Որոնել

Ռայի Պատրիարքը Ռայի Պատրիարքը 

Ռայի Պատրիարքը երկօրեայ հովուապետական այցելութիւն տուաւ Շուֆին։

Պատրիարքը շեշտեց, որ անխախտ հաւատքի տէր ըլլալը դիւրին չէ ու կը պահանջէ զոհողութիւն, մինչեւ իսկ նահատակութիւն` աւելցնելով, որ այսպէս էր Ս. Թաքլային հաւատքը:

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Սայտա տուած իր երկօրեայ հովուապետական այցելութիւնը աւարտեց 9 սեպտեմբերին Քֆար Աթրա գիւղաքաղաքին մէջ` նախագահելով Ս. Թաքլա եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած պատարագին:

Ունկնդրէ լուրը

Մարոնի պատրիարքը իր պատգամին բնաբան ընտրած էր Ղուկասի աւետարանէն (8:21) «Իմ մայրս ու եղբայրներս անո՛նք են, որ կը լսեն Աստուծոյ խօսքը եւ կը գործադրեն զայն» գլուխը: Յայտնելէ ետք իր ուրախութիւնը հովուապետական այցելութիւնը յաջողութեամբ պսակուած ըլլալուն համար, ան շնորհաւորեց Ս. Կոյս Մարիամին ծննդեան տօնը եւ ըսաւ, որ Մարիամ Աստուածածին իր հաւատքին շնորհիւ ընդունեց Աստուծոյ խօսքը եւ մնաց միշտ Ս. կոյս ու հայր Յովսէփին հետ ինքզինք նուիրեց Յիսուսին կրթութեան, եւ այս պէտք է ըլլայ որեւէ ընտանիքի  պարտականութիւնը` մարմնական, հոգեկան եւ մտային կրթութիւն ապահովել զաւկին, ըսաւ ան: Պատրիարքը շեշտեց, որ անխախտ հաւատքի տէր ըլլալը դիւրին չէ ու կը պահանջէ զոհողութիւն, մինչեւ իսկ նահատակութիւն` աւելցնելով, որ այսպէս էր Ս. Թաքլային հաւատքը:

Պատարագէն ետք, պատրիարքը տեսակցութիւն ունեցաւ շրջանին հաւատացեալներուն հետ, ինչպէս նաեւ իսլամ եւ տիւրզի կրօնաւորներու պատուիրակութիւններու հետ: Այս տեսակցութեան ընթացքին խօսք առնելով Քաֆար Աթրայի քաղաքապետը ըսաւ, որ գիւղաքաղաքը խորհրդանիշ է սիրոյ, միասնութեան ու հաշտութեան, իսկ անցեալի արիւնալի դէպքերը կը մնան ներկային համար դասեր քաղելիք դէպքեր, իսկ շրջանին քրիստոնեայ եւ տիւրզի համայնքներուն միջեւ աւելի շատ իրար միացնող, քան իրարմէ բաժնող տուեալներ գոյութիւն ունին, ըսաւ ան:

Տեսակցութենէն ետք, Ռայի պատրիարքն ու անոր  ընկերակցող պատուիրակութիւնը այցելեցին յոյն կաթողիկէ Ս. Աստուածածին եկեղեցին եւ տիւրզի համայնքի ժողովրդական տուն: Այս հանդիպումներուն խօսք առին համայնքներու պետերն ու պատրիարքը, որոնք լուսարձակի տակ առին քրիստոնեայ եւ տիւրզի համայնքներու համերաշխութիւնն ու գոյակցութիւնը Լեռնալիբանանի մէջ:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/09/2019, 08:46