Որոնել

Գամիշլիի Հայ Կաթողիկէները վերջին հրաժեշտ տուին իրենց Հոգեւոր Հովիւ՝ նահատակ Տէր Յովսէփ Պետոյանին։ Գամիշլիի Հայ Կաթողիկէները վերջին հրաժեշտ տուին իրենց Հոգեւոր Հովիւ՝ նահատակ Տէր Յովսէփ Պետոյանին։ 

Գամիշլիի Հայ Կաթողիկէները վերջին հրաժեշտ տուին իրենց Հոգեւոր Հովիւ՝ նահատակ Տէր Յովսէփ Պետոյանին։

Գերյ. Այվազեանը ընդգծելով հանգուցեալ քահանային նուիրական ծառայութեան հոգին շեշտեց թէ ան նահատակն է համայն քրիստոնէութեան

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երեքշաբթի 12 Նոյեմբեր 2019-ին, Գամիշլիի Սուրբ Յովսէփ  Հայ Կաթողիկէ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ, Հայ Կաթողիկէ համայնքի եպիսկոպոսական փոխանորդ առաջնորդ Գերյ. Անդրանիկ Ծ. Վ. Այվազեանի  գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ Հայ Կաթողիկէ համայնքի հովիւ, երկուշաբթի 11 նոյեմբերին վայրագօրէն սպաննուած նահատակ Տէր Յովսէփ Պետոյանին ու անոր հօր յուղարկաւորութեան արարողութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին հայ առաքելական քոյր եկեղեցւոյ կաթողիկոսական տեղապահը ու միւս քոյր եկեղեցիներու հոգեւոր ներկայացուցիչներ, հայ համայնքի հաւատացեալները  ու նաեւ իսլամ հասարակութեան անդամներ, ի նշան զօրակցութեան ու միութեան։

Ունկնդրէ լուրը

Այս տխուր առիթով արտասանած իր քարոզին մէջ Գերյ. Այվազեանը ընդգծելով հանգուցեալ քահանային նուիրական ծառայութեան հոգին շեշտեց թէ ան նահատակն է համայն քրիստոնէութեան ու նաեւ սուրիական հայրենիքին։

Գերյ. Այվազեան այլ մէկ յայտարարութեամբ հանդէս գալով նշած էր թէ Սուրիոյ մէջ Հայերը լիիրաւ մասն են ընկերութեան ու երկրին ու թէ Հայր Յովսէփը նահատակուեցաւ մինչ կը կատարէր իր հովիւի պարտականութիւնը, այն է մօտիկ ըլլալ իրեն յանձնուած հօտին, հոգ տանիլ անոնց հոգեւոր ու նիւթական կարիքներուն, յատկապէս  Սուրիոյ  պէս երկրի մը մէջ ուր տարիներու պատերազմը աւէր ու կործանում յառաջացուցած է ու բնակչութիւնը մատնած է յուսահատութեան։

Գերյարգելի Այվազեան Տէր Յովսէփը նկարագրած է որպէս վեհանձն առաքեալ, միշտ պատրաստ օգնելու ուրիշին, ժպտուն երես ու հպարտ իր կոչումով։

«Ես մեծ վստահութիւն ունէի իր վրայ եւ անոր մահը ինծի համար մեծ կորուստ է» ըսած է գերյարգելի Այւազեան որ շեշտած է թէ Հայր Յովսէփն ու անոր հայրը նահատակներ են որոնք իրենց կեանքը տուին երկրի ազատութեան համար։ Անոնց արիւնը այս հողին մէջ պիտի պտղաբերէ ու գեղեցիկ ծիլեր պիտի պարգեւէ» աւելցուցած է Այվազեան գերապայծառը։  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/11/2019, 13:50