Որոնել

Ռայի Պատրիարքը Ռայի Պատրիարքը 

«Կոչ կ՛ուղղենք երիտասարդներուն այս տագնապին տոկալու` պահպանելու համար Լիբանանը» շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

Ձեր իրաւունքն է երազել այնպիսի հայրենիք մը, որ կ՛ապահովէ ձեր անվտանգութիւնը, խաղաղութիւնն ու նուազագոյն իրաւունքները

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց Լիբանանի բարօրութեան համար մատուցուած պատարագի մը, որուն ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ կան կարգ մը երկիրներու դեսպանատուներ, որոնք կը դիւրացնեն լիբանանցիներուն, յատկապէս քրիստոնեաներուն արտագաղթը, կարծէք Լիբանան պատերազմի մէջ կը գտնուի:

Ռայի պատրիարքը նշեց, որ այդ դեսպանատուներուն անունները իրենք տակաւին չեն փափաքիր բացայայտել:

Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց լիբանանցի երիտասարդներուն տոկալու այս տագնապին, ինչպէս կատարած են անոնց նախահայրերը` պահպանելու համար Լիբանանը:

«Ձեր իրաւունքն է երազել այնպիսի հայրենիք մը, որ կ՛ապահովէ ձեր անվտանգութիւնը, խաղաղութիւնն ու նուազագոյն իրաւունքները: Բայց եւ այնպէս պէտք է համբերէք եւ հանդուրժէք, որպէսզի Լիբանանի վերեւ գտնուող սեւ-մութ ամպերը հեռանան», հաստատեց Ռայի պատրիարքը:

Քաղուած «Ազդակ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/12/2019, 08:54