Որոնել

Ընկերային ցանցեր Ընկերային ցանցեր 

Սինյիս Ասիայի տարեկան հաւաքը. «Հաղորդամիջոցներու դերը Մարդկային հասարակութեան կառուցումին ծիրէն ներս»։

Սինյիսը՝ կաթողիկէ աշխարհականներու եկեղեցական շարժում մըն է, յատկացուած հաղորդամիջոցներու մասնագէտներուն

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

4էն 9 օգոստոս 2019-ին, Հնդկաստանի մայրաքաղաք՝ Նիու Տելհիի մէջ, տեղի կ՛ունենայ «Սինյիս» ընկերակցութեան Ասիական բաժանմունքին  տարեկան հաւաքը,  որպէս կեդրոնական նիւթ ունենալով «Հաղորդամիջոցներու դերը Մարդկային հասարակութեան կառուցումին ծիրէն ներս»։

Ունկնդրէ լուրը

Սինյիսը՝ կաթողիկէ աշխարհականներու եկեղեցական շարժում մըն է, յատկացուած հաղորդամիջոցներու մասնագէտներու, որոնց շարքին տպագիր մամուլ, ռատիօ, հեռուստակայան, կինոթատրոն, ցանց ու նորարական արուեստագիտութիւն։ Ան ներկայ է աւելի քան 100 երկիրներու մէջ։

Սինյիսի Ասիական բաժանմունքին այս տարեկան հաւաքին նիւթը ներշնչուած է Ֆրանչիսկոս Պապին 2019-ի հաղորդակցութեան համաշխարհային օրուայ առթիւ հրապարակած պատգամէն՝ «Անդամ ենք մէկը միւսին. Ընկերային ցանցերու հասարակութենէն՝ մարդկային հասարակութիւն»։

Հաւաքը որուն մաս կը կազմեն Ասիական ցամաքամասի Սինյիսի բոլոր անդամները սկիզբ կ՛առնէ 4 օգոստոսին Նիու Տելհիի Սուրբ Սիրտ Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած սուրբ պատարագով։ Հաւաքին ընթացքին մասնակիցները առիթը պիտի ունենան այցելելու Թայ Մահալը ու հնդկական քաղաքին պատմական տարբեր վայրեր ու կառոյցներ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/08/2019, 08:11