Որոնել

Սինյիս կազմակերպութենէ առնուած լուսանկար: Սինյիս կազմակերպութենէ առնուած լուսանկար: 

Ասիոյ կաթողիկէ լրագրողները . «միասնաբար աւետելու համար Աւետարանի արժէքները:»

Պիտի հռչակենք Բարի Լուրը, որովհետեւ մկրտեալներ ենք եւ առաքուած Տիրոջմէ:

«Սինյիս Ասիա»ի կազմակերպութեամբ, Քուալա Լամփուրի մէջ տեղի ունեցած է աւելի քան 12 երկիրներէ ժամանած 18 կաթողիկէ լրագրողներուն միջեւ հանդիպում մը, որուն նիւթը եղած է Խաղաղութեան լրագրութիւնը ախտային մշակոյթի մը ներքեւ:

Ունկնդրէ լուրը

Հանդիպումի կեդրոնական նիւթ հանդիսացած է Կաթողիկէ հաղորդագրութեան մարտահրաւէրները, ընկերային եւ քաղաքական դժուարին կացութեան մէջ եւ ունի իբրեւ նպատակ Խթանել Աւետարանի արժէքները եւ պայքարիլ սուտ լուրերուն ընդդէմ :

Կաթողիկէ միջազգային կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ գումարուած հանդիպումի աւարտին կաթողիկէ լրագրողները համատեղ յայտարարութեամբ մը նշած են հետեւեալը. 
«Պիտի հռչակենք բարի Լուրը, որովհետեւ մկրտեալներ ենք եւ առաքուած Տիրոջմէ: Պիտի մերժենք սխալ եւ սուտ լուրերու հրապարակումը եւ յանձնառու պիտի ըլլանք յարգելու աւետարանի ճշմարտութեան արժէքները՝ պարկեշտութեամբ, խոնարհութեամբ:

Նշենք, որ լրագրողներու հանդիպում նիւթը արձագանգն է ֆրանչիսկոս Պապին յառաջիկայ հոկտեմբեր ամիսը միսիոներական ամիս հռչակելուն, որուն նիւթն է «Մկրտեալներ եւ առաքուածներ. Քրիստոսին եկեղեցին աշխարհի մէջ առաքելութեան մէջ:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/08/2019, 12:15