Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ ու Գերապյածառ Սեմերարօ Ֆրանչիսկոս Պապ ու Գերապյածառ Սեմերարօ 

Ալպանոյի թեմը կը պատրաստուի ընկալել Ֆրանչիսկոս Պապը:

Շաբաթ 21 սեպտեմբերին Ֆրանչիսկոս Պապ պիտի այցելէ Ալպանօ թեմը ու պիտի հանդիպի թեմի հաւատացեալներուն ու կղերական դասին հետ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Ալպանօ Լացիալէ» թեմին համայն բնակչութիւնը մեծ խանդավառութեամբ  ու անհամբեր կը սպասէ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ժամանումին, անոր հետ կիսելու համար ուրախութեան, խոր հոգեւորականութեան ու հաղորդութեան պահեր»։ Այսպէս արտայայտուած է  Ալպանօ Թեմին եպիսկոպոս՝ Գերապայծառ Մարչելլօ Սեմերարօ, Ռատիօ Վատիկան – Վատիկան Նիուզ Վատիկանեան լրատու գործակալութեան հետ,  Ֆրանչիսկոս Պապին Ալպանօ թեմին տալիք այցելութեան մասին ունեցած զրոյցի ընթացքին,  ընդգծելով որ այդ այցելութեան կեդրոնական պահը պիտի ըլլայ «Սուրբ պատարագի զոհը» որ տեղի պիտի ունենայ ՝ «Սուրբ Փանքրացիօ» աթոռանիստ եկեղեցւոյ Պիոս Թ քահանայապետի անուան հրապարակին վրայ։ «Պատարագէն առաջ նախատեսուած է այլ մտերմիկ աղօթքի պահ մը՝ Թեմի կղերական դասին ու Թեմին մէջ գործող մի քանի անձերու մասնակցութեամբ, որուն ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը հրաւէր պիտի ուղղէ աղօթելու Եկեղեցւոյ համար ու ես հրաւէր պիտի ուղղեմ աղօթելու Քահանայապետին համար» ըսած է գերապայծառ Սեմերարօ։

Ունկնդրէ լուրը

21 սեպտեմբերը Քահանայապետի համար յատկանշական թուական։

Ան ապա  նկատել տուած է որ 21 սեպտեմբերը՝ Սուրբ Մատթէոսի ծիսական տօնն է ու նաեւ յատկանշական թուական է Ֆրանչիսկոս Պապին ու անոր կոչումի պատմութեան համար։  Ան արդարեւ  կոչումը զգացած է ճիշդ Սուրբ Մատթէոսի ծիսական տօնին օրը։ 21 սեպտեմբերը կը յատկանշէ նաեւ թուականը երբ Պենետիկտոս ԺԶ Պապը այցելեց Աթոռանիստ Եկեղեցին եւ օծումը կատարեց աւագ  խորանին։ «Ասոր համար 21 սեպտեմբերը մեզի համար դարձաւ կարեւոր թուական, որուն առթիւ  կը  յիշատակենք  Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ տօնը որ է նաեւ հովուական նոր տարւոյն մեկնարկի թուական» յայտնեց Գերապայծառ Սեմերարօ  դիտել տալով որ Քահանայապետի այցելութեան առթիւ Թեմն ու Քաղաքապետարանը միասին համագործակցած են պատրաստելու այդ պատմական այցը։

 Ակնարկելով հուսկ Ալպանոյի բնական գեղեցկութեան գերապյծառ Սեմերարօ մատնանշած է  գոյութիւն ունեցող տարբեր հարցերուն որոնց ծիրէն ներս յատկապէս բնապահպանութեան հարցը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/09/2019, 12:35