Որոնել

Մալաթիոյ հայկական եկեղեցին Մալաթիոյ հայկական եկեղեցին 

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ:

Գիշեր-ցերեկի տարբերութիւնը…

Աշխարհի ստեղծագործութենէն ի վեր, երբ Աստուած գիշերն ու ցերեկը լուսաւորող լուսատուներ դրաւ երկինքին մէջ, ապրող ամէն արարած սորվեցաւ թէ գիշերը ի՛նչ է եւ ցերեկը՝ ինչ:  Արդարեւ՝ գիշեր-ցերեկի տարբերութիւնը ամէն մարդ գիտէ:  Բառացիօրէն հասկնալէ աւելի, գիշերն ու ցերեկը մարդ կրնայ զգալ մութ ու լոյսի տարբերութենէն դատելով: Դեռ աւելին, ապրող բոլոր էակները հանգիստի ժամ ունենալու ստիպողութեան առջեւ կը գտնուին, որով դարձեալ կը շեշտուի օրուան տասներկու ժամին կամ կիսուն կարեւորութիւնը:

Ունկնդրէ լուրը

Գիշերը, որ ընդհանրապէս բոլորին կողմէ հանգիստի ժամ ընդունուած է, միայն ստիպողութեան դիմաց փոփոխութեան կ՛ենթարկուի, տուեալ կացութեան մէջ փոխարինուելով ցերեկով: Յատկապէս մարդ էակի պարագային գիշերը անփոխարինելի առիթ է հանգստանալու: Շատեր, որոնք պարտադրաբար գիշերային ժամերուն կը գործեն, միշտ կը յիշեն այն օրերը, երբ ցերեկային աշխատանքի ժամեր ունէին. «Գիշերուան քունը տարբեր է», կ՛ըսեն անոնք, մէկ անգամ եւս հաստատելով աստուածահաստատ օրէնքը գիշեր-ցերեկի, որուն մասին կը կարդանք Աստուածաշունչին Ստեղծագործութեան գլխուն մէջ:

Գիշերն ու ցերեկը իրենց երեւելի կամ զգալի հասկացութիւններէն տարբեր, ունին նաեւ փոխաբերական իմաստներ: Այսպէս, գիշերը կամ խաւարը՝ վտանգի, չարի, փորձանքի եւ այլ նմանօրինակ իմաստներով կը պատկերանայ մեր միտքին մէջ, իսկ ցերեկը՝ լոյսի, ճշմարտութեան, բարութեան, բացայայտումի եւ այլ դրական իմաստներով:

Նոր կտակարանեան մտածողութիւնը Յիսուսի ուսուցումներուն հիման վրայ բանաձեւուած, Որոմներու առակին միջոցաւ կը հաստատէ վերոյիշեալ պատկերացումը գիշեր-ցերեկի մասին: Իր պատմած առակին մէջ Յիսուս կ՛ըսէ, թշնամին գիշեր ատեն եկաւ եւ լաւ սերմ ցանուած արտին մէջ որոմ ցանեց: Ինչո՞ւ գիշեր ատեն: Այն պահուն, երբ մութ է ու համատարած խաւար: Այսինքն, ընդհանուր տեսանելիութիւնը տկար է, եւ չարիք գործողը կրնայ ծածկուիլ ուրիշներու տեսողութենէն: Մինչդեռ Ան իր հետեւորդները «լոյսի որդիներ» կ՛անուանէ, այսինքն ճշմարտութեան հետամուտ եւ ի վերջոյ ճշմարտութեան հասանելիութիւն ունենալու կոչուած անձեր: Որովհետեւ Լոյսը Աստուած ինք է, եւ իսկական ճշմարտութիւնը միայն Աստուծոյ քով կը գտնուի:

Աւազակները երբ գողութիւն պիտի ընեն, ընդհանրապէս օրուան մութ ժամանակը կը նախընտրեն. իսկ՝ անոնք որոնք իրենց ճակտի արդար քրտինքով իրենց հացը կը վաստակին, բնա՛ւ չեն ուզեր «խաւարին մէջ գործել»:

Զարմանալին այն է, որ  խաւարի մէջ գործող մարդոցմէ ոմանք բախտի բերմամբ ծնունդով, այսինքն բնաւորութեամբ արդար մարդիկ կ՛ըլլան, որոնք շրջապատի ճնշման տակ կը պարտաւորուին ըսել կամ ընել իրենց չուզածը…

Ամէն մարդ -ինչպէս ըսինք- շատ լաւ գիտէ ցերեկին եւ գիշերին տարբերութիւնը: Սակայն ոմանք այդ տարբերութիւնը պարտադրաբար ուրանալու իրավիճակին մէջ կը յայտնուին, չկարենալով դիմադրել այն ուժեղ հոսանքին, որ զիրենք այդ ծուղակը կը նետէ:

Իր ամբողջ կեանքին ընթացքին արդար վաստակով ապրած մէկը, յանկարծ ընտրուած էր այնպիսի խումբի մը մէջ, որուն անդամներուն մեծամասնութիւնը ապօրինի որոշումներ կայացնելով ընդհանրական շահը մասնաւոր շահու հետ կը փոխարինէր: Չտոկալով պարզուած տգեղ եւ վնասակար երեւոյթին, ան վրդովուած կ՛ըսէր.

«Ամէն մարդ կ՛ըսէ թէ գիշեր է, մինչդեռ ցերեկ է. ես ստիպուա՞ծ եմ նոյնը ըսելու…»։

Այսպիսի երկընտրանքներու մէջ միամտօրէն յայտնուող մարդիկ ուղղակի երկու սուրերու հատու շեղբերուն մէջ կը զգան իրենք իրենց դժբախտ անձը, դիմելով զիրենք փրկելու կարողութիւն ունեցող մարդոց: Սակայն երբեմն այնքան խոր կ՛ըլլայ այն հորը, որուն մէջ ինկած են անոնք, որ կարելի չըլլար անոնց թեւէն բռնելով կամ պարան մը նետելով դուրս բերել զիրենք այդ խորխորատէն: Այդ մարդը անկասկած գիտէ ցերեկին եւ գիշերին տարբերութիւնը: Ան իսկապէս կարիքն ունի օգնականներու՝ հոգեբան եւ մինչեւ իսկ հոգեբոյժ, որպէսզի կարողանայ դուրս գալ հոգեկան այս դժուար դրութենէն կամ մարդկային ողբերգութենէն:

Գիշերի եւ ցերեկի տարբերութիւնը եթէ գիտես (վստահ որ գիտես), անվախօրէն յայտարարէ, թէ օրուան ո՛ր կէսին մէջ կը գտնուինք: Վստահ իմացիր, որ եթէ ուրիշներու հետ օրուան գիշեր ըլլալը յայտարարես երբ ցերեկ է, քեզի ձայնակցողները վրադ պիտի ծիծաղին ծածկաբար, որովհետեւ իրենք գիտեն, թէ օրուան ցերեկ ժամերուն մէջ կը գտնուին: Միայն իրենց անձնական շահն է, որ չի՛ թոյլատրեր ճիշդը խօսիլը…

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/12/2019, 08:15