Որոնել

Սուրբ Գերեզմանի վերանորգման աշխատաքներուն համաձայագիրի ստորագրութիւն: Սուրբ Գերեզմանի վերանորգման աշխատաքներուն համաձայագիրի ստորագրութիւն: 

Հայր Փաթոն.«Յիսուսի Սուրբ գերեզմանի տաճարը աւելի գեղեցիկ պիտի ըլլայ»:

Յիսուսի Սուրբ Գերեզմանի վերանորոգման աշխատանքներու երկրորդ փուլը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Սուրբ Երկրի պահակ, Հայր  ֆրանչեսքօ Փաթոն, Վատիկան Նիւզի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին անդրադարձած է Երուսաղէմի մէջ Յիսուսի Սուրբ գերեզմանի վերանորոգման աշխատանքներու երկրորդ փուլին:

Ունկնդրէ լուրը

Վերանորոգման աշխատանքներու առաջին փուլը վերջ գտած է 2016 թուականին:  Մինչ երկրորդ փուլը պիտի իրականացուի,  Սուրբ Երկրին մէջ Լատին, Յոյն օրթոտոքս եւ Հայ եկեղեցիներուն համատեղ ջանքերով:  

Սուրբ Երկրի պահակը, երեք եկեղեցիներուն համագործակցութեամբ, Յիսուսի գերեզմանի վերանորոգման աշխատանքը առիթ նկատած է  համայնքներուն միջեւ համագործակցութեան ամրապնդման, ինչպէս նաեւ եղբայրական երկխօսութեան զարգացման:

Սուրբ երկրի պահակի փոխանցմամբ, Յիսուսի Սուրբ Գերեզմանի վերանորոգման աշխատանքներու առաջին փուլը համակարգուած էր Յոյն Պատրիարքութեան կողմէ, Աթէնքի համալսարանի հսկողութեան ներքոյ:

 Մինչ, Սուրբ երկրի պահակն ու  կարգ մը հաստատութիւնները պիտի ստանձնեն աշխատանքներու երկրորդ փուլի համակարգման պատասխանատուութիւնը, որուն ծիրէն ներս պիտի վերանորոգուին տաճարին յատակը, կոյուղի համակարգը եւ ջուրի ներթափանցումէն տուժած տարածքները:

Կայ նաեւ, հնագիտութեան վերաբերող աշխատանք, տրուած ըլլալով, որ  տաճարին յատակին տակ կը գտնուի  թաքցուած  հսկայական գանձ, որ  կը կարօտի գիտական հետաքրքրական ուսումնասիրութեան: ըսած է Սուրբ Երկրի Պահակը:աւեցնելով, որ ուխտաւորներուն թիւը վերջին երեք տարիներուն կրկնապատկուած է հակառակ ՝վերանորոգման աշխատանքներուն, որոնք ոչ մէկ արգելք հանդիսացան Յիսուսի Գերեզմանը այցելելու:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/12/2019, 09:40