Որոնել

Սուրբ Պետրոս հրապարակի մսուրը Սուրբ Պետրոս հրապարակի մսուրը 

Ծիսական գիտելիքներ։ Է. շաբաթ Յիսնակաց (29 Դեկտեմբեր 2019-5 Յունուար 2020 )։

Երեքշաբթի 31 Դեկտեմբերը՝ 2019 տարուան վերջին օրն է, շնորհակալութիւն յայտնենք Տիրոջ իր այս տարուան ընթացքին մեզի պարգեւած ուրախ ու նաեւ տխուր օրերուն համար, մաղթելով որ 2020 ը ըլլայ բարեբեր տարի մը բոլորին, աղօթենք աշխարհի խաղաղութեան համար ու նաեւ մեր սրտերուն խաղաղութեան համար։

Յիսնակաց Է. շաբաթը հաշուետուութեան շաբաթն է. Յիսուս առակ մը կը պատմէ, որուն մէջ իշխանութեան տէր անձ մը իր ծառաներուն մէկական ոսկի կը յանձնէ որպէսզի իր բացակայութեան զայն շահագործեն. Եւ վերադարձին` հաշիւ կը պահանջէ իրենցմէ. Ի՞նչ ըրիք այդ մէկ ոսկին. Մինչ անոնցմէ մին կը հաստատէ թէ մէկը տասը բերաւ եւ ուրիշ մը թէ մէկը հինգ բերաւ, երրորդ մը կու գայ եւ ոսկին զոր ծրարած էր թաշկինակի մը մէջ` կը յանձնէ ինչպէս որ էր, առանց զայն օգտագործած ըլլալու։

Ունկնդրէ լուրը

Ոսկին որ կը յանձնուի մեզմէ ամէն մէկուն` Աստուծոյ տուած տաղանդներն ու ձիրքերն են. Տէրը մեզի յանձնած է զանոնք որպէսզի օգտագործենք մեր շուրջիններու օգտին եւ Ատուծոյ փառքին համար։ Անոր հանար մեզմէ հաշիւ պիտի պահանջուի. Տարուան վերջին օրերուն` ժամանակն է ուր պիտի կատարենք հաշուեկշիռը մէկ տարուայ մեր կեանքին, իրազեկ ըլլալու համար թէ որքանով օգտագործած ենք մեր մէջ դրուած զանազան տաղանդները։

Երկուշաբթի 30 Դեկտեմբերին, տօնն է երկու առաքեալներու, երկու եղբայրներ, Յակոբ եւ Յովհաննէս, զոր միւս առաքեալները կը կոչեն Որոտման որդիներ, հաւանաբար որովհետեւ քիչ մը բուռն նկարագիր ունէին եւ անմիջապէս կ՛ուզէին հակազդել Քրիստոսի հանդէպ գործուած անզիջողութեան, կայծակներ տեղացնելով քաղաքին վրան, որմէ կ՛անցնէին։ Ըստ աւանդութեան, Յակոբ եղաւ առաջին նահատակներէն մին քրիստոնէութեան, իսկ Յովհաննէս ամենաերկար կեանքն ունեցաւ, մինչեւ 100 տարիքը հասաւ ըստ ոմանց, եւ ինքն է որ գրեց չորրորդ աւետարանը, ինչպէս նաեւ սիրոյ խրատներով լի երեք նամակները։

Երեքշաբթի 31 Դեկտեմբերը՝   2019 տարուան վերջին օրն է, շնորհակալութիւն յայտնենք Տիրոջ իր այս տարուան ընթացքին  մեզի պարգեւած ուրախ ու նաեւ տխուր օրերուն համար, մաղթելով որ 2020 ը ըլլայ բարեբեր տարի մը բոլորին, աղօթենք աշխարհի խաղաղութեան համար ու նաեւ մեր սրտերուն խաղաղութեան համար։

Չորեքշաբթի  1 Յունուար 2020- ը` Քրիստոսի Տնօրէնութեան եւ անուան տօնն է. ծննդենէն ութը օր վերջ, արդարեւ, ըստ Ղուկասի զեկուցումին, Քրիստոս կը թլփատուի եւ իրեն կը տրուի Յիսուս անունը. Այս տօնակատարութեամբ` Եկեղեցին կ՛ուզէ Նոր Տարուայ հեթանոսական տօնը սրբացնել եւ քրիստոնէութեան յարմար տօն մը նուիրել։ Այդ օրը նաեւ Համաշխարհային Խաղաղութեան օրն է. այդ առթիւ` Սրբազան Պապը իր պատգամը կը յղէ համայն մարդկութեան։

Շաբաթ 4 Յունուարին` կը տօնենք դարձեալ Կեսարիոյ մեծ հայրապետները, Բարսեղ եւ Գրիգոր Նիւսացի, զոր անցեալ շաբթու մէջ տօնած էինք արդէն. Այս կրկնութիւնները կը պատահին տօնացոյցերու փոփոխութեան պատճառաւ, ուստի զարմանալու չէ եթէ յանկարծ միեւնոյն շաբթուան մէջ նոյն սուրբերը տօնուին։

Տօնն է նաեւ՝ Սուրբ Սեղբեստրոս Հռոմի Պապին, որ Կոստանդիանոս Ա. Կայսեր օրով կը պաշտօնավարէր. Ան բախտը ունեցաւ ազատ քրիստնեայ աշխարհի մը վրայ հայրապետ դառնալու եւ կայսեր հովանաւորութիւնը վայելելու։ Ըստ աւանդութեան` Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Տրդատ հայոց թագաւորը Հռոմ կու գան հանդիպելու Կոստանդին կայսեր եւ Սրբազան քահանայապետին։

Նոյն օրը կը տօնենք Սուրբ Եփրեմ Ասորի Վարդապետը, զոր մեր Հայրերը կ՛անուանեն Խուրի։ Գլխաւոր կազմակերպիչը եղած է ասորական ծէսին եւ եկեղեցական երգերուն ու մեղեդիներուն. Կատարած է նաեւ բազմաթիւ մեկնութիւններ Սուրբ Գրքէն, որոնք գրեթէ բոլորն ալ հայերէնի թարգմանուած են. Ծնած է Ամիդ եւ մկրտուած է Սուրբ Յակոբ Մծբնացիէն, որ հետագային զինք նաեւ քահանայ ձեռնադրած է։ Վախճանած է Եդեսիոյ մէջ, 378-ին։ Հայերու մօտ շատ ժողովրդական սուրբ մը եղած է մասնաւորապէս իր աղօթագրքովը։

Կիրակի 5 Յունուարին արդէն Ճրագալոյցն է Յայտնութեան տօնին։ Այդ օրուան աւետարանը մեզի կը խօսի Պետրոս առաքեալի գլխաւորութեան մասին. Քրիստոս կ՛ըսէ իրեն. Դուն ես վէմ եւ այդ վէմին վրայ պիտի հաստատեմ իմ եկեղեցիս. Շնորհիւ իր հաւատոյ դաւանութեան, Պետրոս կը կարգուի գլուխը առաքեալներուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/12/2020, 08:16