Սրբուհի Մոնիքայի ծիսական տօն։
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
27 օգոստոսին, Կաթողիկէ եկեղեցին կը յիշատակէ՝ Սուրբ Օգոստինոսի մայր՝ Սրբուհի Մոնիքայի ծիսական տօնը։ Ան կեանքի դժուար պահերու ընթացքին գիտցաւ յարատեւել հաւատքի ուղեւորութեան մէջ, սորվելով ընդունիլ Աստուծոյ կամքը, ու այս մէկը կարողացաւ կատարել աղօթքի ուժով։ Ան իր ամուսինը առաջնորդեց ընկալելու քրիստոնէական հաւատքը եւ մօտիկ եղաւ ու ընկերացաւ իր զաւակներուն ուղեւորութեան, յատկապէս կրցեր զաւկին՝ Օգոստինոսին որ մոլորուած էր աշխարհի հաճոյքներով եւ որ շնորհիւ իր մօր աղօթքներուն ու միջամտութիւններուն, դարձի եկաւ ու ապրեցաւ սրբակեաց կեանք մը՝ ինքզինք ամբողջովին նուիրելով Աստուծոյ ծառայութեան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ