Որոնել

Լիբանանի խաղաղութեան համար հաւաքական աղօթք Լիբանանի խաղաղութեան համար հաւաքական աղօթք 

Լիբանանի Հայ երեք համայնքապետներու գլխաւորութեամբ. Լիբանանի խաղաղութեան համար հաւաքական աղօթք

Հայ առաքելական, կաթողիկէ եւ աւետարանական հոգեւորականներու ու հաւատացեալներու մասնակցութեամբ եւ հայկական կուսակցութիւններու, մշակութային, բարեսիրական, առողջապահական ու մարզական կառոյցներու եւ մեծաթիւ հաւատացեալներու ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ Լիբանանի խաղաղութեան համար աղօթք:

Երեքշաբթի, 10 դեկտեմբեր 2019-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Պուրճ Համուտի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, Լիբանանի հայ երեք համայնքապետներու գլխաւորութեամբ, հայ առաքելական, կաթողիկէ եւ աւետարանական հոգեւորականներու ու հաւատացեալներու մասնակցութեամբ եւ հայկական կուսակցութիւններու, մշակութային, բարեսիրական, առողջապահական ու մարզական կառոյցներու եւ մեծաթիւ հաւատացեալներու ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ Լիբանանի խաղաղութեան համար աղօթք: Ներկայ էին նաեւ զբօսաշրջութեան նախարարի պաշտօնակատար Աւետիս Կիտանեան, հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան եւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան:

Ունկնդրէ լուրը

Խորհրդածութեան ընթացքին Լիբանանի հայոց առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս յայտնեց, որ Արարիչ եւ արարածներ հանդիպման օղակն է Քրիստոսի խաղաղութիւնը, աւելի՛ն` Քրիստոս ինք: Առաջնորդ սրբազանը աւելցուց, որ այս եզակի առանձնաշնորհումը քրիստոնեաներուն միջոցով կը հասնի ամբողջ Լիբանանին, եւ մեզ աշխարհի մէջ ապրողներ դարձնելով հանդերձ,  աշխարհէն եւ աշխարհիկէն վեր կը հանէ իբրեւ խաղաղութեան առաքեալներ` աշխարհի տուած խաղաղութենէն տարբեր խաղաղութիւն մը վայելելու եւ Լիբանանին տանելու:

Նարեկ արքեպիսպոպոս ըսաւ. «Քրիստոսի խաղաղութիւնը ստանալու եւ մեր նմաններուն հետ բաժնեկցելու համար միայն մէ՛կ բան պէտք է ընենք. հեռանալ աշխարհի իշխանէն եւ միանալ երկինքի թագաւորին: Պատրա՞ստ ենք այս հոգեփոխիչ վճռական քայլը առնելու: Մեզմէ իւրաքանչիւրը ի՛ր կեանքով պիտի պատասխանէ այս հարցումին, եւ այն ատեն միայն Քրիստոսի հրահանգը պիտի զօրացնէ եւ առաջնորդէ մեզ վաղուան աւելի լաւ եւ մեր ցանկացած Լիբանանի կերտումին համար. «Մի՛ խռովիք ու մի՛ վախնաք»:

Պէյրութի Հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական Գէորգ եպս. Ասատուրեան նշեց, որ Քրիստոս մեզի կը յուշէ, որ խաղաղութիւնը ներքին է, որ հաւատացեալի հաւատքով կ՛ամրապնդուի, եւ որ ժամանակաւոր չէ, այլ` մնայուն, եւ որուն ճամբով կը յաղթահարուին բոլոր տեսակի դժուարութիւնները: Գերապայծառ Ասատուրեան յոյս յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ խաղաղութիւնը կը վերահաստատուի երկրին բոլոր բնակիչներուն մէջ` հաւաքաբար վայելելու բարիքները եւ բաժնելու վիշտերը:

Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան Կեդրոնական մարմինի ատենապետ վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան նշեց, որ այսօրուան դժուարին պայմաններուն դէմ յանդիման, Քրիստոսի ծնունդը տօնելու սեմին պէտք է զօրանանք եւ յուսադրուինք, որովհետեւ Աստուած մեզի հետ է մեր տկարութիւններուն, անորոշութեան, անապահովութեան եւ փոթորիկներուն մէջ: Վեր. Մսըրլեան շեշտեց, որ պէտք է ամէն բանի համար աղօթենք, Աստուծմէ խնդրենք խաղաղութիւն եւ ունենանք քրիստոնէական վկայութիւն` մեր կեանքը ապրելով պարկեշտութեամբ, սիրով, արդարամտութեամբ, քաղցրութեամբ եւ բարի համբաւով:

Աղօթքի աւարտին, հոգեւոր հայրերը հանդիպում մը ունեցան Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, ուր քննարկեցին առկայ ընկերային-տնտեսական դժուարութիւններու լոյսին տակ միասնականութեան եւ գործակցութեան կարելիութիւնները:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/12/2019, 07:59