Որոնել

Լիբանանի երեք համայնքապետերու հանդիպումը Լիբանանի երեք համայնքապետերու հանդիպումը 

Լիբանանի Հայ Երեք համայնքապետերու հանդիպում

Համայնքապետները շեշտեցին, որ այս դժուարին փուլին լիբանանահայութիւնը հաւաքական ճիգերով պէտք է դիմագրաւէ բազմաբնոյթ մարտահրաւէրները` առարկայական եւ հեռանկարային ծրագիրներով:

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսի հրաւէրով, երկուշաբթի, 2 դեկտեմբեր 2019-ին, Պուրճ Համուտի Ազգային առաջնորդարանին մէջ, հայ երեք համայնքապետներ` Նարեկ արքեպիսկոպոս, Պէյրութի Հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական Գէորգ եպս. Ասատուրեան եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան Կեդրոնական մարմինի ատենապետ վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան հանդիպում մը ունեցան եւ քննարկեցին Լիբանանի աւելի քան միամսեայ ժողովրդային պահանջներուն եւ ընկերային-քաղաքական ու տնտեսական անցուդարձերուն հոլովոյթը եւ անոնց լիբանանահայութեան վրայ գործած ազդեցութիւնը: Անոնք ընդգծեցին, որ Լիբանանի մէջ պարզուած ներկայ կացութիւնը խորացող տագնապի վերածուած է, եւ ժողովրդային ցասումին ի պատասխան` պետութիւնը արագ եւ արմատական լուծումներ պէտք է գտնէ, որպէսզի լիբանանցին արժանապատիւ կեանք ունենայ:

Ունկնդրէ լուրը

Համայնքապետները շեշտեցին, որ այս դժուարին փուլին լիբանանահայութիւնը հաւաքական ճիգերով պէտք է դիմագրաւէ բազմաբնոյթ մարտահրաւէրները` առարկայական եւ հեռանկարային ծրագիրներով:

Հոգեւոր երեք պետերը նաեւ համաձայնեցան հայ առաքելական, կաթողիկէ եւ աւետարանական հոգեւորականներու մասնակցութեամբ Լիբանանի խաղաղութեան համար համատեղ աղօթք կատարել երեքշաբթի, 10 դեկտեմբեր, երեկոյեան ժամը 6.00-ին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ` հաստատելով, որ յառաջիկայ փուլին պիտի իրականացնեն համապատասխան հանդիպումներ` սերտելու միասնական գործակցութեան կարելիութիւնները:

Քաղուած Ազդակէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/12/2019, 08:33