Որոնել

Յիսուսի սրբապատկեր Յիսուսի սրբապատկեր 

Հայր Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը:

Նեղ դուռը եւ տիեզերական փրկութեան կոչը

«Յիսուս կ՛անցնէր գիւղերէն ու քաղաքներէն ու կ՛երթար դէպի Երոոսաղէմ։ Մէկը հարցուց իրեն․ «Տէ՛ր, արդեօ՞ք միայն քիչեր պիտի փրկուին»։ Յիսուս պատասխանեց․ «Ջանացէք մտնել նեղ դռնէն, որովհետեւ շատեր պիտի փորձեն մտնել անկէ եւ պիտի չկարենան։ Տանտէրը պիտի մտնէ եւ դուռը փակէ․ դուք դուրսը մնացած՝ պիտի սկսիք բախել եւ ըսել․ «Տէ՛ր, բա՛ց մեզի։ Ձեզի պիտի պատասխանէ․ «Չեմ գիտէր ուրկէ՞ էք» (Ղուկաս 13։ 22-25)։

Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Դուն ինձ կը քննես, Տէր, եւ դուն գիտես։ Գիտես թէ երբ կը նստիմ, երբ վեր կը կենամ, շատ հեռուէն՝ իմ մտքերուս մէջ, իմ մտածմունքներուս մէջ կը ներթափանցես։ Երբ կը գալեմ կամ կը հանգստանամ, դուն կը տեսնես, իմ ամբողջ ուղղիներս Քեզի ծանօթ են» (Սաղմոս 138։ 1-2)։

Այդ օրը, Քեզի կը վստահիմ։ Ներշնչէ ինծի, որպէսզի աղօթքի պահուն՝ Քու ձայնդ լսեմ։

Տէ՛ր, Քեզ համար անկարելի բան չկայ։ Ազատէ ինծի։ Առ Քեզ առաջնորդէ ինծի։ Մեզ՝ դէպի երկինք առաջնորդէ։

Նեղ դրան գաղափարը մեզ կրնայ զարհուրեցնել։ Նախ՝ եթէ այս դուռը այդքան շատ փոքր է, զայն պիտի գտնե՞մ։ Եւ եթէ գտնեմ, հանդերձեալ կեանքիս մէջ երբ դուռը ծեծեմ, Յիսուս ինձ պիտի ճանչնա՞յ։ Նոյնիսկ անոնք, որոնք, կերան եւ խմեցին իր իսկ ընկերակցութեամբ, եւ կրնայ ըլլալ, որ իր թագաւորութեան մէջ չ՛ընդունուին։ Նոյնիսկ անոնք, որոնք իր ամբողջ քարոզները տարբեր վայրերու մէջ լսեցին, կրնայ ըլլալ նաեւ, որ չ՛ազատուին։ Բայց ովքե՞ր պիտի կարողանան։ Յիշենք, որ Յիսուս սպառնական պատգամը կամ ճակատագրականը յայտնելու չեկաւ, այլ՝ մեզի վստահութիւնը նորէն պարգեւելու համար եւ օգնելու մեզի՝ դէպի Զայն ձգտելու, Անոր, որ մեր կեանքին միակ ու իսկական գագաթն է, ու միակ նպատակակէտն է։ Յիսուս անգամ մը եւս կ՛անդրադառնայ կեղծաւորութեան մասին, մանաւանդ անոնց՝ որոնք կ՛ըսեն որ իր ընկերներն են, բայց իրականութեան մէջ Զինք չեն ճանչնար եւ ոչ ալ Զինք կը սիրեն։ Տիրոջ հետ ընկերութիւնը երբեք գործէն չ՛առանձնացուիր։ Ան որ Յիսուսին կը հետեւի, պէտք է որ մերժէ ամէն տեսակի անարդարութիւն եւ ամէն տեսակի կամայական մեղք իր վարքին մէջ։ Յիսուս չի կրնար իր բնակավայրը հաստատել անոր մէջ, կամ անոր՝ որ ճիգ չի թափեր անկեղծութեամբ ապրիլ՝ ըստ ողորմութեան օրէնքին։

Նախ, մենք այն պատկերացումն ունէինք, որ մարդիկ պիտի անցնին նեղ դռնէն, սակայն Յիսուս կ՛աւելցնէ, որ շատեր պիտի ըլլան, որոնք Արեւելքէն եւ Արեւմուտքէն, Հիւսիսէն եւ Հարաւէն պիտի գան որպէսզի Թագաւորութեան մէջ  տեղ գտնեն։ Ըսելու ձեւ մըն է, որ ամբողջ մարդկութիւնը փրկութեան համար կանչուած է։ Ոչ մէկուն արգիլուած է։ Նոնիսկ անոնք, որոնք Աւետարանին պատգամը չեն լսած, անոնք ալ Թագաւորութեան մէջ մտնելու հրաւիրուած են։ Յիսուս իսկապէս «Տիեզերք»ի Թագաւորն է։ Որեւէ մարդ, որ ճամբան կը հանդիպինք, Աստուծոյ աչքին՝ անտարբեր չէ։ Մեր հայեացքը ուրիշներուն վրայ պէտք է Աստուծմէ ներշնչում մը ըլլայ իւրաքանչիւրին վրայ, զորս իրենց կը ճանչնայ, իրենց կը կանչէ եւ կ՛օգնէ իրենց պատրաստուելու նեղ դռնէն անցնելու, լա՛ւ դռնէն անցնելու, արդարութեան եւ ողորմութեան դռնէն անցնելու։

Ուրեմն հետեւեալը կ՛ըսուի․ «Վերջինները առաջին պիտի ըլլան, եւ առաջինները՝ վերջին»։ Հակասութեան կամ ընդդիմախօսութեան հետ կապ չունի, բայց՝ Երկնային մանկավարժութեան հետ։ Աստուած, Ինք որ մեծ է, փոքրիկ եղաւ։ Ան, որ յայտնապէս խաչին վրայ ամէն ինչ կորսնցուց, սակայն իրականութեան մէջ՝ շահեցաւ։ Ուստի, անոնք որոնք կը թուին, որ Աստուծմէ հեռացած են, յաճախ անոնք են, որ Թագաւորութեան մէջ յառաջ կ՛անցնին։

«Քննէ ինծի, Աստուած իմ, պիտի գիտնաս իմ խորհուրդները, փորձէ ինծի, պիտի ճանչնաս իմ սիրտը, եւ ինծի յաւիտենականութեան ճանապառհին ուղղէ» (Սաղմոս 138։ 23-24)։

Այսօր, կ՛աղօթեմ իմ շուրջս գտնուող այն մարդոց համար, որոնք տակաւին Յիսուսին հետ ընկերութեան քաղցրութիւնը չեն ճաշակած։

Հայր Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/08/2019, 10:11