Որոնել

Յիսուսի Երուսաղեմ մուտքը Յիսուսի Երուսաղեմ մուտքը 

Հայր Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը:

Դարձի գալը, ապաշխարութիւն կամ զղջում եւ շնորհակալութիւն:

«Եւ մինչ Յիսուս դէպի Երուսաղէմ կ՛երթար, անցաւ Սամարիայէն ու Գալիլիայէն։ Գիւղի մը մուտքին, տասը բորոտներ իրեն հանդիպեցան։ Անոնք հեռուն կանգ առին եւ իրենց ձայնը բարձրացնելով՝ ըսին․ «Յիսուս, վարդապետ, գթա՛ մեր վրայ»։ Տեսնելով զանոնք, Յիսուս ըսաւ․ «Գացէք եւ դուք ձեզ ցոյց տուէք քահանաներուն»։ Մինչ կ՛երթային՝ մաքրուեցան։ Անոնցմէ մէկը, որ Սամարացի էր, տեսնելով թէ բուժուած է, վերադարձաւ Աստուծոյ փառք տալով բարձրաձայն։ Երեսը դէպի գետին ինկաւ Յիսուսի ոտքերուն առջեւ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց։ Յիսուս հարցուց․ «Միթէ տասն ալ չմաքրուեցա՞ն․ ո՞ւր են միւս ինները։ Այս օտարազգիէն զատ չգտնուեցա՞ւ անոնց մէջ մէկը որ գար եւ փառք տար Աստուծոյ»։ Եւ ըսաւ անոր․ «Ոտքի ե՛լ եւ գնա՛, հաւատքդ քեզ փրկեց»։ (Ղուկաս 17։ 11-19)

Ունկնդրէ լուրը

12-րդ դարու քարոզողներէն մէկը, Սուրբ Պեռնար իր ճառերուն մէջ այսպէս կը հաստատէ «Մեր օրերուն, կը տեսնենք մարդիկ, որոնք կ՛աղօթեն, բայց ափսո՜ս, շատ քիչերն են, որոնք կը վերադառնան եւ Աստուծոյ շնորհակալութիւն կը յայտնեն»։ Արդեօ՞ք մեր օրերուն շատ բաներ կը կատարենք նոյն հաստատումը։ Տէ՛ր, տուր մեզի Քեզ շնորհակալութիւն յայտնելու շնորհքը, այն ինչ՝ Քեզմէ կը ստանանք։ Դուն ապերախտ ամբոխին ներողութիւնը ստացար, զորս օր ըստ օրէ կը յայտնենք։

Տէ՛ր, բաց իմ աչքերս, ականջներս, իմ ձեռքերն ու իմ սիրտը Քեզ ծառայելու, ինչպէս նաեւ իմ եղբայրնեուս՝ որոնց կը հանդիպիմ։

Սոյն հատուածը մեզի կը հրաւիրէ մեր բորոտութեան համար բժշկութիւն խնդրել, մեղք մը՝ զորս մենք կ՛ապրինք եւ միշտ վտանգը կայ վարակելու, անոնց որոնց՝ մենք կը հանդիպինք եթէ անշուշտ մաքրուիլ չխնդրենք։ Այստեղ, Յիսուս Երուսաղէմ կը մտնէ որպէսզի Յիսուս իր չարչարանքները կրէ։ Ան գիւղերը կ՛երթայ եւ մեծ թիւով անտարբեր մարդող կը հանդիպի, մինչդեռ քիչ թիւով մարդիկ մէկ կողմ կանգնած են բորոտութեան պատճառով որովհետեւ բոլորին կ՛ազդէ։ Այս մարդիկ անոր կը ճանչնան, եւ իրենց հիւանդութեան համար բժշկութիւն կը խնդրեն, զորս պատճառ կ՛ըլլայ իրենց մէկ կողմ կենալու:

երբ ան գիւղ մը կը մտնէր, տասը բորոտներ զինք դիմաւորելու եկան։ Անոնք հեռու տեղ մը կանգ առին եւ գոռացին․ «Յիսու՜ս, վարդապե՛տ, ողորմիր մեզի»։

Յիսուս զիրենք կը սպասէ եւ իրենց կ՛ըսէ որպէսզի երթան քահանային ներկայանան, ըստ օրէնքին, որ բորոտները պէտք է Երուսաղէմի Տաճար երթան եւ հոգեւոր իշխանութեան իրենց բժշկութիւնը հաստատեն։ Այն ժամանակ ուր անոնք Տիրոջ կը դիմեն, անոնք իրենց համար բժշկութիւն կը խնդրեն եւ այն ալ մի միայն անոր ճանապարհորդութեան ընթացքին։ Անոնք երբ այս բժշկութիւնը կը հաստատեն, իրենց ճանապարհը կը շարունակեն, մինչ Սամարացին հրէական օրէնքէն օտարացած,  նորէն կու գայ եւ զԱստուած կը փառաբանէ իր բարձր ձայնով։ Այս մարդը իր բժշկութիւնը կը հաստատէ եւ գոհանալով՝ Յիսուսին շնորհակալութիւն կը յայտնէ։

Ուրեմն, Յիսուս խօսք կ՛առնէ ըսելով․ «Տասն ամբողջովին չմաքրուեցա՞ն»։ Իրենց մէջ միայն այս օտարականը կը գտնուի, զորս ետ կը վերադառնայ եւ զԱստուած կը փառաբանէ»։

Այս «Օտարականը» իսկապէս այս հոգիէ բաղկացած բորոտներու խումբէն էր, եւ վարակումէն խուսափելու համար, այդ վայրկեանին իսկ իր կեանքը նոր գոյն կ՛առնէ եւ ամբողջովին կը փոխուի։ Իր Կեանքը այլեւս վարակումի վրայ չէ կեդրոնացած, բայց իրեն թոյլ պիտի տայ զԱստուած փառաբանելու եւ սիրոյ նամակը տարածելու, զորս Աստուած կը յայտնէ անոր որ իրեն կը մօտենայ։ Ան ոչ միայն բժշկուեցաւ, բայց ճանչնալով այն սէրն Աստուծոյ՝ շնորհակալ կ՛ըլլայ։ Այլեւս փրկուած է։

Աւետարանին այս հատուածը բժշկութեան հաստատումով վերջ կը գտնէ։ Այստեղ, բորոտը իր բժշկութիւնը կը հաստատէ, այն ինչ որ խնդրած էր եւ ինչ որ կը սպասէր, բայց միւս մնացածին ի՞նչ պատահեցաւ։ Աւետարանին հատուածը մեզ չի տեղեկացնէր, բայց մենք ալ մեր բորոտութենէն եւ մեր մեղքէն բժշկուելու շնորհքը պէտք է խնդրենք։ Եւ այս բժշկութիւնն ուրիշ բան չէ եթէ ոչ դարձ այնտեղ ուր՝ ծնունդ կ՛առնէ լուծումը ամբողջովին վստահելու Աստուծոյ պարգեւին եւ սիրոյ, զորս մեզի յայտնուած են իր Որդի Յիսուսով՝ Մարմնացած Խօսքով։ Մենք գիտենք, որ պիտի բժշկուինք մեր բորոտութենէն ամէն անգամ, որ մենք Սուրբ Խորհուրդին կը մօտենանք, ներողամտութեամբ, մենք զմեզ գիտակցելով  որպէս մեղաւորներ։ Եւ Տէրը մեզ կը փրկէ այս բորոտութենէն, եթէ մենք զայն հաւատքով խնդրենք։

Այս բորոտին բժշկութեամբ, մեր բժշկութեան յոյսը նորէն կը զօդուի։ Պենետիկտոս 16-րդ Պապը իր քարոզներէն մէկուն մէջ կը յիշէ ըսելով որ Տիրոջ մարդասիրութիւնը յոյսի աղբիւր կը դառնայ  անոնց որոնք Իրեն կը հաւատան։ Տէր, Քեզմէ ներողութիւն կը խնդրեմ իմ հաւատքի եւ վստահութեան պակասութեանս համար։

Ուրեմն չսպասել իմ բորոտութենէս բժշկուիլս, որպէսզի Տիրոջ շնորհակալութիւն յայտնեմ իր ամբողջ բարիքներուն համար եւ շնորհներուն համար, զորս ինձ կուտայ առանց փոխառնութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/10/2019, 08:00