Որոնել

IMG_5559aem.jpg

«Աուրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան ղեկավարները Ռատիօ Վատիկանի մէջ։

Հրացազրոյց Աուրորայի համահիմնադիրներ՝՝ Նուպար Աֆեյան եւ Ռուբէն Վարդանեանի հետ

Չորեքշաբթի   2 հոկտեմբեր 2019-ին, «Աուրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան պատուիրակութիւն մը Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ կայացած  չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին,  առիթը ունեցաւ հանդիպելու Ֆրանչիսկոս Պապին հետ եւ ընդունելու անոր առաքելական օրհնութիւնը։

Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին «Աուրորա» ֆորումի համահիմնադիրներէն՝ Նուպար Աֆեյան եւ Ռուբէն Վարդանեան ինչպէս նաև Մարդու զարթօնքի ամէնամեայ «Աուրորա» մրցանակի դափնեկիրներ՝ Թոմ Քաթինա, Մարկերիթա Փարանկիտսէ և Չո լա Աունը։

Հրապարակային  ունկնդրութեան աւարտին պատուիրակութեան անդամները այցելութիւն տուին Ռատիօ Վատիկանի հայկական բաժին, եւ առիթէն օգտուելով Ռատիօ Վատիկան - Վատիկան Նիուզ վատիկանեան գործակալութեան լրագրողներուն հետ ունեցան տարբեր լեզուներով հարցազրոյցներ։

Ունկնդրէ հարցազրոյցը

Կը ներկայացնենք «Աուրորա» ֆորումի համահիմնադիրներէն՝ Նուպար Աֆեյանի եւ Ռուբէն Վարդանեանի Ռատիօ Վատիկանի հայկական բաժանմունքին հետ ունեցած հարցազրոյցը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/10/2019, 14:10