Որոնել

Կարդինալ Լուիս Ռաֆայէլ Սաքօ Կարդինալ Լուիս Ռաֆայէլ Սաքօ 

Կարդինալ Լուիս Ռաֆայէլ Սաքոյի կոչը՝ օգնելու Նինուէ նահանգի բնակչութեան:

Պատրիարք Սաքօ միջազգային կազմակերպութիւններէն եւ եկեղեցական հաստատութիւններէն խնդրած է, որ թիկունք կանգնին Նինուէ նահանգի մէջ հաստատուած ընտանիքներուն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Քաղդէացիներուն Պատրիարք,Կարդինալ Լուիս Ռաֆայէլ Սաքօ կոչով մը դիմած է եկեղեցական, պետական, ընկերային հաստատութիւններուն խնդրելով, որ օգնեն Նինուէ նահանգի բնակիչները՝ իրենց  բնակարաններուն մէջ մնալու համար,  օգնեն նաեւ  Նինուէ  նահանգէն գաղթած մարդոց՝վերադառնալու համար իրենց հայրենիքը:   

Ունկնդրէ լուրը

Պատրիարքը կոչին մէջ նկատել տուած է, որ Իրաքի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի պարտութիւնը չի նշանակեր, որ պէտք չէ օգնել տարածաշրջանին բնակիչները: Ընդհակառակը  կարիքը կայ աշխատանք տանելու, որպէսզի երիտասարդները մնան եւ յարատեւեն  իրենց հայրենիքին մէջ:  

Պատրիարք Սաքօ միջազգային կազմակերպութիւններէն եւ եկեղեցական հաստատութիւններէն խնդրած է, որ թիկունք կանգնին Նինուէ նահանգի մէջ հաստատուած ընտանիքներուն, վերականգնելով տարածաշրջանին հիւանդանոցներն ու դպրոցները ինչպէս նաեւ քաջալերելով գիւղատնտեսական, անասնապահական ծրագիրները:

Կոչին աւարտին Պատրիարք Լուիս  Ռաֆայէլ Սաքօ  աշխարհի բոլոր քրիստոնեաները հրաւիրած է որ յիսնակաց շրջանին աղօթեն Իրաքի համար՛  յատուկէն Նինուէ նահանգի բնակչութեան համար:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/12/2019, 08:00