անոնք չկարենան բարձրանալ անկէ:

Ամէն ինչին ժամանակը կայ, կը կրկնէ Ժողովողի Գիրքին հանճարեղ հեղինակը: Եւ այդ «ամէն ինչը» նկատի կ’ունենայ միշտ դրական ու ժխտական իմաստով: Այսպէս, ան կ’ըսէ. ժամանակ կայ ծնելու, ժամանակ կայ մեռնելու, քանդելու եւ շինելու, լալու եւ խնդալու, ողբալու եւ պարելու, լռելու եւ խօսելու, սիրելու եւ ատելու նաեւ պատերազմի եւ խաղաղութեան (հմմտ. Ժղ. 3.1-8):

Բնականօրէն ամէն մարդ կրնայ եզրակացնել, թէ այս ցուցակը շատ պակասաւոր է. այնտեղ նկատի առնուած են մարդկային զգացական աշխարհին հիմնական տարրերը, որոնք իրենց մէջ կը խտացնեն մարդը: Վերոյիշեալ խրատականին մէջ մարդը զսպանակող դաստիարակչական գերագոյն ուժ մը կայ, որուն գագաթը կը գտնուի սէրը եւ որուն պտուղն է խաղաղութիւնը:

Սակայն հանճարեղ հեղինակը սիրելու եւ ատելու ժամանակ ալ կը ցուցնէ: Սէրը յաւերժական է: Սիրոյ անսահմանութեան արդիւնքը չէ՞ ամբողջ ստեղծագործութիւնը, զոր կատարեց Աստուած: Նոյն սիրոյ արդիւնքը չէ՞ր, որ Միածինը աշխարհ բերաւ: Իսկ եթէ սահմանափակելի ըլլար սիրոյ գաղափարը, վստահաբար այսօրուան աշխարհին շատ մը բարի երեւոյթները պիտի չկարենայինք վայելել: Իսկ մարդը գոյութիւն պիտի ունենա՞ր արդեօք…:

Ամէն ինչ իր ժամանակը ունի, երրորդ անգամ ըլլալով կը հռչակէ Ժողովողի հեղինակը: Ասիկա առիթ մըն է վերատեսութեան ենթարկելու մեր կողմէ հապճեպով փութանակի առնուած շատ մը որոշումներ: Ծրագիրներու վերադասաւորման իմաստով ժամանակի տնտեսումը իմաստուն արարք մըն է: Իսկ ամէն ինչ նոյն ժամանակին կատարելու փորձը՝ սկիզբը ձախորդութեանց: Ամէն ինչ իր ժամանակը ունի, այնպէս չէ՞:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/12/2019, 13:16